ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 4
Եւ Ադամ գիտցաւ իր Եւա կինը ու ան յղացաւ ու Կայէնը ծնաւ եւ ըսաւ. «Մարդ ստացայ Տէրոջմէն»։
2 Եւ դարձեալ անոր Աբէլ եղբայրը ծնաւ եւ Աբէլ ոչխարներու հովիւ եղաւ, բայց Կայէն երկիրը կը մշակէր։
3 Ժամանակ մը յետոյ Կայէն երկրի պտուղէն Տէրոջը ընծայ բերաւ։
4 Եւ Աբէլ ինք ալ ոչխարներուն անդրանիկներէն ու անոնց պարարտներէն բերաւ։ Տէրը Աբէլին ու անոր ընծային նայեցաւ,
5 Բայց Կայէնին ու անոր ընծային չնայեցաւ։ Ուստի Կայէն խիստ բարկացաւ ու երեսը կախեց։
6 Եւ Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ինչո՞ւ բարկացար ու ինչո՞ւ երեսդ կախեցիր.
7 Եթէ աղէկ ընես, ընդունելի չը՞լլար։ Եթէ աղէկ չընես, մեղքը դրանը քով պառկած է եւ անիկա քեզի պիտի հնազանդի ու դուն անոր պիտի իշխես»։
8 Կայէն իր Աբէլ եղբօրը հետ խօսեցաւ ու երբ անոնք դաշտն էին, Կայէն իր Աբէլ եղբօրը վրայ ելաւ ու սպաննեց զանիկա։
9 Տէրը Կայէնին ըսաւ. «Ո՞ւր է քու եղբայրդ Աբէլը»։ Անիկա ըսաւ. «Չեմ գիտեր, միթէ ես իմ եղբօրս պահապա՞նն եմ»։
10 Տէրը ըսաւ. «Ի՞նչ ըրիր, քու եղբօրդ արեան ձայնը գետնէն ինծի կը բողոքէ։
11 Դուն անիծեալ ես երկրէն, որ իր բերանը բացաւ եղբօրդ արիւնը քու ձեռքէդ ընդունելու։
12 Երբ երկիրը մշակես, այսուհետեւ իր արդիւնքը պիտի չտայ քեզի, երկրի մէջ աստանդական ու թափառական ըլլաս»։
13 Կայէն ըսաւ Տէրոջը. «Իմ մեղքս թողութիւն գտնելու չափէն աւելի մեծ է։
14 Ահա զիս այսօր երկրի երեսէն վռնտեցիր ու ես քու երեսէդ պիտի պահուիմ ու երկրի մէջ աստանդական ու թափառական պիտի ըլլամ եւ պիտի ըլլայ որ, ով որ զիս գտնէ, զիս պիտի մեռցնէ»։
15 Տէրը ըսաւ անոր. «Ուրեմն ով որ Կայէնը սպաննէ, անկէ եօթնապատիկ վրէժ առնուի»։ Տէրը նշան մը դրաւ Կայէնին, որպէս զի զանիկա գտնող մէկը չմեռցնէ զանիկա։
16 Կայէն Տէրոջը առջեւէն ելաւ ու Եդեմի արեւելեան կողմը, Նայիդ երկիրը բնակեցաւ։
17 Կայէն իր կինը գիտցաւ ու անիկա յղացաւ ու Ենովքը ծնաւ եւ քաղաք մը շինեց այն ատեն ու քաղաքին անունը՝ իր որդիին անուանը պէս՝ Ենովք դրաւ։
18 Եւ Ենովք ծնաւ Գայիրադը եւ Գայիրադ ծնաւ Մայիէլը ու Մայիէլ ծնաւ Մաթուսայէլը եւ Մաթուսայէլ ծնաւ Ղամէքը։
19 Ղամէք իրեն երկու կին առաւ. մէկուն անունը Ադդա ու միւսին անունը Սելլա էր։
20 Ադդա ծնաւ Յոբէլը, որ վրանաբնակներուն ու հովիւներուն հայրն էր։
21 Անոր եղբօրը անունը Յոբալ էր, որ բոլոր քնարահարներուն ու սրնգահարներուն հայրն էր։
22 Սելլա ալ ծնաւ Թոբէլկայէնը, որ պղնձէ ու երկաթէ ամէն տեսակ գործիք կը շինէր։ Թոբէլկայէնին քոյրը Նաամա էր։
23 Ղամէք իր կիներուն՝ Ադդային ու Սելլային ըսաւ. «Ձայնս լսեցէ՛ք, ո՛վ Ղամէքի կիներ, ակա՛նջ դրէք իմ խօսքիս. վասն զի ես մարդ մը սպաննեցի ինծի վէրք ու երիտասարդ մը՝ ինծի պատուհաս ըլլալով։
24 Եթէ Կայէնին համար եօթնապատիկ վրէժ առնուի, Ղամէքին համար ալ եօթանասունըեօթն անգամ»։
25 Ադամ դարձեալ իր կինը գիտցաւ ու անիկա որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սէթ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած ինծի Կայէնին մեռցուցած Աբէլին տեղ ուրիշ սերունդ մը տուաւ»։
26 Սէթ ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Ենովս դրաւ։ Այն ատեն սկսան Տէրոջը անունը կանչել։