ԵՐԵՄԵԱՅ
Գլուխ 30
Տէրոջը կողմանէ Երեմիային եղած խօսքն է, որ ըսաւ՝
2 Իսրայէլի Տէր Աստուածը այսպէս կը խօսի ու կ’ըսէ. «Բոլոր քեզի ըսած խօսքերս գրքի մը մէջ գրէ՛.
3 Քանզի ահա օրեր պիտի գան, երբ իմ ժողովուրդս Իսրայէլն ու Յուդան գերութենէ պիտի դարձնեմ ու զանոնք իրենց հայրերուն տուած երկիրս պիտի դարձնեմ, որ զանիկա ժառանգեն»։
4 Եւ Իսրայէլի համար ու Յուդայի համար Տէրոջը ըսած խօսքերը ասոնք են.
5 «Սոսկալի ձայն մը լսեցինք, Վախ կայ ու խաղաղութիւն չկայ։
6 Հիմա հարցուցէ՛ք ու տեսէ՛ք, Թէ արդեօք այր մարդը զաւակ կը ծնանի՞. Ինչո՞ւ համար ամէն կտրիճ Ծննդական կնոջ պէս ձեռքերը մէջքը դրած Ու բոլորին երեսները դեղնած կը տեսնեմ։
7 Վա՜յ, քանզի անիկա մեծ օր է, անոր պէս չկայ։ Անիկա Յակոբին նեղութեան ժամանակ պիտի ըլլայ, Բայց անկէ պիտի ազատի։
8 «Վասն զի այն օրը, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը, Անոր լուծը անոնց պարանոցէն պիտի կոտրեմ Եւ կապերը պիտի փրցնեմ Ու անգամ մըն ալ օտարներուն պիտի չծառայեն.
9 Հապա անոնք իրենց Տէր Աստուծոյն Ու Դաւիթ թագաւորին ծառայութիւն պիտի ընեն, Որ ես պիտի հանեմ անոնց։
10 «Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Յակոբ, մի՛ վախնար Ու ո՛վ Իսրայէլ, մի՛ զարհուրիր. Քանզի ահա ես քեզ պիտի պահեմ Եւ քու սերունդդ իրենց գերութեանը երկրէն պիտի ազատեմ։ Յակոբ պիտի դառնայ եւ հանդարտ ու հանգիստ պիտի ըլլայ Եւ զանիկա վախցնող պիտի չըլլայ։
11 «Վասն զի ես քեզ ազատելու համար քեզի հետ եմ, կ’ըսէ Տէրը. Քանզի պիտի սպառեմ այն բոլոր ազգերը, Որոնց մէջ քեզ ցրուեցի, Բայց քեզ պիտի չսպառեմ, Հապա քեզ չափաւորութեամբ պիտի խրատեմ, Սակայն քեզ բոլորովին պիտի չհանեմ»։
12 Վասն զի Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Քու հարուածդ անբժշկելի է ու վէրքդ անդարմանելի է.
13 Զանիկա դարմանելու համար քու դատդ տեսնող մը չկայ. Քեզի համար դեղ ու սպեղանի չկայ։
14 Քու բոլոր հոմանիներդ քեզ մոռցան, Քեզ չեն փնտռեր։ Վասն զի քեզ թշնամիի հարուածով, Անգութ մէկուն պատիժովը զարկի՝ Քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար, Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
15 Քու վէրքիդ համար ինչո՞ւ կ’աղաղակես։ Քու ցաւդ անբժշկելի է։ Այդ բաները քու անօրէնութիւններուդ շատութեանը համար քեզի ըրի, Քանզի քու մեղքերդ շատցան։
16 Անոր համար ամէն անոնք, որ քեզ կը կլլեն, պիտի կլլուին։ Քու բոլոր թշնամիներդ գերութեան պիտի երթան։ Քեզ յափշտակողները պիտի յափշտակուին։ Քեզ կողոպտողները կողոպտուելու պիտի մատնեմ.
17 Վասն զի քու վէրքդ պիտի դարմանեմ Եւ քու վէրքդ պիտի բժշկեմ, կ’ըսէ Տէրը, Քանզի քեզ ‘Աքսորուած’ կոչեցին, ‘Այս այն Սիօնն է, որ փնտռող չկայ’, ըսին»։
18 Տէրը այսպէս կ’ըսէ. «Ահա ես Յակոբին վրանները գերութենէ պիտի դարձնեմ, Անոր բնակարաններուն պիտի ողորմիմ։ Քաղաքը իր աւերակներուն վրայ պիտի շինուի Եւ պալատը առաջուան պէս՝ ՝ պիտի վերականգնի։
19 Անոնցմէ պիտի լսուի գովութեան երգ եւ Ուրախութեան ձայն։ Զանոնք պիտի շատցնեմ ու պիտի չքիչնան, Զանոնք պիտի փառաւորեմ ու պզտիկ պիտի չըլլան։
20 Անոնց տղաքները առաջուան պէս պիտի ըլլան, Անոնց ժողովը իմ առջեւս պիտի հաստատուի Ու բոլոր անոնց նեղութիւն տուողները պիտի պատժեմ։
21 Անոնց իշխանը իրենցմէ պիտի ըլլայ, Անոնց վրայ տիրողը իրենց մէջէն պիտի ելլէ։ Զանիկա պիտի մօտեցնեմ ու ինծի մօտ պիտի ըլլայ. Վասն զի ո՞վ է անիկա, որ իր սիրտը պատրաստեց ինծի մօտենալու։
22 Դուք ինծի ժողովուրդ պիտի ըլլաք, Ես ալ ձեզի Աստուած պիտի ըլլամ»։
23 Ահա Տէրոջը մրրիկը սրտմտութեամբ ելաւ։ Անիկա աւլող մրրիկ է, Ամբարիշտներուն վրայ պիտի յարձակի։
24 Տէրոջը սաստիկ բարկութիւնը ետ պիտի չդառնայ, Մինչեւ որ իր սրտին խորհուրդները չկատարէ ու չգործադրէ։ Վերջին օրերը ասիկա պիտի հասկնաք։