ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 13
Տէրը ինծի այսպէս ըսաւ. «Գնա՛, քեզի քթանէ գօտի մը ծախու ա՛ռ եւ զանիկա մէջքդ կապէ՛ ու զանիկա ջուրը մի՛ խոթեր»։
2 Ուստի Տէրոջը խօսքին համաձայն գօտին ծախու առի ու մէջքս կապեցի։
3 Երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
4 «Այն ծախու առած գօտիդ, որ քու մէջքդ է, ա՛ռ ու ելի՛ր Եփրատ գնա եւ հոն վէմին ծակին մէջ պահէ՛ զանիկա»։
5 Ես գացի եւ զանիկա Եփրատի եզերքը պահեցի, ինչպէս Տէրը ինծի պատուիրեց։
6 Եւ շատ օրեր ետքը Տէրը ինծի ըսաւ. «Ելի՛ր, Եփրատ գնա՛, անկէ ա՛ռ այն գօտին, որ քեզի հրամայեցի հոն պահել»։
7 Ես ալ Եփրատ գացի ու փորելով՝ գօտին այն պահած տեղէս առի. բայց գօտին փտտեր էր ու բնաւ բանի մը չէր գար։
8 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ ըսելով.
9 «Յուդային հպարտութիւնը Ու Երուսաղէմին մեծ հպարտութիւնը այդպէս պիտի աւրեմ։
10 Այս չար ժողովուրդը, Որ իմ խօսքերս լսել չեն ուզեր Ու իրենց սրտին կամակորութիւնովը կը քալեն, Օտար աստուածներու ետեւէ կ’երթան Անոնց ծառայութիւն ընելու եւ անոնց երկրպագութիւն ընելու համար՝ Այդ անպիտան գօտիին պէս պիտի ըլլան։
11 Վասն զի ինչպէս մարդը գօտին իր մէջքը կը կապէ, Իսրայէլին բոլոր տունն ու Յուդային բոլոր տունը Ինծի այնպէս կապեր էի, կ’ըսէ Տէրը, Որպէս զի ինծի ժողովուրդ ըլլան, Նաեւ՝ անուն եւ փառք ու պարծանք։ Բայց անոնք մտիկ չըրին։
12 Նաեւ այս խօսքը ըսէ անոնց. ‘Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կ’ըսէ. «Ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի»’. Բայց անոնք քեզի պիտի ըսեն. ‘Միթէ մենք չե՞նք գիտեր թէ ամէն տիկ գինիով պիտի լեցուի’։
13 Դուն ալ անոնց ըսէ. ‘Տէրը այսպէս կ’ըսէ. Ահա ես այս երկրին բոլոր բնակիչները Ու Դաւիթին աթոռին վրայ նստող թագաւորները Եւ քահանաներն ու մարգարէները Ու Երուսաղէմի բոլոր բնակիչները արբեցութեամբ պիտի լեցնեմ
14 Եւ զանոնք իրարու զարնելով պիտի կոտրտեմ, Հայրերը տղոցը հետ մէկտեղ կ’ըսէ Տէրը Եւ անոնց պիտի չգթամ ու պիտի չխնայեմ Եւ առանց ողորմելու զանոնք բնաջինջ պիտի ընեմ’։
15 Մտի՛կ ըրէք, ակա՛նջ տուէք, մի՛ հպարտանաք, Վասն զի Տէրը խօսեցաւ։
16 Ձեր Տէր Աստուծոյն փառք տուէ՛ք՝ Դեռ խաւարը ձեր վրայ չհասած Ու ձեր ոտքերը մութ լեռներու վրայ չհասած Եւ ձեր լոյսի սպասած ատենը Աստուած զանիկա մահուան ստուերի չփոխած Ու զանիկա թանձր մէգի չդարձուցած։
17 Բայց եթէ մտիկ չընէք, Ձեր հպարտութեանը համար իմ հոգիս ծածուկ տեղեր պիտի լայ Եւ իմ աչքս դառնօրէն պիտի լայ ու արցունք պիտի թափէ, Վասն զի Տէրոջը հօտը գերի առնուեցաւ։
18 Թագաւորին ու թագուհիին ըսէ. «Ձեր անձը խոնարհեցուցէ՛ք ու գետնի վրայ նստեցէ՛ք, Վասն զի ձեր գլխէն ձեր փառաւոր թագը ինկաւ»։
19 Հարաւային քաղաքները գոցուեցան Ու բացող մը չկայ. Բոլոր Յուդա գերութեան գնաց. Ամէնքը գերութեան գացին։
20 «Աչքերնիդ վերցուցէ՛ք եւ հիւսիսի կողմէն եկողներուն նայեցէ՛ք. Քեզի տրուած հօտը, քու փառքերուդ խաշինքը ո՞ւր են։
21 Ի՞նչ պիտի ըսես, երբ քեզի այցելութիւն ընեն, Վասն զի դուն անոնց սորվեցուցիր, որ քու վրադ իշխան եւ գլուխ ըլլան. Միթէ քեզ ծննդական կնոջ պէս ցաւեր պիտի չբռնե՞ն։
22 Ու եթէ սրտիդ մէջ ըսես. ‘Այս բաները ինչո՞ւ հանդիպեցան ինծի’, Քու անօրէնութեանդ շատութենէն քու քղանցքներդ բացուեցան Եւ գարշապարներդ բռնութեամբ մերկացան։
23 Միթէ կարելի՞ է որ Եթովպիացին իր մորթը՝ Կամ ինձը իր խայտուցները փոխէ, Որ դուք ալ, չարութիւն ընելու սորված ըլլալով, Կարենաք աղէկութիւն ընել։
24 Ուստի անապատի հովէն վերցուած մղեղի պէս Պիտի ցրուեմ զանոնք։
25 Այս է քու վիճակդ եւ քու բաժինդ, Որ ես քեզի որոշեցի, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի զիս մոռցար ու ստութեան ապաւինեցար։
26 Ուստի ես ալ քու քղանցքներդ քու երեսիդ վրայ վերցուցի Ու քու անարգանքդ երեւցաւ։
27 Ես քու շնութիւններդ ու վրնջիւններդ Եւ քու լիրբ պոռնկութիւնդ Ու բլուրներու վրայ եւ դաշտի վրայ քու ըրած պղծութիւններդ տեսայ։ Վա՜յ քեզի, ո՛վ Երուսաղէմ. Պիտի չմաքրուի՞ս եւ մինչեւ ե՞րբ»։