ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 43

Սովը սաստկացաւ երկրին մէջ
2 Ու Եգիպտոսէն բերուած պաշարնին կերան ու հատցուցին։ Հայրերնին ըսաւ անոնց. «Գացէք նորէն մեզի քիչ մը ուտելիք ծախու առէք»։
3 Յուդա խօսեցաւ անոր՝ ըսելով. «Այն մարդը մեզի հաստատ վկայութեամբ խօսելով՝ ըսաւ. ‘Եթէ ձեր եղբայրը ձեզի հետ չըլլայ, իմ երեսս պիտի չտեսնէք’։
4 Եթէ մեր եղբայրը մեզի հետ ղրկես, կ’իջնենք ու ուտելիք ծախու կ’առնենք.
5 Բայց եթէ չղրկես, չենք իջներ. վասն զի այն մարդը ըսաւ մեզի. ‘Եթէ ձեր եղբայրը ձեզի հետ չըլլայ, իմ երեսս պիտի չտեսնէք’»։
6 Իսրայէլ ըսաւ. «Ինչո՞ւ համար չարութիւն ըրիք ինծի՝ այն մարդուն իմացնելով թէ ուրիշ եղբայր ունիք»։
7 Անոնք ըսին. «Այն մարդը մեզի համար ու մեր ազգականներուն համար ճշդիւ հարցուց՝ ըսելով. ‘Ձեր հայրը տակաւին ո՞ղջ է, ուրիշ եղբայր ունի՞ք’. մենք ալ այս խօսքերուն համեմատ պատասխան տուինք անոր. արդեօք մենք կրնայի՞նք գիտնալ թէ անիկա պիտի ըսէ՝ ‘Ձեր եղբայրը իջեցուցէք’»։
8 Յուդա իր հօրը Իսրայէլին ըսաւ. «Տղան ինծի հետ ղրկէ ու ելլենք երթանք, որպէս զի ողջ մնանք ու չմեռնինք, մենք ալ, դուն ալ, մեր ընտանիքներն ալ։
9 Ես երաշխաւոր կ’ըլլամ անոր համար։ Զանիկա իմ ձեռքէս պահանջէ. եթէ զանիկա քեզի չբերեմ ու քու առջեւդ չկայնեցնեմ, յաւիտեան քեզ հանդէպ յանցաւոր ըլլամ։
10 Քանզի եթէ չյապաղէինք, մինչեւ հիմա երկրորդ անգամ դարձած կ’ըլլայինք»։
11 Անոնց հայրը Իսրայէլ ըսաւ անոնց. «Եթէ այդպէս է, հիմա այս ըրէք։ Ձեր ամաններուն մէջ երկրիս ամենէն աղէկ պտուղներէն առէք ու մարդուն ընծայ տարէք, քիչ մը բալասան եւ քիչ մը մեղր, համեմներ ու զմուռս, պիստակ ու նուշ
12 Եւ ձեռքերնիդ կրկնապատիկ ստակ առէք ու ձեր քուրձերուն բերանը դրուած ստակն ալ, որ ետ բերուեցաւ, ձեռքերնիդ առած ետ տարէք. գուցէ սխալմունք եղած էր.
13 Եղբայրնիդ ալ առէք ու ելէք նորէն այն մարդուն գացէք։
14 Եւ Ամենակարող Աստուած ձեզի շնորհք գտնել տայ այն մարդուն առջեւ, որպէս զի ձեր Շմաւոն եղբայրն ու Բենիամինը թող տայ ձեզի։ Բայց եթէ անզաւակ մնալու եմ, թող անզաւակ մնամ»։
15 Ապա մարդիկը առին այս ընծաները ու ձեռքերնին կրկնապատիկ ստակ առին՝ նաեւ Բենիամինը ու ելան Եգիպտոս իջան եւ Յովսէփին առջեւ կայնեցան։
16 Երբ Յովսէփ Բենիամինը անոնց հետ տեսաւ, իր տանը վերակացուին ըսաւ. «Տուն տար այս մարդիկը ու պարարտ կենդանիներ մորթէ եւ պատրաստէ. վասն զի այս մարդիկը կէսօրին ինծի հետ պիտի ճաշեն»։
17 Սպասաւորը Յովսէփին ըսածին պէս ըրաւ ու Յովսէփին տունը տարաւ մարդիկը։
18 Մարդիկը վախցան Յովսէփին տունը տարուելնուն համար ու ըսին. «Առաջին անգամին մեր քուրձերուն մէջ դարձած ստակին համար կը տարուինք, որ մեր վրայ յարձակի ու մեր վրայ իյնայ մեզ իբր ծառայ առնէ ու մեր էշերը»։
19 Յովսէփին տանը վերակացուն եղող մարդուն մօտեցան ու տանը դրանը մէջ խօսեցան անոր
20 Ու ըսին. «Ո՜հ, տէ՛ր, ասկէ առաջ կերակուր ծախու առնելու իջանք։
21 Երբ իջեւան մը հասանք, մեր քուրձերը բացինք, ահա ամէն մէկուս ստակը իր քուրձին բերանն էր, մեր ստակը լման կշիռքովը եւ զանիկա մեր ձեռքովը ետ բերինք։
22 Ու ձեռքերնուս մէջ ուրիշ ստակ բերինք՝ կերակուր ծախու առնելու համար։ Չենք գիտեր թէ ո՞վ դրաւ մեր ստակը մեր քուրձերուն մէջ»։
23 Անիկա ըսաւ. «Խաղաղութիւն ձեզի, մի՛ վախնաք. ձեր Աստուածը եւ ձեր հօրը Աստուածը ձեզի գանձ տուաւ ձեր քուրձերուն մէջ. ես առի ձեր ստակը»։ Եւ Շմաւոնը դուրս հանեց անոնց։
24 Սպասաւորը Յովսէփին տունը տարաւ մարդիկը եւ ջուր տուաւ անոնց ու իրենց ոտքերը լուացին ու անոնց էշերուն կեր տուաւ։
25 Անոնք ալ ընծաները պատրաստեցին՝ մինչեւ Յովսէփին տուն գալը. քանզի իմացան թէ իրենք հոն հաց պիտի ուտեն։
26 Երբ Յովսէփ տուն եկաւ, իրենց ձեռքը եղած ընծաները անոր մատուցանեցին տանը մէջ ու մինչեւ գետինը ծռելով անոր խոնարհութիւն ըրին։
27 Յովսէփ անոնց ողջութիւնը հարցուց՝ ըսելով. «Ձեր ծեր հայրը, որուն վրայով խօսեցաք ինծի, աղէ՞կ է. տակաւին ո՞ղջ է»։
28 Ըսին. «Քու ծառադ՝ մեր հայրը՝ աղէկ է, տակաւին ողջ է» եւ ծռեցան ու խոնարհութիւն ըրին։
29 Յովսէփ իր աչքերը վերցուց ու իր մօրը որդին, իր եղբայրը Բենիամինը տեսաւ եւ ըսաւ. «Ա՞ս է ձեր պզտիկ եղբայրը, որուն վրայով խօսեցաք ինծի» եւ ըսաւ Բենիամինին. «Աստուած ողորմի քեզի, որդեակ իմ»։
30 Յովսէփ շուտով դուրս ելաւ. քանզի իր աղիքը գալարուեցան իր եղբօրը վրայ եւ լալու տեղ կը փնտռէր ու ներքին սենեակը մտաւ ու հոն լացաւ։
31 Ապա լուաց իր երեսը ու դուրս ելաւ եւ զսպեց ինքզինք ու ըսաւ. «Հաց բերէք»։
32 Իրեն զատ ու անոնց զատ եւ իրեն հետ ուտող Եգիպտացիներուն զատ կերակուր դրին. քանզի Եգիպտացիները Եբրայեցիներուն հետ հաց չէին կրնար ուտել, վասն զի Եգիպտացիներուն զզուելի էր։
33 Եգիպտացիները նստան անոր առջեւ, անդրանիկը իր անդրանկութեանը պէս եւ պզտիկը իր պզտկութեանը պէս եւ մարդիկը իրարու նայելով կը զարմանային։
34 Յովսէփ իր առջեւէն բաժիններ ղրկեց անոնց. բայց Բենիամինին բաժինը միւսներուն բաժինին հինգ անգամն էր եւ խմեցին ու անոր հետ մէկտեղ զուարթացան։