ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 33
Տէրոջը խօսքը երկրորդ անգամ Երեմիային եղաւ, երբ անիկա տակաւին բանտին գաւիթին մէջ արգելափակուած էր.
2 «Այսպէս կ’ըսէ Տէրը, այս քաղաքը շինող Տէրը, որ զանիկա հաստատելու համար զանիկա ստեղծեց, որուն անունը Եհովա է.
3 Ինծի կանչէ՛ ու քեզի պատասխան տամ եւ քեզի մեծ ու խորհրդաւոր բաներ պատմեմ, որոնք դուն չես գիտեր։
4 Վասն զի այս քաղաքին ու Յուդայի թագաւորներուն տուներուն համար, որոնց պատնէշներն ու ամրոցները փլած են, Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
5 Քաղդէացիներուն դէմ՝ ՝ պատերազմ ընելու կու գան։ Այն տուները մեռած մարդոց դիակներովը պիտի լեցուին, որոնք իմ բարկութիւնովս ու սրտմտութիւնովս պիտի զարնեմ. վասն ես այս քաղաքէն իմ երեսս ծածկեցի՝ իրենց բոլոր չարութեանը համար։
6 Ահա անոր առողջութիւն ու բժշկութիւն պիտի բերեմ ու զանոնք պիտի բժշկեմ եւ խաղաղութեան ու բարօրութեան առատութիւնը անոնց պիտի յայտնեմ։
7 Յուդան գերութենէ ու Իսրայէլը գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք առաջուան պէս պիտի հաստատեմ։
8 Անոնց ինծի դէմ գործած բոլոր անօրէնութենէն զանոնք պիտի սրբեմ ու անոնց ինծի դէմ ըրած բոլոր անօրէնութիւններն ու յանցանքները պիտի ներեմ։
9 Ասիկա ինծի ուրախութեան անուն, փառք ու պարծանք պիտի ըլլայ երկրի բոլոր ազգերուն մէջ, որոնք պիտի լսեն այն բարութիւնները, որ ես անոնց պիտի ընեմ եւ պիտի վախնան ու դողան այն բարութեան ու յաջողութեանը համար, որ ես այս քաղաքին պիտի ընեմ»։
10 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որուն համար դուք կ’ըսէք թէ ‘Մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է’ եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի փողոցներուն մէջ, որոնք անմարդ ու անբնակ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ ամայացած են, նորէն պիտի լսուի
11 Ցնծութեան ձայն եւ ուրախութեան ձայն, փեսայի ձայն ու հարսի ձայն. նաեւ անոնց ձայնը, որոնք Տէրոջը տունը գոհութեան ընծաներ բերելով՝ կ’ըսեն. ‘Գոհացէ՛ք զօրքերու Տէրոջմէն, վասն զի Տէրը բարի է, վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է’. քանզի այս երկրին գերիները իրենց առաջուան վիճակին պիտի դարձնեմ», կ’ըսէ Տէրը։
12 Զօրքերու Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Այս տեղին մէջ, որ մարդէ ու անասունէ զուրկ ըլլալով՝ անապատ դարձած է անոր բոլոր քաղաքներուն մէջ նորէն հօտեր պառկեցնող հովիւներու բնակարաններ պիտի ըլլան.
13 Լեռնային քաղաքներուն մէջ, դաշտային քաղաքներուն մէջ ու հարաւային քաղաքներուն մէջ եւ Բենիամինի երկրին մէջ ու Երուսաղէմի շրջակայ տեղերը եւ Յուդայի քաղաքներուն մէջ հօտերը դարձեալ զիրենք համրողին ձեռքէն պիտի անցնին», կ’ըսէ Տէրը։
14 «Ահա օրեր պիտի գան, կ’ըսէ Տէրը, որ Իսրայէլի տանը համար եւ Յուդայի տանը ըրած խոստումս պիտի կատարեմ։
15 Այն օրը ու այն ժամանակը Դաւիթէն արդարութեան շառաւիղ մը պիտի բուսցնեմ եւ անիկա երկրի վրայ իրաւունք ու արդարութիւն պիտի ընէ։
16 Այն օրերը Յուդան պիտի ազատի ու Երուսաղէմը ապահովութեամբ պիտի բնակի եւ այս է անոր անունը որով պիտի կոչուի. ‘Տէրը Մեր Արդարութիւնը’։
17 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Դաւիթէն Իսրայէլի տանը աթոռին վրայ նստող մարդ պակաս պիտի չըլլայ
18 Ու Ղեւտացի քահանաներէն ողջակէզ, հացի ընծայ ու զոհ մատուցանող մարդ յաւիտեան պակաս պիտի չըլլայ իմ առջեւս»։
19 Եւ Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով, Տէրը այսպէս կ’ըսէ.
20 «Եթէ ցորեկուան ուխտս ու գիշերուան ուխտս կրնաք աւրել, որ ցորեկը եւ գիշերը իրենց ժամանակովը չըլլան,
21 Իմ ծառայիս Դաւիթին հետ ունեցած ուխտս ալ պիտի աւրուի, որ իր աթոռին վրայ թագաւորութիւն ընելու որդի չունենայ. նոյնպէս ալ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացի քահանաներուն հետ ունեցած ուխտս։
22 Ինչպէս երկնքի զօրքերը չեն համրուիր ու ծովուն աւազը չի չափուիր, իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդը եւ ինծի ծառայութիւն ընող Ղեւտացիները այնքան պիտի շատցնեմ»։
23 Տէրոջը խօսքը Երեմիային եղաւ՝ ըսելով.
24 «Չե՞ս լսեր թէ այս ժողովուրդը ի՛նչ կը խօսի ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իր ընտրած երկու ազգատոհմերը երեսէ ձգեց ու անոնք իմ ժողովուրդս կ’անարգեն, զանիկա իրենց առջեւ ազգ չսեպելու չափ’։
25 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Եթէ ցորեկուան ու գիշերուան համար ուխտ ըրած չեմ եւ երկինքներուն ու երկրի կանոններ դրած չեմ,
26 Յակոբին ու իմ ծառայիս Դաւիթին սերունդն ալ երեսէ պիտի ձգեմ, որպէս զի ա՛լ անոր սերունդէն Աբրահամի, Իսահակի ու Յակոբի սերունդին վրայ իշխաններ չդնեմ. վասն զի անոնք գերութենէ պիտի դարձնեմ ու անոնց պիտի ողորմիմ’»։