ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 1
Սկիզբէն Աստուած երկինքն ու երկիրը ստեղծեց։
2 Երկիրը անձեւ ու պարապ էր եւ անդունդին վրայ խաւար կար եւ Աստուծոյ Հոգին ջուրերուն վրայ կը շարժէր։
3 Աստուած ըսաւ. «Լոյս ըլլայ» ու լոյս եղաւ։
4 Աստուած տեսաւ որ լոյսը բարի է ու Աստուած լոյսը խաւարէն զատեց։
5 Աստուած լոյսին անունը Ցորեկ եւ խաւարին անունը Գիշեր դրաւ։ Իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ առաջին օրը եղաւ։
6 Եւ Աստուած ըսաւ. «Ջուրերուն մէջտեղը հաստատութիւն ըլլայ եւ ջուրերը ջուրերէն զատէ»։
7 Աստուած հաստատութիւնը ըրաւ ու հաստատութեանը տակ եղած ջուրերը հաստատութեանը վրայ եղած ջուրերէն զատեց ու այնպէս եղաւ։
8 Աստուած հաստատութիւնը Երկինք կոչեց եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երկրորդ օրը եղաւ։
9 Աստուած ըսաւ. «Երկնքի տակ եղած ջուրերը մէկտեղ թող հաւաքուին ու ցամաքը երեւնայ» եւ այնպէս եղաւ։
10 Աստուած ցամաքին անունը Երկիր դրաւ ու հաւաքուած ջուրերը Ծով կոչեց։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։
11 Աստուած ըսաւ. «Երկիրը կանաչ խոտ թող բուսցնէ, սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս պտուղ տուող պտղաբեր ծառ, որ իր մէջ իր սերմը ունենայ երկրի վրայ» ու այնպէս եղաւ։
12 Ու երկիրը կանաչ խոտ, իր տեսակին պէս սերմ տուող խոտ եւ իր տեսակին պէս սերմ ունեցող պտղաբեր ծառ հանեց։
13 Աստուած տեսաւ որ բարի են։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ երրորդ օրը եղաւ։
14 Աստուած ըսաւ. «Երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորներ թող ըլլան, որպէս զի ցորեկը գիշերէն զատեն եւ նշաններու ու ատեններու եւ օրերու ու տարիներու համար ըլլան։
15 Ու երկնքի հաստատութեանը մէջ լուսաւորելու համար ըլլան, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան» ու այնպէս եղաւ։
16 Եւ Աստուած երկու մեծ լուսաւորներ ըրաւ։ Մեծ լուսաւորը ցորեկուան իշխելու համար ու պզտիկ լուսաւորը գիշերուան իշխելու համար։ Աստղերն ալ ըրաւ։
17 Եւ Աստուած երկնքի հաստատութեանը մէջ դրաւ զանոնք, որպէս զի երկրի վրայ լոյս տան
18 Եւ ցորեկուան ու գիշերուան իշխեն եւ լոյսը խաւարէն զատեն։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։
19 Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ չորրորդ օրը եղաւ։
20 Աստուած ըսաւ. «Ջուրերը կենդանութեան շունչ ունեցող շատ սողուններ թող հանեն եւ թռչունները երկրի վրայ, երկնքի հաստատութեանը երեսը թող թռչին»։
21 Աստուած ստեղծեց մեծամեծ կէտերը եւ ամէն սողացող շնչաւոր կենդանի, որոնք ջուրերը առատ հանեցին իրենց տեսակին պէս ու ամէն թեւաւոր թռչուն՝ իր տեսակին պէս։ Աստուած տեսաւ որ բարի են։
22 Աստուած օրհնեց զանոնք՝ ըսելով. «Աճեցէք ու շատցէք եւ ծովերուն մէջ եղած ջուրերը լեցուցէք. թռչուններն ալ երկրի վրայ թող շատնան»։
23 Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ հինգերորդ օրը եղաւ։
24 Աստուած ըսաւ. «Երկիրը թող հանէ շնչաւոր կենդանի՝ իր տեսակին պէս՝ անասուններ, սողուններ ու երկրի գազաններ՝ իրենց տեսակին պէս»։ Եւ այնպէս եղաւ։
25 Աստուած երկրի գազանները իրենց տեսակին պէս եւ ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու գետնի բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս ըրաւ։ Աստուած տեսաւ, որ բարի են։
26 Աստուած ըսաւ. «Մեր պատկերին ու նմանութեանը պէս մարդ ընենք։ Ան ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ անասուններուն ու բոլոր երկրի ու սողացող բոլոր սողուններուն վրայ թող իշխէ»։
27 Աստուած՝ իր պատկերովը ստեղծեց մարդը. Աստուծոյ պատկերովը ստեղծեց զանիկա, արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք։
28 Աստուած օրհնեց զանոնք եւ Աստուած անոնց ըսաւ. «Աճեցէք ու շատցէք ու երկիրը լեցուցէք եւ անոր տիրեցէք ու ծովու ձուկերուն ու երկնքի թռչուններուն եւ երկրի վրայ սողացող բոլոր կենդանիներուն իշխեցէք»։
29 Աստուած ըսաւ. «Ահա ձեզի տուի բոլոր երկրի վրայ եղած ամէն սերմ ունեցող խոտ ու ամէն ծառ, որուն մէջ սերմ տուող ծառի պտուղ կայ։ Ասոնք ձեզի կերակուր պիտի ըլլան։
30 Ու երկրի բոլոր գազաններուն ու երկնքի բոլոր թռչուններուն եւ երկրի վրայ կենդանութեան շունչ ունեցող բոլոր սողուններուն՝ կերակուրի համար կանաչ խոտ տուի»։ Ու այնպէս եղաւ։
31 Եւ Աստուած իր բոլոր ըրածը տեսաւ։ Ահա շատ բարի էր։ Եւ իրիկուն ու առտու ըլլալով՝ վեցերորդ օրը եղաւ։