ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 37
Յովսիային որդին Սեդեկիա թագաւորը Յովակիմին որդիին Յեքոնիային տեղ թագաւորեց, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը Յուդայի վրայ թագաւոր դրաւ.
2 Բայց անիկա ու իր ծառաները ու երկրին ժողովուրդը Տէրոջը Երեմիա մարգարէին միջոցով ըսած խօսքերուն մտիկ չըրին։
3 Սեդեկիա թագաւորը Սեղեմիային որդին Յուքաղը ու Մաասիային որդին Սոփոնիա քահանան Երեմիա մարգարէին ղրկեց՝ ըսելով. «Շնորհք ըրէ՛, մեզի համար մեր Տէր Աստուծոյն աղօթք ըրէ՛»։
4 Այն ժամանակ Երեմիան ժողովուրդին մէջ կը մտնէր կ’ելլէր ու զանիկա տակաւին բանտը դրած չէին։
5 Եգիպտոսէն Փարաւոնին զօրքը եկաւ ու Երուսաղէմը պաշարող Քաղդէացիները երբ այդ լուրը լսեցին, Երուսաղէմէն քաշուեցան։
6 Տէրոջը խօսքը Երեմիա մարգարէին եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
7 Ինծի հարցնելու համար ձեզ ինծի ղրկող Յուդայի թագաւորին այսպէս ըսէք. ‘Ահա ձեզի օգնութեան համար եկող Փարաւոնին զօրքը իր երկիրը՝ Եգիպտոս պիտի դառնայ
8 Ու Քաղդէացիները պիտի դառնան եւ այս քաղաքին դէմ պատերազմ պիտի ընեն ու զանիկա պիտի առնեն եւ կրակով այրեն’։
9 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Մի՛ խաբէք ձեր անձերը՝ ըսելով թէ «Քաղդէացիները անշուշտ մեզմէ պիտի երթան», վասն զի պիտի չերթան.
10 Քանզի թէեւ ձեզի հետ պատերազմ ընող Քաղդէացիներու բոլոր զօրքը զարնէք եւ անոնցմէ միայն մէկ քանի վիրաւորուած մարդիկ մնան, նորէն անոնց ամէն մէկը իր վրանէն ելլելով՝ այս քաղաքը կրակով պիտի այրեն’»։
11 Ու երբ Քաղդէացիներու զօրքը Փարաւոնին զօրքին պատճառով Երուսաղէմին վրայէն քաշուեցան,
12 Երեմիա Երուսաղէմէն ելաւ, որ Բենիամինին երկիրը երթայ ու անկէ ժողովուրդին մէջ իր բաժինը առնէ։
13 Երբ անիկա Բենիամինին դուռն էր, հոն Անանիային որդիին Սեղեմիային որդին, Յերիա անունով ոստիկան մը կար։ Անիկա Երեմիա մարգարէն բռնեց ու ըսաւ. «Դուն Քաղդէացիներուն կողմը կ’անցնիս»։
14 Ու Երեմիա ըսաւ. ‘Սուտ է, ես Քաղդէացիներու կողմը չեմ անցնիր’։ Բայց ոստիկանը անոր մտիկ չըրաւ ու բռնեց Երեմիան ու զանիկա իշխաններուն տարաւ։
15 Իշխանները Երեմիային սրդողեցան ու զանիկա ծեծեցին եւ բանտարկեցին Յովնաթան դպիրին տանը մէջ. վասն զի այն տունը բանտ ըրեր էին։
16 Երեմիան բանտը ու խուցերուն մէջ մտաւ ու հոն երկար ատեն նստաւ։
17 Սեդեկիա թագաւորը մարդ ղրկեց, զանիկա առաւ։ Թագաւորը իր տանը մէջ գաղտուկ անոր հարցուց ու ըսաւ. «Արդեօք Տէրոջմէ խօսք մը կա՞յ»։ Երեմիա ըսաւ. «Կայ». նաեւ ըսաւ. «Դուն Բաբելոնի թագաւորին ձեռքը պիտի տրուիս»։
18 Երեմիա ըսաւ Սեդեկիա թագաւորին. «Քեզի կամ ծառաներուդ կամ այս ժողովուրդին դէմ ի՞նչ մեղք գործեցի, որ զիս բանտը դրիք։
19 Ո՞ւր են ձեր մարգարէները, որոնք ձեզի մարգարէութիւն ըրին ու ըսին. ‘Բաբելոնի թագաւորը ձեր վրայ ու այս երկրին վրայ պիտի չգայ’։
20 Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ տէր իմ թագաւոր, մտի՛կ ըրէ, թող իմ աղաչանքս քու առջեւդ ընդունելի ըլլայ ու զիս նորէն Յովնաթան դպիրին տունը մի՛ ղրկեր, որ հոն չմեռնիմ»։
21 Սեդեկիա թագաւորը հրամայեց ու Երեմիան բանտին գաւիթը դրին ու ամէն օր հացագործներուն փողոցէն մէկմէկ նկանակ հաց կու տային անոր, մինչեւ որ քաղաքին հացը բոլորովին հատաւ։ Երեմիան բանտին գաւիթին մէջ կը նստէր։