ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 1

Բենիամինի երկիրը, Անաթովթին մէջ եղող քահանաներէն Քեղկիային որդիին Երեմիային խօսքերը,
2 Որուն Տէրոջը խօսքը եղաւ, Յուդայի թագաւորին Ամոնին որդիին Յովսիային օրերը, անոր թագաւորութեան տասներեքերորդ տարին։
3 Նաեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Յովակիմին օրերը, մինչեւ Յուդայի թագաւորին Յովսիային որդիին Սեդեկիային տասնըմէկերորդ տարիին վերջը, մինչեւ Երուսաղէմի գերութիւնը, որ հինգերորդ ամսուան մէջ եղաւ։
4 Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.
5 «Քեզ որովայնի մէջ չստեղծած քեզ գիտցայ, Դուն քու մօրդ արգանդէն չելած քեզ սրբեցի, Քեզ ազգերուն մարգարէ ըրի»։
6 Այն ատեն ես ըսի. «Ո՜հ, Տէ՛ր Եհովա, ահա ես խօսիլ չեմ գիտեր, Վասն զի ես մանուկ եմ»։
7 Բայց Տէրը ինծի ըսաւ. «Մի՛ ըսեր թէ ‘Ես մանուկ եմ’, Վասն զի ուր որ քեզ ղրկեմ՝ պիտի երթաս Ու ինչ որ քեզի պատուիրեմ՝ պիտի խօսիս։
8 Անոնց երեսէն մի՛ վախնար, Քանզի ես քեզի հետ եմ Քեզ ազատելու համար»։
9 Տէրը իր ձեռքը երկնցուց ու իմ բերնիս դպաւ Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Ահա իմ խօսքերս քու բերանդ դրի։
10 Նայէ՛, ես այսօր քեզ ազգերու վրայ Եւ թագաւորութիւններու վրայ կայնեցուցի, Որպէս զի խլես ու փլցնես եւ կորսնցնես ու աւերես, Նաեւ շինես ու տնկես»։
11 Եւ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ո՛վ Երեմիա, ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Նշենիի գաւազան մը կը տեսնեմ»։
12 Այն ատեն Տէրը ինծի ըսաւ. «Աղէ՛կ տեսար, Վասն զի ես իմ խօսքս կատարելու պիտի արտորամ՝ ՝։
13 Եւ երկրորդ անգամ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ես ըսի. «Եռացող կաթսայ մը կը տեսնեմ, Որուն երեսը դէպի հիւսիս է»։
14 Եւ Տէրը ինծի ըսաւ. «Չարիքը հիւսիսէն պիտի բորբոքի Երկրին բոլոր բնակիչներուն վրայ։
15 Քանզի ահա ես հիւսիսի թագաւորութիւններուն Բոլոր ազգատոհմերը պիտի կանչեմ։ Անոնք պիտի գան եւ ամէն մէկը իր աթոռը Երուսաղէմի դռներուն առջեւ Եւ անոր շրջակայ պարիսպներուն վրայ Ու Յուդայի բոլոր քաղաքներուն վրայ պիտի դնեն։
16 Եւ պիտի յայտնեմ անոնց իմ դատաստաններս Անոնց բոլոր չարութիւններուն համար. Վասն զի անոնք զիս թողուցին, Ուրիշ աստուածներու խունկ ծխեցին, Իրենց ձեռքերուն գործերուն երկրպագութիւն ըրին։
17 Ուրեմն դուն քու մէջքդ պնդէ՛ ու ելի՛ր, Քեզի բոլոր հրամայածս անոնց ըսէ՛, Անոնց երեսէն մի՛ վախնար։ Չըլլայ որ քեզ անոնց առջեւ ամչցնեմ։
18 Այսօր քեզ բոլոր երկրին դէմ, Այսինքն Յուդայի թագաւորներուն, անոր իշխաններուն, Անոր քահանաներուն եւ երկրին ժողովուրդին դէմ Ամուր քաղաքի պէս ու երկաթէ սիւնի պէս Ու պղնձէ պարիսպներու պէս ըրի։
19 Անոնք քեզի դէմ պիտի պատերազմին, Բայց պիտի չկրնան քեզի յաղթել. Վասն զի ես քեզի հետ եմ Քեզ ազատելու համար»։