ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 43
Երբ Երեմիա բոլոր ժողովուրդին՝ Տէր Աստուծոյն բոլոր խօսքերը լմնցուց, որոնց համար անոնց Տէր Աստուածը զանիկա անոնց ղրկեր էր, այսինքն այս բոլոր խօսքերը,
2 Այն ատեն Ովսիային որդին Ազարիան ու Կարէին որդին Յօհանան եւ բոլոր ամբարտաւան մարդիկը Երեմիային խօսեցան ու ըսին. «Դուն սո՛ւտ կը խօսիս. մեր Տէր Աստուածը քեզ չղրկեց, որ մեզի ըսես թէ ‘Եգիպտոս մի՛ մտնէք հոն պանդխտանալու համար’.
3 Հապա Ներիային որդին Բարուքը քեզ մեզի դէմ կը հանէ, որպէս զի մեզ Քաղդէացիներուն ձեռքը տայ, որ մեզ մեռցնեն ու մեզ Բաբելոն գերի տանին»։
4 Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները եւ բոլոր ժողովուրդը Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին, որ Յուդայի երկրին մէջ բնակին.
5 Հապա Կարէին որդին Յօհանան ու բոլոր զօրավարները Յուդայի բոլոր մնացորդները առին, որոնք Յուդայի երկրին մէջ բնակելու համար ետ դարձեր էին այն բոլոր ազգերէն՝ ուր ցրուած էին.
6 Այսինքն այր մարդիկն ու կիները եւ տղաքներն ու թագաւորին աղջիկները եւ Նաբուզարդան դահճապետին՝ Սափանին որդիին Աքիկամին որդիին Գոդողիային քով թողուցած բոլոր մարդիկը ու Երեմիա մարգարէն եւ Ներիային որդին Բարուքը
7 Ու Եգիպտոսի երկիրը տարին, վասն զի Տէրոջը ձայնին մտիկ չըրին ու մինչեւ Տափնաս հասան։
8 Տափնասի մէջ Տէրոջը խօսքը եղաւ Երեմիային՝ ըսելով.
9 «Ձեռքդ մեծ քարեր ա՛ռ ու զանոնք Յուդայի մարդոցը աչքերուն առջեւ Տափնաս եղող՝ Փարաւոնին տանը դրանը առջեւի աղիւսատունը կաւին մէջ թաղէ
10 Եւ անոնց ըսէ, զօրքերու Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը՝ այսպէս կ’ըսէ. ‘Ահա ես պիտի ղրկեմ ու իմ ծառաս Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը պիտի առնեմ եւ անոր աթոռը այս իմ թաղած քարերուս վրայ պիտի դնեմ ու անիկա իր արքայական խորանը անոնց վրայ պիտի տարածէ
11 Եւ պիտի գայ Եգիպտոսի երկիրը պիտի զարնէ. մահուան համար եղողները մահուան, գերութեան համար եղողները գերութեան եւ սուրի համար եղողները սուրի պիտի մատնէ։
12 Եգիպտոսի աստուածներուն տուներուն մէջ կրակ պիտի բռնկեցնեմ. անիկա զանոնք պիտի այրէ ու զանոնք գերի պիտի տանի եւ անիկա Եգիպտոսի երկիրը պիտի հագնի, ինչպէս հովիւը իր հանդերձը կը հագնի ու անկէ խաղաղութեամբ պիտի ելլէ։
13 Ու Եգիպտոսի երկրին մէջ եղող արեւու տանը արձանները պիտի կոտրտէ ու Եգիպտոսի աստուածներուն տուները կրակով պիտի այրէ’»։