ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 24
Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորին՝ Յուդայի թագաւորը Յովակիմի որդին Յեքոնիան եւ Յուդայի իշխանները եւ հիւսները ու դարբինները Երուսաղէմէն գերի առնելէն ու Բաբելոն տանելէն ետքը, Տէրը ինծի այս տեսիլքը ցուցուց։ Ահա Տէրոջը տաճարին առջեւ դրուած երկու կողով թուզ կար։
2 Մէկ կողովին մէջ խիստ աղէկ թուզեր կային՝ կանխահաս թուզերու պէս, իսկ միւս կողովին մէջ խիստ գէշ թուզեր կային, այնպէս որ անկարելի էր զանոնց ուտելը։
3 Տէրը ինծի ըսաւ. «Ո՞վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Թուզեր։ Աղէկ թուզերը խիստ աղէկ են ու գէշերը շատ գէշ են, այնպէս որ գէշութենէն զանոնք ուտել անկարելի է»։
4 Այն ատեն Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ.
5 ‘Այս աղէկ թուզերուն պէս պիտի բռնեմ Յուդայէն գերի քշուածները, որոնք այս տեղէն Քաղդէացիներուն երկիրը ղրկեցի իրենց աղէկ ըլլալու համար։
6 Իմ աչքերս անոնց վրայ պիտի հաստատեմ բարութեան համար ու զանոնք այս երկիրը պիտի դարձնեմ եւ զանոնք պիտի շինեմ ու պիտի չփլցնեմ։ Զանոնք պիտի տնկեմ ու պիտի չխլեմ։
7 Անոնց այնպիսի սիրտ մը պիտի տամ, որ զիս ճանչնան թէ ես եմ Տէրը։ Անոնք իմ ժողովուրդս պիտի ըլլան ու ես անոնց Աստուածը պիտի ըլլամ, վասն զի իրենց բոլոր սրտովը ինծի պիտի դառնան’։
8 Բայց այս գէշ թուզերուն համար, որոնք գէշութենէ չեն ուտուիր, Տէրը այսպէս կ’ըսէ. ‘Յուդայի թագաւորը Սեդեկիան ու անոր իշխանները ու Երուսաղէմի մնացորդը, որոնք այս երկրին մէջ մնացեր են, նաեւ Եգիպտոսի երկրին մէջ բնակողները
9 Երկրի բոլոր թագաւորութիւններուն մէջ նեղութեան ու թշուառութեան պիտի մատնեմ, որպէս զի անոնք նախատինքի, ծաղրանքի առարկայ, անարգանք ու անէծք ըլլան այն բոլոր տեղերը, ուր զանոնք պիտի քշեմ։
10 Անոնց վրայ սուր, սով ու ժանտախտ պիտի ղրկեմ, մինչեւ հատնին այն երկրին վրայէն, որը իրենց ու իրենց հայրերուն տուի»։