ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 29

Ասոնք են այն նամակին խօսքերը, որոնք Երեմիա մարգարէն Երուսաղէմէն ղրկեց գերիներէն մնացած ծերերուն, քահանաներուն եւ մարգարէներուն ու բոլոր ժողովուրդին, որոնք Նաբուգոդոնոսոր Երուսաղէմէն Բաբելոն քշեր էր,
2 Յեքոնիա թագաւորին եւ թագուհիին ու պալատականներուն, Յուդայի ու Երուսաղէմի իշխաններուն ու հիւսներուն եւ դարբիններուն Երուսաղէմէն ելլելէն ետքը,
3 Սափանի որդիին Եղիասային ու Քեղկիայի որդիին Գամարիային միջոցով (որոնք Յուդայի թագաւորը Սեդեկիա Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին Բաբելոն ղրկեր էր)։
4 «Այսպէս կ’ըսէ զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ բոլոր գերիներուդ, որոնք Երուսաղէմէն Բաբելոն քշել տուեր եմ.
5 ‘Տուներ շինեցէ՛ք ու բնակեցէ՛ք, պարտէզներ տնկեցէ՛ք ու անոնց պտուղը կերէ՛ք,
6 Կիներ առէ՛ք ու տղաքներ ու աղջիկներ ունեցէ՛ք ու ձեր տղոցը կիներ առէ՛ք եւ ձեր աղջիկները այրերու տուէ՛ք, որպես զի տղաքներ ու աղջիկներ ծնանին եւ հոդ բազմացէ՛ք ու մի՛ քիչնաք։
7 Այն քաղաքին խաղաղութիւնը փնտռեցէ՛ք, ուր ձեզ քշել տուեր եմ եւ անոր համար Տէրոջը աղօթք ըրէ՛ք, վասն զի անոր խաղաղութիւնովը ձեզի խաղաղութիւն պիտի ըլլայ’։
8 Քանզի զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր մէջ եղող ձեր մարգարէները ու ձեր բաղդ նայողները ձեզ թող չխաբեն եւ ձեր տեսած երազներուն մտիկ մի՛ ընէք։
9 Վասն զի իմ անունովս սուտ մարգարէութիւններ կ’ընեն ձեզի։ Ես զանոնք չղրկեցի’։
10 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Երբ Բաբելոնի եօթանասուն տարին լմննայ, ձեզի պիտի այցելեմ եւ ձեզ այս տեղ պիտի դարձնեմ եւ իմ բարի խոստումս պիտի կատարեմ։
11 Քանզի ձեզի համար ծրագիրս գիտեմ, կ’ըսէ Տէրը, ծրագիր մը բարօրութեան եւ ո՛չ չարիքի, ձեզի ապագայ մը եւ յոյս մը տալու։
12 Դուք ինծի պիտի կանչէք եւ պիտի երթաք ու ինծի աղօթք պիտի ընէք եւ ձեզի պիտի լսեմ։
13 Զիս պիտի փնտռէք եւ պիտի գտնէք, վասն զի ձեր բոլոր սրտովը պիտի խնդրէք զիս
14 Ու ես ձեզի պիտի երեւիմ’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Ձեզ գերութենէ ետ պիտի դարձնեմ ու ձեզ պիտի հաւաքեմ բոլոր ազգերէն ու այն բոլոր տեղերէն, ուր ձեզ ցրուեր էի’, կ’ըսէ Տէրը։ ‘Ձեզ պիտի դարձնեմ այն տեղը, ուրկէ ձեզ գերութեան քշել տուի’։
15 (Վասն զի դուք ըսիք թէ Տէրը մեզի Բաբելոնի մէջ մարգարէներ հանեց)։
16 Քանզի Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորին համար ու այս քաղաքին մէջ բնակող բոլոր ժողովուրդին համար ձեզի հետ գերութեան չգացող եղբայրներուն համար
17 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես անոնց մէջ պիտի ղրկեմ սուրը, սովն ու ժանտախտը եւ զանոնք խիստ գէշ թուզերու պէս պիտի ընեմ, որոնք գէշութենէն չեն ուտուիր
18 Ու զանոնք սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի հալածեմ եւ զանոնք նեղութիւն կրելու պիտի մատնեմ երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ ու զանոնք անէծքի, զարմանքի, սուլելու ու նախատինքի ենթակայ պիտի ընեմ այն բոլոր ազգերուն մէջ, ուր զանոնք պիտի քշեմ.
19 Որովհետեւ իմ խօսքերուս մտիկ չըրին’, կ’ըսէ Տէրը։ Երբ իմ ծառաներս՝ մարգարէները ձեզի ղրկեցի, կանուխ ելլելով, բայց դուք մտիկ չըրիք’։
20 Ուրեմն Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէք, ո՛վ բոլոր գերիներ, որոնք Երուսաղէմէն Բաբելոն ղրկեցի։
21 Իմ անունովս ձեզի սուտ մարգարէութիւն ընող Կովղիայի որդիին Աքաաբին վրայով ու Մաասիային որդիին Սեդեկիային վրայով զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես զանոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը պիտի տամ, որը զանոնք ձեր աչքերուն առջեւ պիտի զարնէ
22 Եւ Բաբելոն եղող Յուդայի բոլոր գերիներուն մէջ՝ այս անէծքը կը գործածուի. «Տէրը քեզ Բաբելոնի թագաւորին կրակի մէջ խորոված Սեդեկիային ու Աքաաբին պէս ընէ»։
23 Վասն զի Իսրայէլի մէջ անզգամութիւն գործեցին եւ իրենց ընկերներուն կիներուն հետ շնութիւն ըրին ու իմ անունովս սուտ խօսեցան, որոնք ես անոնց չհրամայեցի. բայց ես գիտեմ ու վկայ եմ, կ’ըսէ Տէրը’»։
24 Նեհելամացի Սեմայիային խօսէ՛ ու ըսէ՛,
25 Զօրքերու Տէրը, Իսրայէլի Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. «Քանի որ դուն Երուսաղէմ եղող բոլոր ժողովուրդին եւ Մաասիայի որդիին Սոփանիա քահանային ու բոլոր քահանաներուն քու անունովդ թուղթեր ղրկեցիր՝ ըսելով.
26 ‘Տէրը քեզ Յովիադա քահանային տեղ քահանայ դրաւ, որպէս զի Տէրոջը տանը վերակացու ըլլաս ու ամէն խելացնոր մարդ, որ զինք մարգարէ կը ձեւացնէ, կոճղի ու երկաթի մէջ դնես։
27 Հիմա ինչո՞ւ համար ձեզի մարգարէութիւն ընող Անաթովթացի Երեմիան չյանդիմանեցիր։
28 Վասն զի անիկա մեզի այսպէս նամակ ղրկեց Բաբելոն ու ըսաւ. «Այս գերութիւնը պիտի երկննայ. տուներ շինեցէ՛ք ու բնակեցէ՛ք, պարտէզներ տնկեցէ՛ք եւ անոնց պտուղը կերէ՛ք’»։
29 Սոփոնիան կարդաց այս թուղթը Երեմիա մարգարէին ականջներուն
30 Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
31 «Բոլոր գերիներուն լուր ղրկէ՛ ու ըսէ՛. Նեհելամացի Սեմայիային համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Որովհետեւ Սեմայիա ձեզի մարգարէութիւն ըրաւ, թէպէտեւ զանիկա ես չղրկեցի ու ձեզ մղեց որ ստութեան յուսաք,
32 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Նեհելամացի Սեմայիան ու անոր սերունդը պիտի պատժեմ. այս ժողովուրդին մէջ բնակող անոնցմէ մէկ մարդ պիտի չմնայ եւ իմ ժողովուրդիս ընելու բարիքս անիկա պիտի չտեսնէ, վասն զի Տէրոջը դէմ ապստամբութիւն յառաջացուց’»։