ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 27
Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեդեկիային թագաւորութեան սկիզբը Տէրոջը կողմէ Երեմիային այս խօսքը եղաւ՝ ըսելով. Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ.
2 «Քեզի կապեր ու լուծեր շինէ՛ ու զանոնք պարանոցիդ վրայ դիր։
3 Զանոնք Երուսաղէմ Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին եկող դեսպաններուն ձեռքով Եդովմի թագաւորին ու Մովաբի թագաւորին ու Ամմոնին որդիներուն թագաւորին եւ Տիւրոսի թագաւորին ու Սիդոնի թագաւորին ղրկէ՛։
4 Անոնց պատուէր տո՛ւր իրենց տէրերուն համար ու ըսէ. ‘Զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ձեր տէրերուն այսպէս ըսէք.
5 «Ես իմ զօրութիւնովս ու երկնցած բազուկովս երկիրը, մարդը ու երկրին երեսին վրայ եղող անասունները ստեղծեցի եւ զանիկա կու տամ, որու որ իմ աչքիս առջեւ հաճոյ երեւնայ տալ։
6 Եւ հիմա այս բոլոր երկիրները ես իմ ծառայիս, Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ձեռքը կու տամ ու դաշտի գազաններն ալ անոր կու տամ, որպէս զի անոր ծառայութիւն ընեն։
7 Բոլոր ազգերը ծառայութիւն պիտի ընեն անոր ու անոր որդիին ու անոր որդիին որդիին, մինչեւ անոր երկրին ժամանակն ալ հասնի ու շատ ազգեր ու մեծ թագաւորներ զանիկա ալ իրենց ծառայ ընեն։
8 Բայց այն ազգը կամ թագաւորութիւնը, որ Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին ծառայութիւն չ’ըներ ու իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ չի դներ, այն ազգը սուրով, սովով ու ժանտախտով պիտի պատժեմ, մինչեւ զանոնք անոր ձեռքով հատցնեմ»’»։
9 «Դուք մտիկ մի՛ ընէք ձեր մարգարէներուն, բաղդ նայողներուն, երազատեսներուն, գուշակողներուն ու կախարդներուն, որոնք ձեզի կ’ըսեն՝ ‘Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք’.
10 Քանզի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ձեր երկրին վրայէն ձեզ հեռացնեն ու ես ձեզ վռնտեմ ու կորսուիք։
11 Բայց իր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դնող եւ անոր ծառայութիւն ընող ազգը անշուշտ իր երկրին վրայ հանգիստ պիտի թողում, կ’ըսէ Տէրը ու պիտի մշակէ զանիկա ու անոր մէջ պիտի բնակի»։
12 Յուդայի Սեդեկիա թագաւորին ալ այս բոլոր խօսքերուն համեմատ ըսի. «Ձեր պարանոցը Բաբելոնի թագաւորին լուծին տակ դրէ՛ք եւ անոր ու անոր ժողովուրդին ծառայութիւն ըրէ՛ք, որպէս զի ապրիք։
13 Ինչո՞ւ համար դուն ու քու ժողովուրդդ սուրով, սովով ու ժանտախտով մեռնիք, ինչպէս Տէրը Բաբելոնի թագաւորին ծառայութիւն չընող ազգին համար ըսաւ։
14 Դուք մտիկ մի՛ ընէք այն մարգարէներուն խօսքերուն, որոնք ձեզի կ’ըսեն. ‘Բաբելոնի թագաւորին ծառայ պիտի չըլլաք’, վասն զի անոնք ձեզի սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն.
15 Քանզի ‘Ես զանոնք չղրկեցի, կ’ըսէ Տէրը, հապա անոնք իմ անունովս սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն, որպէս զի ես ձեզ վռնտեմ եւ դուք ու ձեզի մարգարէութիւն ընող մարգարէները կորսուիք’»։
16 Ես քահանաներուն եւ այս բոլոր ժողովուրդին ըսի. Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ձեր մարգարէներուն խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք, որոնք ձեզի մարգարէութիւն կ’ընեն՝ ըսելով. ‘Ահա Տէրոջը տանը անօթները մօտերս Բաբելոնէն ետ պիտի բերուին’, քանզի անոնք սուտ մարգարէութիւն կ’ընեն ձեզի։
17 Անոնց մտիկ մի՛ ընէք։ Բաբելոնի թագաւորին ծառայեցէ՛ք, որպէս զի ապրիք. ինչո՞ւ այս քաղաքը աւերակ ըլլայ։
18 Բայց եթէ անոնք մարգարէներ են ու եթէ անոնց քով Տէրոջը խօսքը կայ, թող հիմա զօրքերու Տէրոջը աղօթք ընեն, որպէս զի Տէրոջը տանը մէջ եւ Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթները Բաբելոն չտարուին»։
19 Վասն զի զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Սիւներուն ու ծովին եւ մեքենովթներուն ու այս քաղաքին մէջ մնացած անօթներուն համար,
20 Որոնք Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը չառաւ, երբ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի ու Երուսաղէմի բոլոր ազնուականները Երուսաղէմէն Բաբելոն գերի տարաւ.
21 Նաեւ Տէրոջը տանը մէջ եւ Յուդայի թագաւորին տանը մէջ ու Երուսաղէմի մէջ մնացած անօթներուն համար՝
22 Անոնք Բաբելոն պիտի տարուին եւ հոն պիտի մնան մինչեւ այն օրը երբ անոնց այցելութիւն ընեմ, կ’ըսէ Տէրը. ետքը զանոնք պիտի հանեմ ու այս տեղ պիտի դարձնեմ»։