ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 46
Իսրայէլ իր բոլոր ունեցածով ճամբայ ելաւ ու Բերսաբէէ եկաւ եւ իր հօրը Իսահակին Աստուծոյն զոհեր մատուցանեց։
2 Աստուած գիշերը տեսիլքի մէջ երեւցաւ Իսրայէլին ու ըսաւ. «Յակո՛բ, Յակո՛բ»։
3 Եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։ Աստուած ըսաւ անոր. «Ես եմ Աստուած, քու հօրդ Աստուածը. Եգիպտոս իջնելու մի՛ վախնար, վասն զի հոն մեծ ազգ մը պիտի ընեմ քեզ.
4 Ես քեզի հետ Եգիպտոս պիտի իջնեմ, նաեւ քեզ անշուշտ պիտի հանեմ ու Յովսէփ պիտի դնէ իր ձեռքը քու աչքերուդ վրայ»։
5 Յակոբ ելաւ Բերսաբէէէն ու Իսրայէլի որդիները տարին իրենց հայրը Յակոբը ու իրենց տղաքները եւ իրենց կիները այն կառքերով, որոնք Փարաւոն ղրկեց զանիկա տանելու համար։
6 Առին իրենց ստացուածքը, որոնք Քանանի երկրին մէջ ստացեր էին։ Եգիպտոս եկան Յակոբ ու իր բոլոր սերունդը իրեն հետ.
7 Իր որդիները ու իր որդիներուն որդիները իրեն հետ, իր աղջիկները ու իր որդիներուն աղջիկները եւ իր բոլոր սերունդը իրեն հետ Եգիպտոս բերաւ։
8 Ասոնք են Իսրայէլին որդիներուն անունները, որոնք Եգիպտոս եկան։ Յակոբ ու իր որդիները. Յակոբին անդրանիկը՝ Ռուբէն.
9 Եւ Ռուբէնին որդիները՝ Ենովք ու Փաղղուս եւ Եսրոն ու Քարմի։
10 Եւ Շմաւոնին որդիները՝ Յամուէլ ու Յամին եւ Ոհադ ու Յաքին եւ Սահառ ու Քանանացի կնոջ որդին՝ Սաւուղ։
11 Եւ Ղեւիին որդիները՝ Գերսոն, Կահաթ ու Մերարի։
12 Եւ Յուդային որդիները՝ Էր ու Օնան եւ Սելօմ ու Փարէս եւ Զարա. բայց Էր ու Օնան Քանանի երկրին մէջ մեռան։ Եւ Փարէսին որդիները՝ Եսրոն ու Համուլ։
13 Եւ Իսաքարին որդիները՝ Թովղա ու Փուա եւ Յոբ ու Սամրօն։
14 Եւ Զաբուղոնի որդիները՝ Սարեդ ու Ելօն եւ Յաղէլ։
15 Ասոնք են Լիայի որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնաւ Յակոբին ու անոր Դինա աղջիկը։ Անոր բոլոր որդիները ու աղջիկները երեսունըերեք հոգի էին։
16 Եւ Գադին որդիները՝ Սափոն ու Անգի, Սունի եւ Եսբօն, Էրի ու Արօդի եւ Արելի։
17 Եւ Ասերին որդիները՝ Յեմնա ու Յեսուա եւ Յեսուի ու Բարիա եւ անոնց քոյրը՝ Սարա եւ Բարիայի որդիները՝ Քաբեր ու Մեղքիէլ։
18 Ասոնք են Զեղբայի որդիները՝ որ Լաբան իր Լիա աղջկան տուաւ եւ անիկա ծնաւ ասոնք Յակոբին՝ տասնըվեց հոգի։
19 Յակոբին կնոջ Ռաքէլին որդիները՝ Յովսէփ եւ Բենիամին։
20 Եւ Յովսէփին Եգիպտոսի երկրին մէջ Մանասէն ու Եփրեմը ծնան, որոնք Արեգ քաղաքի քուրմին, Պետափրայի աղջիկը Ասանէթ ծնաւ անոր։
21 Եւ Բենիամինին որդիները՝ Բաղա ու Բոքոր եւ Ասբէլ, Գերա ու Նէեման, Էհի ու Ռովս, Մուփիմ եւ Ոփիմ ու Արեդ։
22 Ասոնք են Ռաքէլին որդիները՝ որոնք ծնան Յակոբին, ամէնքը տասնըչորս հոգի։
23 Եւ Դանին որդին՝ Հուսիմ։
24 Եւ Նեփթաղիմին որդիները՝ Յասիէլ ու Գունի եւ Յասեր ու Սիլլեմ։
25 Ասոնք են Բաղղային որդիները՝ որ Լաբան իր Ռաքէլ աղջկան տուաւ ու անիկա Յակոբին ասոնք ծնաւ։ Ամէնքը եօթը հոգի էին։
26 Եւ Յակոբին հետ Եգիպտոս եկող բոլոր հոգիները, որ անոր երանքէն ելած էին, Յակոբին որդիներուն կիներէն զատ՝ ամէնքը վաթսունըվեց հոգի էին։
27 Եւ Յովսէփին որդիները՝ որ Եգիպտոսի մէջ անոր ծնան, երկու հոգի էին. Եգիպտոս գացող Յակոբին բոլոր տունը եօթանասուն հոգի էին։
28 Անիկա Յուդան իր առջեւէն ղրկեց Յովսէփին որ Գեսեմը ցուցնէ իրեն եւ անոնք Գեսեմի երկիրը եկան։
29 Եւ Յովսէփ իր կառքը պատրաստեց ու իր հայրը Իսրայէլը դիմաւորելու համար Գեսեմ ելաւ եւ երբ անոր դէմը ելաւ, անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու երկար ատեն անոր պարանոցին վրայ լացաւ։
30 Եւ Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Հիմա քու երեսդ տեսնելէս ետքը թող մեռնիմ, վասն զի տակաւին ողջ ես»։
31 Յովսէփ իր եղբայրներուն ու իր հօրը տանը ըսաւ. «Ելլեմ եւ Փարաւոնին պատմեմ ու ըսեմ անոր. ‘Իմ եղբայրներս ու իմ հօրս ընտանիքը՝ որ Քանանի երկրին մէջ էին, ինծի եկան.
32 Անոնք հովիւներ են, որով խաշինքի տէր են եւ իրենց հօտերը ու իրենց արջառները եւ իրենց բոլոր ունեցածը բերին’։
33 Երբ Փարաւոն ձեզ կանչէ ու ըսէ՝ ‘Ի՞նչ է արհեստնիդ’,
34 Ըսէք. ‘Քու ծառաներդ մեր մանկութենէն մինչեւ հիմա՝ մենք ալ, մեր հայրերն ալ, խաշինքի տէր ենք’. որպէս զի Գեսեմի երկրին մէջ բնակիք. վասն զի ամէն հովիւ Եգիպտացիներուն առջեւ գարշելի է»։