ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 50

Բաբելոնի վրայով, Քաղդէացիներու երկրին վրայով, Երեմիա մարգարէին միջոցով Տէրոջը ըսած խօսքը։
2 «Ազգերուն մէջ պատմեցէ՛ք. Հրատարակեցէ՛ք ու դրօշ վերցուցէ՛ք. Հրատարակեցէ՛ք ու մի՛ ծածկէք ու ըսէ՛ք՝ ‘Բաբելոնը առնուեցաւ, Բէլը ամչցաւ, Մարովդաքը կոտրեցաւ, Անոր արձանները ամչցան, Անոր կուռքերը կոտրտեցան’.
3 Վասն զի անոր վրայ հիւսիսէն ազգ մը ելաւ, Որը անոր երկիրը աւերակ պիտի ընէ Ու հոն բնակիչ պիտի չմնայ. Մարդէ մինչեւ անասուն պիտի փախչին երթան»։
4 «Այն օրերը ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլին որդիները, իրենք ու Յուդային որդիները, մէկտեղ պիտի գան, Քալելով ու լալով պիտի գան Եւ իրենց Տէր Աստուածը պիտի փնտռէն։
5 Սիօնի համար պիտի հարցնեն՝ Իրենց երեսը դէպի հոն դարձնելով. ‘Եկէ՛ք ու Տէրոջը յարի՛նք Յաւիտենական ու անմոռաց ուխտով մը’։
6 «Իմ ժողովուրդս կորսուած ոչխարներու պէս եղաւ, Իրենց հովիւները զանոնք մոլորեցուցին։ Զանոնք լեռներու վրայ պտըտցուցին։ Անոնք ալ լեռնէ լեռ ու բլուրէ բլուր գացին Ու իրենց մակաղատեղին մոռցան։
7 Բոլոր գտնողները զանոնք կերան Ու անոնց թշնամիները ըսին՝ ‘Մենք յանցանք չունինք, Վասն զի անոնք արդարութեան բնակարան եղող Տէրոջը դէմ Ու իրենց հայրերուն յոյսը եղող Տէրոջը դէմ մեղք գործեցին’։
8 «Բաբելոնէն փախէ՛ք Ու Քաղդէացիներու երկրէն ելէք Եւ հօտերուն առջեւէն գացող նոխազներուն պէս եղէ՛ք։
9 Քանզի ահա ես Բաբելոնի վրայ Հիւսիսի երկրէն մեծ ազգերու խումբ մը Պիտի արթնցնեմ ու հանեմ։ Անոր առջեւ գունդերով պիտի շարուին Եւ ան պիտի առնուի։ Անոնց նետերը, յաջողակ պատերազմողի նետերու պէս Պարապ պիտի չդառնան։
10 Եւ Քաղդէացիներու երկիրը պիտի կողոպտուի Ու զանիկա թալլողները պիտի կշտանան», կ’ըսէ Տէրը։
11 «Որովհետեւ դուք ուրախացաք ու խնդացիք, Ո՛վ իմ ժառանգութեանս կողոպտիչներ, Կանանչ խոտերու մէջ արածուող՝ ՝ երինջի պէս ցատկեցէ՛ք Ու երիվարներու պէս վրնջեցէ՛ք։
12 Ձեր մայրը խիստ ամչցաւ. Ձեզ ծնանողը շնորհազուրկ եղաւ։ Ահա անիկա ազգերուն յետինը, Անապատ, անջրդի ու ամայի պիտի ըլլայ։
13 Տէրոջը բարկութեանը պատճառով հոն մարդ պիտի չբնակի, Բոլորովին ամայի պիտի ըլլայ։ Ով որ Բաբելոնի քովէն անցնի՝ Անոր հարուածներուն վրայ Պիտի զարմանայ ու պիտի սուլէ։
14 Բաբելոնի շուրջը շարուեցէ՛ք, Ո՛վ աղեղ լարողներ, Անոր նետեցէ՛ք, նետին մի՛ խնայէք, Քանզի անիկա Տէրոջը դէմ մեղք գործեց։
15 Անոր շուրջը աղաղակ բարձրացուցէ՛ք. Անիկա անձնատուր եղաւ, Անոր հիմերը կործանուեցան, Անոր պարիսպները աւերուեցան, Վասն զի ասիկա Տէրոջը վրէժխնդրութիւնն է։ Անկէ վրէժ առէ՛ք, Անոր իր ըրածին պէս ըրէ՛ք։
16 Բաբելոնէն սերմանողը ու հունձքի ժամանակ մանգաղ բռնողը կոտորեցէ՛ք. Բռնաւորին սուրին երեսէն Ամէն մարդ իր ժողովուրդին պիտի դառնայ Ու ամէն մարդ իր երկիրը պիտի փախչի։
17 «Իսրայէլ մոլորեալ ոչխար մըն է, Առիւծներէն հալածուած. Նախ Ասորեստանի թագաւորը զանիկա կերաւ Ու ետքը Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը անոր ոսկորները կրծեց։
18 Ասոր համար զօրքերու Տէրը, Իսրայէլին Աստուածը, այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես Բաբելոնի թագաւորին ու անոր երկրին վրայ պատուհաս պիտի բերեմ, Ինչպէս Ասորեստանի թագաւորին ըրի։
19 Եւ Իսրայէլը իր բնակարանը պիտի դարձնեմ Ու Կարմեղոսի եւ Բասանի մէջ պիտի արածի Ու անոր հոգին Եփրեմի լերանը վրայ Ու Գաղաադի վրայ պիտի կշտանայ’։
20 Այն օրերն ու այն ժամանակը, կ’ըսէ Տէրը, Իսրայէլի մէջ անօրէնութիւն պիտի փնտռուի, Բայց անօրէնութիւն պիտի չըլլայ Եւ Յուդայի մէջ մեղքեր պիտի փնտռուին, Բայց պիտի չգտնուին. Վասն զի պիտի ներեմ անոնց մեղքը, որոնք իբր մնացորդ պահած եմ»։
21 Մերաթայիմի երկրին վրայ Եւ Փակուդի բնակիչներուն վրայ ելի՛ր, Զանոնք աւերէ՛ Ու նզովուածի պէս բնաջինջ ըրէ՛, կ’ըսէ Տէրը Եւ քեզի պատուիրածիս պէս ըրէ՛։
22 Երկրին մէջ պատերազմի ձայն Ու մեծ կոտորած կայ։
23 Բոլոր երկրին մուրճը ի՜նչպէս կոտրուեցաւ ու փշրուեցաւ։ Բաբելոն ազգերուն մէջ ի՜նչպէս աւերակ եղաւ։
24 Քեզի որոգայթ լարեցի ու բռնուեցար, ո՛վ Բաբելոն, Բայց դուն չգիտցար։ Գտնուեցար ու ձեռքը անցար, Վասն զի Տէրոջը դէմ մաքառեցար։
25 Տէրը իր զինարանը բացաւ Ու իր բարկութեան զէնքերը հանեց, Քանզի Քաղդէացիներու երկրին մէջ Զօրքերու Տէր Եհովան կատարելիք գործ մը ունի։
26 Երկրի ծայրէն անոր վրայ եկէ՛ք, Անոր շտեմարանները բացէ՛ք, Զանիկա շեղջերու պէս դիզեցէ՛ք Ու նզովուածի պէս զանիկա բնաջինջ ըրէ՛ք. Անկէ մնացորդ մի՛ թողուք։
27 Անոր բոլոր զուարակները կորսնցուցէ՛ք, Թող անոնք սպանդանոցը իջնեն։ Վա՜յ անոնց, քանզի անոնց օրը, Անոնց պատուհասի ժամանակը հասած է։
28 Բաբելոնի երկրէն փախչողներուն ու ազատուածներուն ձայնը կու գայ, Որպէս զի մեր Տէր Աստուծոյն վրէժխնդրութիւնը, Անոր տաճարին վրէժխնդրութիւնը, Սիօնի մէջ պատմէ։
29 «Բաբելոնի վրայ աղեղնաւորներ կանչեցէ՛ք. Ո՛վ բոլոր աղեղ լարողներ, Անոր բոլորտիքը բանակեցէ՛ք. Չըլլայ թէ մարդ մը ազատի։ Անոր իր գործերուն համեմատ հատուցում ըրէք։ Անոր իր ամէն ըրածին պէս ըրէ՛ք. Վասն զի անիկա Տէրոջը դէմ՝ Իսրայէլին Սուրբին դէմ՝ հպարտացաւ։
30 Ուստի անոր կտրիճները իր հրապարակներուն մէջ պիտի իյնան Եւ անոր բոլոր պատերազմիկները Այն օրը բնաջինջ պիտի ըլլան», կ’ըսէ Տէրը։
31 «Ահա ես քեզի դէմ եմ, ո՛վ հպարտ, Կ’ըսէ զօրքերու Տէր Եհովան, Քանզի քու օրդ, քեզ պատուհասելու ժամանակը հասած է։
32 Հպարտը գլորուելով պիտի իյնայ Ու մէ՛կը պիտի չըլլայ, որ զանիկա վերցնէ։ Անոր քաղաքներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ, Որ անոր բոլոր շրջակայ տեղերը ուտէ»։
33 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Իսրայէլի որդիները ու Յուդայի որդիները մէկտեղ զրկանք կրեցին Ու անոնց բոլոր գերեվարները զանոնք բռնեցին Ու չեն ուզեր զանոնք արձակել։
34 Անոնց Փրկիչը զօրաւոր է, Անոր անունը Զօրքերու Տէր է. Անիկա անշուշտ անոնց դատին ջատագով պիտի ըլլայ, Որպէս զի երկրին հանգստութիւն տայ Ու Բաբելոնի բնակիչները խռովեցնէ։
35 Տէրը կ’ըսէ թէ Քաղդէացիներուն վրայ Ու Բաբելոնի բնակիչներուն վրայ Եւ անոր իշխաններուն ու իմաստուններուն վրայ սուր պիտի գայ։
36 Ստախօսներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի խենդենան։ Անոր կտրիճներուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի զարհուրին։
37 Անոր ձիերուն ու կառքերուն վրայ Եւ անոր մէջ եղող բոլոր խառնիճաղանճ բազմութեանը վրայ սուր պիտի գայ Ու կիներու պէս պիտի ըլլան։ Անոր գանձերուն վրայ սուր պիտի գայ ու պիտի յափշտակուին։
38 Անոր ջուրերուն վրայ չորութիւն պիտի գայ ու պիտի ցամքին։ Քանզի անիկա կուռքերու երկիր է Ու իրենց կուռքերովը կը յիմարանան։
39 Անոր համար հոն վայրենի կատուներ ու բորենիներ պիտի բնակին Ու հոն ջայլամներ պիտի բնակին։ Եւ հոն անգամ մըն ալ մարդ պիտի չբնակի Ու ազգէ ազգ հոն բնակիչ պիտի չըլլայ։
40 Աստուծոյ կործանած Սոդոմին ու Գոմորին Եւ անոր շրջակայ քաղաքներուն պէս, կ’ըսէ Տէրը, Հոն ա՛լ մարդ պիտի չնստի Եւ անոր մէջ մարդու զաւակ պիտի չբնակի։
41 «Ահա հիւսիսէն ժողովուրդ մը պիտի գայ Ու մեծ ազգ մը եւ շատ թագաւորներ Երկրի ծայրերէն պիտի արթննան։
42 Անոնք աղեղ ու նիզակ կը կրեն, Անոնք անգութ ու անողորմ են։ Անոնց ձայնը ծովու պէս կը գոռայ Եւ անոնք ձիերու վրայ կը հեծնեն Ու պատերազմող մարդու պէս Քեզի դէմ կը շարուին, ո՛վ Բաբելոնի աղջիկ։
43 Երբ Բաբելոնի թագաւորը այս լուրը լսեց, Անոր ձեռքերը թուլցան. Նեղութիւնը շրջապատեց զանիկա Ծննդական կնոջ երկունքին պէս։
44 Ահա անիկա առիւծի պէս ամուր բնակարանի վրայ պիտի ելլէ Յորդանանի ջուրերուն յորդելէն։ Բայց անոր վրայէն շուտով պիտի փախցնեմ զանոնք։ Ո՞վ է այն ընտրեալը, որ անոր վրայ դնեմ. Վասն զի ինծի նման ո՞վ կայ։ Ինծի հետ ո՞վ պիտի վիճաբանի. Ո՞վ է այն հովիւը, որ իմ առջեւս պիտի կենայ։
45 Անոր համար Բաբելոնի վրայով ունեցած Տէրոջը խորհուրդը Ու Քաղդէացիներու երկրին վրայ ունեցած մտածումը լսեցէ՛ք. Հօտին ամենէն պզտիկը անպատճառ պիտի քշէ զանոնք. Անշուշտ անոնց բնակարանները իրենց հետ պիտի աւերէ։
46 Բաբելոնի առնուելու ձայնէն երկիրը կը շարժի Ու ազգերուն մէջ աղաղակ կը լսուի»։