ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 6

Երբ մարդիկ երկրի վրայ շատնալ սկսան ու իրենց աղջիկներ ծնան,
2 Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն գեղեցիկ ըլլալը տեսնելով՝ իրենց ընտրածներէն իրենց կիներ առին։
3 Եւ Տէրը ըսաւ. «Իմ հոգիս միշտ մարդու վրայ պիտի չմնայ. վասն զի անիկա մարմին է. բայց անոր օրերը հարիւր քսան տարի ըլլան»։
4 Այն օրերը երկրի մէջ հսկաներ կային։ Անկէ ետքն ալ երբ Աստուծոյ որդիները մարդոց աղջիկներուն կը մտնէին, որոնք անոնց զաւակներ կը ծնանէին, ասոնք հինէն ի վեր զօրաւոր ու անուանի մարդիկ էին։
5 Եւ Տէրը երբ տեսաւ, որ մարդոց չարութիւնը երկրի վրայ կը շատնայ եւ անոնց սրտին խորհուրդներուն բոլոր գաղափարները չար էին ամէն օր,
6 Տէրը երկրի վրայ մարդը ստեղծելուն զղջաց ու իր սրտին մէջ տրտմեցաւ
7 Եւ Տէրը ըսաւ. «Երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ ինչ որ ստեղծեցի, մարդէն մինչեւ անասունները եւ սողունները ու երկինքի թռչունները, վասն զի անոնք ստեղծելուս կը զղջամ»։
8 Բայց Նոյ Տէրոջը առջեւ շնորհք գտաւ։
9 Այս է Նոյին պատմութիւնը՝ ՝. Նոյ իր դարուն մարդոցը մէջ արդար ու կատարեալ մարդ մըն էր. Նոյ Աստուծոյ հետ քալեց։
10 Նոյ ծնաւ երեք որդի՝ Սէմը, Քամը ու Յաբեթը։
11 Երկիրը Աստուծոյ առջեւ ապականեցաւ եւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ։
12 Աստուած երկրի վրայ նայեցաւ եւ ահա ապականած էր, վասն զի երկրի վրայ ամէն մարմին իր ճամբան ապականեր էր։
13 Եւ Աստուած ըսաւ Նոյին. «Բոլոր մարմիններուն վերջը հասած է իմ առջեւս, քանզի երկիրը անոնց միջոցաւ անիրաւութեամբ լեցուեցաւ, ուստի զանոնք երկրին հետ պիտի աւերեմ։
14 Արդ դուն քեզի խժաբեր փայտէ տապան մը շինէ, տապանին մէջ խորշեր շինէ, զանիկա ներսէն ու դուրսէն ձիւթով ծեփէ։
15 Այս ձեւով շինես զանիկա։ Տապանին երկայնութիւնը երեք հարիւր կանգուն, լայնութիւնը յիսուն կանգուն եւ բարձրութիւնը երեսուն կանգուն ըլլայ։
16 Տապանին լուսամուտ շինէ ու զանիկա մէկ կանգունի չափով լմնցուր վերէն եւ տապանին դուռը մէկ կողմէն դիր. ներքնատունով, միջնատունով ու վերնատունով շինէ զանիկա։
17 Ես ահա երկրի վրա ջրհեղեղ պիտի բերեմ, երկնքի տակ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր մարմինները կորսնցնելու համար։ Երկրի վրայ ինչ որ կայ՝ պիտի սատկի։
18 Բայց քեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ ու տապանը պիտի մտնէք դուն ու քու որդիներդ եւ կինդ ու որդիներուդ կիները քեզի հետ։
19 Ամէն տեսակ անասուններէ, ամէն մարմինէ, իւրաքանչիւրէն երկերկու հատ տապանը բեր, որպէս զի քեզի հետ ողջ մնան. արու եւ էգ ըլլան անոնք։
20 Թռչուններէն իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասուններէն իրենց տեսակին պէս, երկրի բոլոր սողուններէն իրենց տեսակին պէս, իւրաքանչիւրէն երկերկու հատ քեզի պիտի գան ողջ մնալու համար։
21 Եւ դուն առ քեզի այն ամէն բաներէն որ կ’ուտուին ու քովդ հաւաքէ, որպէս զի քեզի եւ անոնց ուտելիք ըլլայ»։
22 Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս։