ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 37
And Յակոբ իր հօրը պանդխտացած երկրին՝ Քանանի մէջ բնակեցաւ։
2 Ասոնք են Յակոբին սերունդները։ Յովսէփ տասնըեօթը տարեկան էր, երբ իր եղբայրներուն հետ հօտերը կ’արածէր եւ պատանի ըլլալով՝ իր հօրը կիներուն Բաղղայի որդիներուն հետ ու Զեղբայի որդիներուն հետ էր։ Յովսէփ անոնց չար լուրը անոնց հօրը կը բերէր։
3 Իսրայէլ իր բոլոր որդիներէն աւելի կը սիրէր Յովսէփը, քանզի իր ծերութեանը որդին էր անիկա եւ բազմագոյն պատմուճան մը շինեց անոր։
4 Անոր եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը զանիկա իր բոլոր եղբայրներէն աւելի կը սիրէր, ատեցին զանիկա ու խաղաղութեամբ չէին կրնար խօսիլ անոր հետ։
5 Յովսէփ երազ մը տեսաւ ու իր եղբայրներուն պատմեց։ Անոնք աւելի ատեցին զանիկա։
6 Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Կ’աղաչեմ ձեզի, մտիկ ըրէք այս իմ տեսած երազս.
7 ‘Ահա մենք դաշտին մէջ որաներ կը կապէինք։ Իմ որաս ելաւ ու շիտակ կանգնեցաւ եւ ձեր որաներ անոր բոլորտիքը կանգնեցան ու իմ որայիս երկրպագութիւն ըրին։
8 Անոր եղբայրները ըսին անոր. «Իրաւցընէ մեր վրա՞յ պիտի թագաւորես, կամ իրաւցընէ մեր վրա՞յ պիտի տիրես»։ Անոր երազներուն ու խօսքերուն համար աւելի ատեցին զանիկա։
9 Ուրիշ երազ մըն ալ տեսաւ ու զանիկա իր եղբայրներուն պատմեց ու ըսաւ. «Ահա երազ մըն ալ տեսայ։ Ահա արեւն ու լուսինը ու տասնըմէկ աստղեր ինծի երկրպագութիւն ըրին»։
10 Երբ իր հօրը ու իր եղբայրներուն պատմեց, հայրը յանդիմանեց զանիկա ու ըսաւ անոր. «Ի՞նչ է այս քու տեսած երազդ. միթէ ես ու քու մայրդ եւ քու եղբայրներդ իրաւցընէ՞ պիտի գանք՝ մինչեւ գետին քեզի խոնարհութիւն ընելու»։
11 Եղբայրները նախանձեցան անոր, բայց հայրը իր միտքը պահեց այս խօսքերը։
12 Անոր եղբայրները գացին, որ իրենց հօրը հօտերը Սիւքէմի մէջ արածեն։
13 Իսրայէլ ըսաւ Յովսէփին. «Քու եղբայրներդ Սիւքէմի մէջ չե՞ն արածեր ոչխարները. եկուր ես քեզ անոնց ղրկեմ». Անիկա ըսաւ. «Ահա ես հոս եմ»։
14 Եւ հայրը ըսաւ անոր. «Գնա՛. նայէ՛ թէ քու եղբայրներդ ողջ առո՞ղջ են եւ հօտերը ո՞ղջ են ու ինծի լուր մը բեր»։ Այսպէս ղրկեց զանիկա Քեբրոնի հովիտէն։ Ան ալ Սիւքէմ գնաց։
15 Ու մարդ մը գտաւ զանիկա, որ դաշտին մէջ ասդին անդին կը պտըտէր։ Այն մարդը հարցուց անոր ըսելով. «Ի՞նչ կը փնտռես»։
16 Անիկա ըսաւ. «Իմ եղբայրներս կը փնտռեմ. կ’աղաչեմ, ըսէ՛ ինծի, անոնք ո՞ւր կ’արածեն»։
17 Այն մարդը ըսաւ. «Ասկէ ելան, քանզի լսեցի որ ‘Դօթայիմ երթանք’, կ’ըսէին»։ Յովսէփ իր եղբայրներուն ետեւէն գնաց ու Դօթայիմի մէջ գտաւ զանոնք։
18 Երբ եղբայրները զանիկա հեռուէն տեսան, դեռ ինք անոնց չմօտեցած, զանիկա մեռցնելու դաւադրութիւն ըրին
19 Ու իրարու ըսին. «Ահա այն երազ տեսնողը՝ ՝ կու գայ,
20 Ուստի հիմա եկէք մեռցնենք զանիկա ու գուբի մէջ նետենք ու ըսենք թէ ‘Չար գազան մը կերաւ զանիկա’ եւ տեսնենք թէ անոր երազները ի՛նչ պիտի ըլլան»։
21 Ռուբէն լսածին պէս՝ անոնց ձեռքէն ազատեց զանիկա, ըսելով. «Չմեռցնենք զանիկա»
22 Եւ Ռուբէն ըսաւ անոնց. «Արիւն մի՛ թափէք, բայց զանիկա այս գուբը նետեցէք, որ անապատին մէջ է եւ անոր ձեռք մի՛ զարնէք»։ Այս կ’ըսէր՝ որպէս զի կարենայ ազատել զանիկա անոնց ձեռքէն, իր հօրը դարձնելու համար։
23 Յովսէփ իր եղբայրներուն քով եկածին պէս՝ մերկացուցին Յովսէփը իր պատմուճանէն, այսինքն իր վրայի բազմագոյն պատմուճանէն
24 Եւ առին զանիկա ու գուբը նետեցին։ Գուբը դատարկ էր, մէջը ջուր չկար։
25 Երբ նստան հաց ուտելու, իրենց աչքերը վերցուցին ու տեսան, որ Իսմայելացիներու մէկ կարաւանը կու գար Գաղաադէն, որ իրենց ուղտերը համեմներով եւ բալասանով ու զմուռսով բեռնաւորած Եգիպտոս տանելու կ’երթային։
26 Եւ Յուդա ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ի՞նչ օգուտ կ’ըլլայ եթէ մեր եղբայրը մեռցնենք ու անոր արիւնը ծածկենք.
27 Եկէ՛ք Իսմայելացիներուն ծախենք զանիկա եւ մեր ձեռքը անոր չդպչի. քանզի անիկա մեր եղբայրը ու մեր մարմինն է»։ Անոր եղբայրները հաճեցան։
28 Ու երբ Մադիանացի վաճառականները կ’անցնէին, Յովսէփը գուբէն քաշեցին ու դուրս հանեցին իր եղբայրները եւ Իսմայելացիներուն ծախեցին Յովսէփը քսան կտոր արծաթի։ Անոնք ալ Յովսէփը Եգիպտոս տարին։
29 Երբ Ռուբէն դէպի գուբը գնաց եւ ահա Յովսէփ գուբին մէջ չէր ու իր հանդերձները պատռեց։
30 Դարձաւ իր եղբայրներուն ու ըսաւ. «Տղան չկայ ու ես ո՞ւր երթամ»։
31 Եղբայրները առին Յովսէփին պատմուճանը, այծերէն նոխազ մը մորթեցին եւ պատմուճանը անոր արեան մէջ թաթխեցին։
32 Բազմագոյն պատմուճանը իրենց հօրը ղրկեցին ու ըսին. «Ասիկա գտանք մենք. տես թէ ասիկա քու որդիիդ պատմուճա՞նն է՝ թէ ոչ»։
33 Յակոբ ճանչցաւ զայն ու ըսաւ. «Իմ որդիիս պատմուճանն է, չար գազան մը կերած է զանիկա։ Յովսէփ անշուշտ գիշատուեցաւ»։
34 Եւ Յակոբ պատռեց իր հանդերձները ու քուրձ հագաւ իր մէջքին վրայ եւ իր որդիին համար շատ օրեր սուգ ըրաւ։
35 Իր բոլոր որդիներն ու իր բոլոր աղջիկները զինք մխիթարելու ելան. բայց ինք մխիթարուիլ չէր ուզեր ու ըսաւ. «Ես սուգով պիտի իջնեմ գերեզման՝ իմ որդիիս քով»։ Այսպէս անոր հայրը լացաւ անոր համար։ 36Մադիանացիները ծախեցին զանիկա Եգիպտոսի մէջ՝ Փարաւոնին ներքինիին՝ Պետափրէս դահճապետին։