ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 9
Եւ Աստուած օրհնեց Նոյը ու անոր որդիները եւ ըսաւ անոնց. «Աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք ու երկիրը լեցուցէ՛ք
2 Եւ ձեր վախը ու երկիւղը երկրի բոլոր գազաններուն վրայ ու երկնքի բոլոր թռչուններուն վրայ թող ըլլայ։ Անոնք երկրի բոլոր շարժողներուն հետ ու ծովու բոլոր ձուկերուն հետ ձեր ձեռքը տրուած են։
3 Ամէն շարժուն կենդանի թող ձեզի կերակուր ըլլայ։ Ամէնը ձեզի բանջարի պէս տուի։
4 Բայց միսը ողջութիւնովը, այսինքն անոր արիւնովը մի՛ ուտէք։
5 Եւ անշուշտ ձեր կեանքի արեան համար հաշիւ պիտի պահանջեմ. ամէն գազանի ձեռքէն ու ամէն մարդու ձեռքէն պիտի պահանջեմ զայն։ Մարդուն կեանքը եղբօրը ձեռքէն պիտի պահանջեմ։
6 Ով որ մարդու արիւն թափէ, իր արիւնն ալ մարդէ պիտի թափուի. քանզի Աստուած իր պատկերին պէս ստեղծեց մարդը։
7 Դուք աճեցէ՛ք ու շատցէ՛ք, երկրի վրայ բազմացէ՛ք ու անոր մէջ շատցէ՛ք»։
8 Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյին ու անոր որդիներուն հետ՝ ըսելով.
9 «Ես ահա ձեզի հետ ու ձեզմէ ետքը ձեր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ
10 Եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի հետ, թէ՛ թռչունի, թէ՛ անասունի եւ թէ՛ ձեզի հետ եղող երկրի ամէն գազանի հետ, տապանէն ելածներէն ամենուն հետ ու երկրի բոլոր անասուններուն հետ։
11 Ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, որ անգամ մըն ալ ամէն մարմին ջրհեղեղի ջուրերէն չկորսուի, ո՛չ ալ նորէն ջրհեղեղ պիտի ըլլայ երկիրը աւերելու համար»։
12 Եւ Աստուած ըսաւ. «Իմ ու ձեր մէջտեղ եւ ձեզի հետ եղող ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ յաւիտենական դարերու համար ըրած ուխտիս իբր նշան՝
13 Իմ աղեղս ամպին մէջ պիտի դնեմ։ Այն պիտի ըլլայ իմ ու երկրի մէջտեղ եղած ուխտին նշանը։
14 Երբ երկրի վրայ ամպ բերեմ, աղեղը ամպին մէջ պիտի տեսնուի
15 Եւ իմ ու ձեր մէջտեղ ու ամէն մարմինի, ամէն շնչաւոր կենդանիի մէջտեղ եղած իմ ուխտս պիտի յիշեմ եւ անգամ մըն ալ ամէն մարմին կորսնցնելու համար ջրհեղեղ պիտի չըլլայ։
16 Աղեղը ամպին մէջ պիտի ըլլայ ու անոր պիտի նայիմ, որպէս զի Աստուծոյ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինի եւ բոլոր կենդանի անասունի մէջտեղ եղած յաւիտենական ուխտը յիշեմ»։
17 Աստուած Նոյին ըսաւ. «Այս է այն ուխտին նշանը, որ ես հաստատեցի իմ ու երկրի վրայ եղող ամէն մարմինի միջեւ»։
18 Նոյին որդիները, որոնք տապանէն ելան, Սէմ, Քամ ու Յաբեթ էին։ Եւ Քամ Քանանի հայրն էր։
19 Այս երեքը Նոյի որդիներն էին եւ ասոնցմէ բոլոր երկիրը տարածուեցան։
20 Նոյ առաջին երկրագործն էր։ Այգի տնկեց։
21 Գինիէն խմեց ու գինովցաւ եւ իր վրանին մէջ մերկացաւ։
22 Եւ Քանանի հայրը՝ Քամ՝ իր հօրը մերկութիւնը տեսաւ ու դուրս ելաւ իր երկու եղբայրներուն պատմեց։
23 Սէմ ու Յաբեթ հանդերձ առին եւ իրենց երկուքին ուսերուն վրայ դրին ու ետ ետ երթալով իրենց հօրը մերկութիւնը ծածկեցին եւ իրենց երեսը ետեւ դարձած ըլլալով՝ իրենց հօրը մերկութիւնը չտեսան։
24 Նոյ իր գինիէն արթննալով՝ իր պզտիկ որդիին իրեն ըրածը իմացաւ
25 Ու ըսաւ. «Անիծեալ ըլլայ Քանան. իր եղբայրներուն ծառաներուն ծառայ ըլլայ»։
26 Նաեւ ըսաւ. «Օրհնեալ ըլլայ Սէմին Տէր Աստուածը եւ Քանան անոր ծառան ըլլայ։
27 Աստուած թող ընդարձակէ Յաբեթը ու Սէմին վրանները բնակի եւ Քանան անոր ծառան ըլլայ»։
28 Ու Նոյ ջրհեղեղէն ետքը երեք հարիւր յիսուն տարի ապրեցաւ։
29 Նոյին բոլոր օրերը ինը հարիւր յիսուն տարի եղան ու մեռաւ։