ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 21

Տէրը իր ըսածին պէս Սառային այցելեց եւ խոստացածին պէս ըրաւ Սառային։
2 Սառա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ Աբրահամին՝ իր ծերութեան ատենը, այն նոյն ժամանակին, որ Աստուած ըսեր էր անոր։
3 Եւ Աբրահամ իրեն ծնած, այսինքն Սառային իրեն ծնած, իր որդիին անունը Իսահակ դրաւ։
4 Եւ Աբրահամ թլփատեց իր որդին Իսահակը, երբ ութը օրուան եղաւ, ինչպէս Աստուած իրեն պատուիրեր էր։
5 Աբրահամ հարիւր տարեկան էր, երբ իր որդին Իսահակ ծնաւ իրեն։
6 Սառա ըսաւ. «Աստուած զիս խնդացուց եւ ամէն լսող ինծի հետ պիտի խնդայ»։
7 Նաեւ ըսաւ. «Աբրահամին ո՞վ կ’ըսէր, թէ Սառան տղաքներ պիտի սնուցանէ. քանզի իր ծերութեան ատեն իրեն որդի ծնայ»։
8 Տղան մեծցաւ ու կաթէն կտրուեցաւ եւ Աբրահամ մեծ խնճոյք ըրաւ Իսահակին կաթէն կտրուած օրը։
9 Սառա տեսնելով որ Եգիպտացի Հագարին որդին, որ Հագար Աբրահամին ծնաւ, ծաղր կ’ընէ,
10 Ըսաւ Աբրահամին. «Վռնտէ՛ այս աղախինը ու անոր որդին. վասն զի այս աղախինին որդին իմ որդիիս Իսահակին հետ ժառանգորդ պէտք չէ ըլլայ»։
11 Այս բանը Աբրահամին շատ դժուար երեւցաւ՝ իր որդիին պատճառով։
12 Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Տղուդ համար ու աղախինիդ համար՝ այդ բանը թող քեզի դժուար չերեւնայ, Սառային քեզի ըսած խօսքը մտիկ ըրէ, քանզի Իսահակով քու սերունդդ պիտի կոչուի։
13 Աղախինին որդին ալ ազգ մը պիտի ընեմ, վասն զի ան ալ քու սերունդդ է»։
14 Աբրահամ առտուն կանուխ ելաւ եւ հաց ու տիկ մը ջուր առաւ ու Հագարին տուաւ՝ անոր ուսին վրայ դնելով եւ տղան ալ տուաւ ու ղրկեց զանիկա։ Ան գնաց ու Բերսաբէէի անապատին մէջ անդին ասդին կը պտըտէր։
15 Երբ տիկին ջուրը հատաւ, մացառներէն մէկուն տակ ձգեց տղան։
16 Եւ նետընկեցի մը չափ հեռու գնաց ու գետինը նստաւ եւ ըսաւ. «Տղուն մեռնիլը չտեսնեմ» եւ գետինը նստելով իր ձայնը վերցուց ու լացաւ։
17 Աստուած տղուն ձայնը լսեց ու Աստուծոյ հրեշտակը երկնքէն կանչեց Հագարը ու անոր ըսաւ. «Հագա՛ր, քեզի ի՞նչ եղաւ. մի՛ վախնար, վասն զի Աստուած լսեց տղուն ձայնը՝ անոր եղած տեղէն։
18 Ելի՛ր, տղան վերցո՛ւր ու ձեռքովդ օգնէ անոր. վասն զի մեծ ազգ մը պիտի ընեմ զանիկա»։
19 Աստուած Հագարին աչքերը բացաւ ու ջրհոր մը տեսաւ եւ գնաց ու տիկը ջրով լեցուց ու տղուն խմցուց։
20 Աստուած տղուն հետ էր, որ մեծցաւ ու անապատը բնակեցաւ եւ աղեղնաւոր եղաւ։
21 Փառանի անապատին մէջ բնակեցաւ եւ մայրը անոր կին մը առաւ Եգիպտոսի երկրէն։
22 Այն ատեն Աբիմելէք եւ իր սպարապետը՝ Փիքօղ, խօսեցան Աբրահամին ըսելով. «Աստուած քեզի հետ է ամէն բանի մէջ՝ ինչ որ գործես։
23 Եւ հիմա հոս ինծի երդում ըրէ Աստուծմով, որ ինծի ու իմ զաւկիս եւ իմ սերունդիս հետ նենգութեամբ պիտի չվարուիս. հապա իմ քեզի ըրած երախտիքիս պէս պիտի ընես ինծի ու այս երկրին՝ որուն մէջ բնակեր ես»։
24 Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Ես երդում կ’ընեմ»։
25 Ու Աբրահամ յանդիմանեց Աբիմելէքը ջրհորի մը համար, որ Աբիմելէքի ծառաները բռնութեամբ առած էին։
26 Աբիմելէք ըսաւ. «Այդ բանը ո՛վ ըրաւ չեմ գիտեր եւ դուն ալ չիմացուցիր ինծի ու ես ալ լսած չէի, միայն այսօր իմացայ»։
27 Եւ Աբրահամ ոչխարներ ու արջառներ առաւ ու Աբիմելէքին տուաւ ու երկուքն ալ ուխտ ըրին։
28 Եւ Աբրահամ ոչխարներէն եօթը հատ էգ գառներ զատ դրաւ։
29 Ու Աբիմելէք ըսաւ Աբրահամին. «Ինչ պիտի ըլլան այդ եօթը էգ գառները, որոնք դուն զատեցիր»։
30 Եւ անիկա ըսաւ. «Այս եօթը էգ գառները իմ ձեռքէս առ, որպէս զի անոնք վկայ ըլլան թէ այս հորը ես փորեր եմ»։
31 Անոր համար այն տեղին անունը Բերսաբէէ կոչեց. քանզի երկուքն ալ հոն երդում ըրին։
32 Եւ Բերսաբէէի մէջ ուխտ ըրին։ Այն ատեն ելան Աբիմելէքն ու իր սպարապետը Փիքօղ եւ Փղշտացիներու երկիրը դարձան։
33 Եւ Աբրահամ ծառեր տնկեց Բերսաբէէի մէջ ու հոն յաւիտենական Աստուծոյ, Եհովային անունը կանչեց։
34 Եւ Աբրահամ շատ օրեր պանդխտութիւն ըրաւ Փղշտացիներու երկրին մէջ։