ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 15
Տէրը ինծի ըսաւ. «Եթէ Մովսէսն ու Սամուէլն ալ իմ առջեւս կայնէին, Նորէն ժողովուրդին վրայ հաճութիւն պիտի չունենայի։ Զանոնք առջեւէս վռնտէ ու թող դուրս ելլեն։
2 Եւ եթէ քեզի՝ ‘Ո՞ւր ելլենք’ ըսեն, Այն ատեն անոնց ըսէ. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Մահուան համար որոշուածները՝ մահուան, Սուրի համար որոշուածները՝ սուրի, Սովի համար որոշուածները՝ սովի Ու գերութեան համար որոշուածները գերութեան թող ելլեն’։
3 «Անոնց վրայ չորս տեսակ պատիժ պիտի ղրկեմ, կ’ըսէ Տէրը. Մեռցնելու համար՝ սուրը, Պատառելու համար՝ շուները, Ուտելու ու ապականելու համար՝ Երկնքի թռչուններն ու երկրի գազանները։
4 Զանոնք, նեղութիւն կրելու համար, Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն ձեռքը պիտի մատնեմ, Յուդայի թագաւորին Եզեկիային որդիին Մանասէին պատճառով եւ Երուսաղէմի մէջ անոր ըրած բաներուն համար։
5 «Ո՞վ քեզի պիտի խնայէ, ո՛վ Երուսաղէմ Ու ո՞վ քեզի ցաւակից պիտի ըլլայ, Քու որպիսութիւնդ հարցնելու համար ո՞վ պիտի գայ»։
6 «Դուն զիս թողուցիր, կ’ըսէ Տէրը ու ետ գացիր. Ես ալ իմ ձեռքս քու վրադ պիտի երկնցնեմ եւ քեզ պիտի կորսնցնեմ. Քեզի գթալէն ձանձրացայ։
7 Զանոնք երկրին դռներուն մէջ պիտի հոսեմ իբր թէ հեծանոցով. Իմ ժողովուրդս անզաւակ պիտի թողում եւ պիտի կորսնցնեմ, Վասն զի անոնք իրենց ճամբաներէն չդարձան։
8 Անոնց որբեւարիները ծովուն աւազէն աւելի շատցուցի իմ առջեւս. Անոնց վրայ ու երիտասարդին՝ ՝ մօրը վրայ Կէսօրուան ատեն աւարառու բերի. Անոր վրայ յանկարծ արհաւիրք ու սոսկում ձգեցի։
9 Եօթը զաւակ ծնանողը նուաղեցաւ, Իր հոգին աւանդեց, Ցորեկը անոր արեւը մարը մտաւ. Անիկա ամչցաւ ու նախատուեցաւ Եւ անոնց մնացորդը իրենց թշնամիներուն առջեւ Սուրի պիտի մատնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
10 Վա՜յ ինծի, ո՛վ մայրս, Որ զիս բոլոր երկրի համար Կռիւի մարդ ու վէճի մարդ ծնար. Ո՛չ ես շահով ստակ տուի, Ո՛չ ալ ինծի շահով ստակ տուին, Սակայն ամէնքը զիս կ’անիծեն։
11 Տէրը կ’ըսէ. «Անշո՛ւշտ քեզ պիտի ազատեմ Ու երջանիկ պիտի ըլլաս։ Անշո՛ւշտ նեղութեան ու տառապանքի ժամանակ Թշնամիիդ քեզի աղաչել պիտի տամ։
12 Մէկը կրնա՞յ կոտրել երկաթը, ան ալ հիւսիսային երկաթը եւ պղինձը։
13 Քու բոլոր մեղքերուդ համար՝ բոլոր սահմաններուդ մէջ Քու ստացուածքդ ու գանձերդ ձրիապէս յափշտակութեան պիտի մատնեմ։
14 Անծանօթ երկրին մէջ թշնամիներուդ ծառայ պիտի ընեմ քեզ, Վասն զի իմ բարկութենէս կրակ վառեցաւ, Որը ձեր վրայ պիտի բորբոքի»։
15 Ո՛վ Տէր, դուն իմ վիճակս գիտես. Զիս յիշէ՛ եւ ինծի այցելութիւն ըրէ՛ Ու իմ հալածիչներէս իմ վրէժս ա՛ռ. Քու երկայնամտութեամբդ զիս մի՛ վերցներ. Յիշէ՛ թէ քեզի համար նախատինք կրեցի։
16 Ես քու խօսքերդ գտածիս պէս՝ զանոնք կերայ։ Քու խօսքդ իմ սրտիս ցնծութիւն եւ ուրախութիւն եղաւ. Վասն զի քու անունովդ կոչուեցայ, Ո՛վ զօրքերու Տէր Աստուած։
17 Ծաղր ընողներուն ժողովին մէջ չնստեցայ ու չզուարճացայ. Քու ձեռքդ իմ վրաս ըլլալուն համար առանձին նստեցայ, Վասն զի քու բարկութիւնովդ զիս լեցուցած էիր։
18 Ինչո՞ւ իմ ցաւս՝ մշտնջենաւոր Եւ իմ վէրքս անդարմանելի է Եւ բժշկուիլ չուզեր։ Դուն ինծի բոլորովին նենգ Ու անհաւատարիմ ջուրերու պէ՞ս պիտի ըլլաս։
19 Անոր համար Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Եթէ դառնաս՝ ես քեզ պիտի վերականգնեմ Ու իմ առջեւս պիտի կայնիս։ Եթէ պատուականը անարգէն զատես, Իմ բերնիս պէս պիտի ըլլաս։ Անոնք քեզ պիտի դառնան, Բայց դուն անոնց մի՛ դառնար։
20 Քեզ այս ժողովուրդին՝ պղնձէ ամուր պարիսպի պէս պիտի ընեմ։ Քեզի հետ պիտի պատերազմին, Բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. Վասն զի ես քեզի հետ եմ՝ Քեզ փրկելու ու ազատելու համար
21 Եւ քեզ չարերուն ձեռքէն պիտի ազատեմ Ու բռնաւորներուն ձեռքէն պիտի փրկեմ», կ’ըսէ Տէրը։