ԵՐԵՄԵԱՅ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50 51 52


Գլուխ 41

Եօթներորդ ամսուան մէջ թագաւորական սերունդէն եղող Եղիսամային որդիին Նաթանիային որդին Իսմայէլը թագաւորին նախարարներովը ու իրեն հետ տասը մարդ Մասփա եկաւ Աքիկամին որդիին Գոդողիային ու հոն մէկտեղ հաց կերան Մասփայի մէջ։
2 Նաթանիային որդին Իսմայէլն ու իրեն հետ եղող տասը մարդը ելան եւ Սափանին որդիին Աքիկամին որդին Գոդողիան սուրով զարկին ու մեռցուցին զանիկա, որ Բաբելոնի թագաւորը երկրին վրայ վերակացու դրեր էր։
3 Իսմայէլը Գոդողիային հետ Մասփայի մէջ եղող բոլոր Հրեաները եւ հոն գտնուած Քաղդէացի պատերազմիկները կոտորեց։
4 Գոդողիային սպաննուելուն հետեւեալ օրը՝ դեռ մարդ չիմացած՝ Սիւքէմէն, Սելովէն,
5 Սամարիայէն մօրուքնին ածիլած եւ հանդերձնին պատռած ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ ըրած ութսուն մարդ եկան։ Իրենց ձեռքը ընծաներ ու կնդրուկ ունէին՝ Տէրոջը տանը համար։
6 Նաթանիային որդին Իսմայէլը Մասփայէն ելաւ զանոնք դիմաւորելու։ Անիկա գացած ատենը լալով կ’երթար։ Երբ անոնց հասաւ՝ անոնց ըսաւ. «Աքիկամին որդիին Գոդողիային եկէ՛ք»։
7 Ու երբ անոնք քաղաքին մէջտեղը եկան, Նաթանիային որդին Իսմայէլը՝ իրենց հետ եղող մարդոցմով զանոնք մեռցուց ու փոսի մը մէջ նետեց։
8 Անոնց մէջ տասը մարդ գտնուեցան, որոնք Իսմայէլին ըսին. «Մեզ մի՛ մեռցներ, վասն զի մենք դաշտը ցորենի, գարիի, իւղի ու մեղրի ծածուկ շտեմարաններ ունինք»։ Ուստի Իսմայէլ զանոնք իրեն եղբայրներուն հետ չմեռցուց։
9 Այն փոսը, որուն մէջ Իսմայէլ Գոդողիային պատճառով բոլոր մեռցուած մարդոց դիակները նետեց, այն փոսն էր, որ Ասա թագաւորը շիներ էր՝ Իսրայէլի Բաասա թագաւորին երեսէն վախնալուն համար. Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանիկա մեռելներով լեցուց։
10 Իսմայէլ Մասփայի մէջ եղող ժողովուրդին բոլոր մնացորդը գերի բռնեց, թագաւորին աղջիկները ու Մասփայի մէջ մնացած բոլոր ժողովուրդը, որոնց վրայ Նաբուզարդան դահճապետը Աքիկամին որդին Գոդողիան վերակացու դրեր էր։ Նաթանիային որդին Իսմայէլը զանոնք գերի առնելով՝ գնաց Ամմոնին որդիներուն քով։
11 Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող բոլոր զօրավարները, երբ Նաթանիային որդիին Իսմայէլին ըրած չարութիւնը լսեցին,
12 Իրենց բոլոր մարդիկը առին ու Նաթանիային որդիին Իսմայէլին դէմ պատերազմելու գացին եւ զանիկա Գաբաւոնին ջուրերուն քով գտան։
13 Իսրայէլին հետ եղող բոլոր ժողովուրդը, երբ Կարէին որդին Յօհանանն ու անոր հետ եղող զօրավարները տեսան, ուրախացան։
14 Իսմայէլին Մասփայէն գերի քշած բոլոր ժողովուրդը երեսնին դարձուցին ու Կարէին որդիին Յօհանանին գացին։
15 Բայց Նաթանիային որդին Իսմայէլը ութ մարդով Յօհանանին երեսէն փախաւ ու Ամմոնին որդիներուն քով գնաց։
16 Կարէին որդին Յօհանան ու անոր հետ եղող զօրավարները Նաթանիային որդիէն Իսմայէլէն ետ բերած ժողովուրդին բոլոր մնացորդը Մասփայէն առին՝ Աքիկամին որդիին Գոդողիային մեռցուելէն ետքը, այսինքն Գաբաւոնէն ետ բերած պատերազմող կտրիճներն ու կիները եւ տղաքներն ու ներքինիները
17 Ու գացին Բեթլէհէմի քով եղող Քամաամի պանդոկին մէջ նստան, որպէս զի երթան Եգիպտոս մտնեն Քաղդէացիներուն երեսէն,
18 Վասն զի վախցան. քանզի Նաթանիային որդին Իսմայէլը Բաբելոնի թագաւորին՝ երկրին վրայ դրած Աքիկամին որդին Գոդողիան մեռցուցեր էր։