ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 17

Յուդային մեղքը երկաթէ գրիչով Ու ադամանդի ծայրով գրուած է։ Անոնց սրտին տախտակին վրայ Եւ անոնց սեղաններուն եղջիւրներուն վրայ փորուած է,
2 Որպէս զի անոնց տղաքը մտքերնին բերեն Անոնց սեղաններն ու անոնց Աստարովթի կուռքերը, Որոնք կանանչ ծառերուն քով բարձր բլուրներու վրայ շինուած էին։
3 Ո՛վ իմ լեռս՝ ՝, որ դաշտի մէջ ես, Քու ստացուածքդ, քու բոլոր գանձերդ, Բոլոր սահմաններուդ մէջ մեղքի համար շինուած բարձր տեղերդ Յափշտակութեան պիտի մատնեմ։
4 Դուն պիտի զրկուիս քու ժառանգութենէդ, որ քեզի տուի։ Անծանօթ երկրի մէջ Քու թշնամիներուդ ծառայ պիտի ընեմ քեզ, Վասն զի իմ բարկութեանս մէջ կրակ մը վառուեցաւ, Որ յաւիտեան պիտի բորբոքի»։
5 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Անիծեալ ըլլայ այն մարդը, որ մարդու կ’ապաւինի Ու մարմինը իրեն բազուկ կ’ընէ։ Որուն սիրտը Տէրոջմէն կը խոտորի։
6 Անիկա անապատի մէջ մոշենիի պէս պիտի ըլլայ Ու երբ աղէկութիւն գայ պիտի չտեսնէ Եւ անապատին այրուած տեղերը, Աղի ու անբնակ երկրի մէջ պիտի բնակի։
7 «Օրհնեալ ըլլայ այն մարդը, որ Տէրոջը կ’ապաւինի Ու որուն յոյսը Տէրն է։
8 Անիկա ջուրերուն քով տնկուած ծառի պէս պիտի ըլլայ, Որ իր արմատները գետի քով երկնցնելով՝ Տաքութեան գալը չի տեսներ. Հապա անոր տերեւը կանանչ կ’ըլլայ Ու երաշտութեան տարին նեղութիւն չի քաշեր Ու միշտ պտուղ պիտի տայ»։
9 Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, Զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ։
10 «Ես՝ Տէրս՝ միտքը կը քննեմ, Սրտերը կը փորձեմ, Որպէս զի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ Ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ»։
11 Անիրաւութեամբ հարստութիւն դիզողը՝ Իր չածած հաւկիթներով թուխսի նստող կաքաւի պէս է։ Զանիկա իր օրերուն կիսուն պիտի թողու Ու վերջը անմիտ պիտի ըլլայ։
12 Մեր սրբարանին տեղը Սկիզբէն փառաւոր ու բարձր աթոռ է։
13 Ով Տէր՝ Իսրայէլի յոյսը՝ Անոնք, որ քեզ կը թողուն, պիտի ամչնան, Քեզմէ հեռացողները երկրի հողին վրայ պիտի գրուին, Վասն զի Տէրը՝ կեանքի ջուրին աղբիւրը՝ թողուցին։
14 Ո՛վ Տէր, զիս բժշկէ՛ ու պիտի բժշկուիմ, Զիս փրկէ՛ ու պիտի փրկուիմ. Վասն զի իմ պարծանքս դո՛ւն ես։
15 Ահա անոնք ինծի կ’ըսեն. «Տէրոջը խօսքը ո՞ւր է. հիմա թող գայ»։
16 Բայց ես քու ետեւէդ՝ հովիւ ըլլալէն չփախայ Ու չարիքի օրուան չցանկացի, ինչպէս դուն գիտես. Իմ շրթունքներէս ելածը քու առջեւդ էր։
17 Ինծի արհաւիրք մի՛ ըլլար. Նեղութեանս օրը իմ ապաւէնս դուն ես։
18 Զիս հալածողները թող ամչնան, բայց ես պիտի չամչնամ. Թող անոնք զարհուրին, բայց ես պիտի չզարհուրիմ. Անոնց վրայ թշուառութեան օրը բեր Եւ զանոնք կրկին կոտորածով կոտորէ։
19 Տէրը այսպէս ըսաւ ինծի. «Գնա՛ ժողովուրդին որդիներուն դուռը, ուրկէ Յուդայի թագաւորները կը մտնեն ու կ’ելլեն ու Երուսաղէմի դռները կայնէ՛
20 Եւ անոնց ըսէ՛. ‘Յուդայի թագաւորներ ու բոլոր Յուդա եւ Երուսաղէմի բոլոր բնակիչներ, որ այս դռներէն կը մտնէք, Տէրոջը խօսքին մտիկ ըրէ՛ք. Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
21 Ձեր անձերուն զգուշութիւն ըրէ՛ք եւ շաբաթ օրը բեռ մի՛ վերցնէք ու Երուսաղէմի դռներէն ներս մի՛ բերէք։
22 Շաբաթ օրը ձեր տուներէն դուրս բեռ մը մի՛ հանէք ու գործ մը մի՛ ընէք. հապա շաբաթ օրը սուրբ պահեցէ՛ք, ինչպէս ձեր հայրերուն պատուիրեցի.
23 Բայց անոնք մտիկ չըրին ու ականջնին չծռեցին, հապա իրենց պարանոցը խստացուցին, որպէս զի մտիկ չընեն ու խրատ չընդունին։
24 Իսկ եթէ ուշադրութեամբ ինծի մտիկ ընէք, կ’ըսէ Տէրը ու շաբաթ օրը այս քաղաքին դռներէն ներս բեռ չբերէք ու շաբաթ օրը սուրբ պահէք՝ անոր մէջ բնաւ գործ չընէք,
25 Այն ատեն Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորներն ու իշխանները, կառքերու ու ձիերու վրայ հեծած, այս քաղաքին դռներէն պիտի մտնեն, իրենք եւ իրենց իշխանները, Յուդայի մարդիկը եւ Երուսաղէմի բնակիչները ու այս քաղաքը յաւիտեան պիտի մնայ։
26 Եւ Յուդայի քաղաքներէն ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերէն ու Բենիամինի երկրէն եւ դաշտերէն ու լեռներէն ու հարաւէն պիտի գան եւ ողջակէզ ու զոհ եւ հացի ընծայ ու կնդրուկ պիտի բերեն եւ Տէրոջը տունը շնորհակալութեան ընծաներ պիտի բերեն։
27 Բայց եթէ շաբաթ օրը սուրբ պահելու, շաբաթ օրը բեռ չվերցնելու եւ Երուսաղէմի դռներէն ներս չմտնելու պատուէրին մտիկ չընէք, ես ալ անոր դռներուն մէջ կրակ պիտի վառեմ եւ ան պիտի ուտէ Երուսաղէմի պալատները եւ պիտի չմարի»։