ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 15
Այս բաներէն ետքը տեսիլքի մէջ Տէրոջը խօսքը Աբրամին եղաւ՝ ըսելով. «Մի՛ վախնար, ո՛վ Աբրամ, ես քեզի վահան եմ ու քու վարձքդ խիստ շատ պիտի ըլլայ»։
2 Աբրամ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ինծի ի՞նչ պիտի տաս, քանի որ առանց զաւակի կը մնամ եւ իմ տանս տիրողը այս Դամասկոսցի Եղիազարն է»։
3 Նաեւ ըսաւ Աբրամ. «Որովհետեւ ինծի սերունդ չտուիր, ահա իմ տանս ծառան ինծի ժառանգորդ պիտի ըլլայ»։
4 Ահա Տէրոջը խօսքը անոր եղաւ՝ ըսելով. «Անիկա քու ժառանգորդդ պիտի չըլլայ. բայց ա՛ն պիտի ըլլայ քու ժառանգորդդ՝ որ քու մէջքէդ պիտի ելլէ»։
5 Եւ դուրս հանեց զանիկա ու ըսաւ. «Հիմա դէպի երկինք նայէ ու աստղերը համրէ, եթէ զանոնք համրել կրնաս»։ Եւ ըսաւ անոր. «Քու սերունդդ այսպէս պիտի ըլլայ»։
6 Աբրամ հաւատաց Տէրոջը, որը Աբրամին արդարութիւն սեպուեցաւ։
7 Տէրը ըսաւ անոր. «Ես եմ Տէրը, որ քեզ Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն հանեցի՝ այս երկիրը բերի զայն քեզի իբր ժառանգութիւն տալու համար»։
8 Ան ըսաւ. «Ո՛վ Տէր Եհովա, ի՞նչպէս գիտնամ թէ ես զանիկա պիտի ժառանգեմ»։
9 Տէրը ըսաւ անոր. «Ինծի երեք տարեկան երինջ մը ու երեք տարեկան այծ մը եւ երեք տարեկան խոյ մը ու տատրակ մը եւ աղաւնիի ձագ մը բեր»։
10 Աբրամ բոլոր ասոնք բերաւ ու զանոնք մէջտեղէն կտրեց եւ ամէն մէկ կտորը իր մասին հետ դէմ դիմաց դրաւ, բայց թռչունները չկտրեց։
11 Եւ երբ դիակներուն վրայ գիշատիչ թռչուններն իջան, Աբրամ վռնտեց զանոնք։
12 Ու երբ արեւը մարը կը մտնէր, Աբրամին վրայ խորունկ քուն մը իջաւ եւ ահա անոր վրայ մեծ մթութեան սոսկում մը ինկաւ։
13 Եւ Տէրը ըսաւ Աբրամին. «Ստոյգ գիտցիր որ քու սերունդդ իրենցը չեղած երկրի մէջ պանդուխտ պիտի ըլլան եւ ծառայութիւն պիտի ընեն ու հոն չորս հարիւր տարի պիտի չարչարուին։
14 Բայց այն ազգը որուն պիտի ծառայեն, ես պիտի դատեմ եւ անկէ ետքը շատ ստացուածքով պիտի ելլեն։
15 Եւ դուն խաղաղութեամբ քու հայրերուդ պիտի երթաս, աղէկ մը ծերացած պիտի թաղուիս։
16 Եւ անոնք չորրորդ դարուն մէջ հոս պիտի դառնան. վասն զի Ամօրհացիներուն անօրէնութիւնը դեռ լեցուած չէ»։
17 Երբ արեւը մարը մտաւ ու խաւար եղաւ, ահա մխացող հնոց մը ու վառուած ջահ մը այն կտորներուն մէջտեղէն անցան։
18 Այն նոյն օրը Տէրը Աբրամին հետ ուխտ մը ըրաւ՝ ըսելով. «Քու սերունդիդ տուի այս երկիրը Եգիպտոսի գետէն մինչեւ մեծ գետը, այսինքն Եփրատ գետը՝
19 Կենեցիները եւ Կենեզացիները ու Կեդմոնացիները
20 Եւ Քետացիները ու Փերեզացիները
21 Եւ Ռափայինները եւ Ամօրհացիները ու Քանանացիները եւ Գերգեսացիները ու Յեբուսացիները։