ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 39

Յովսէփը Եգիպտոս իջեցուցին եւ Փարաւոնին ներքինին՝ Եգիպտացի Պետափրէս դահճապետը ծախու առաւ զանիկա Իսմայելացիներուն ձեռքէն, որոնք զանիկա հոն իջեցուցին։
2 Տէրը Յովսէփին հետ էր ու անիկա յաջողակ մարդ մըն էր ու իր Եգիպտացի տիրոջը տունն էր անիկա։
3 Անոր տէրը տեսաւ որ Տէրը անոր հետ է եւ թէ ինչ որ ընէր, Տէրը կը յաջողցնէր անոր ձեռքով։
4 Յովսէփ շնորհք գտաւ անոր առջեւ ու կը ծառայէր անոր, որ իր տանը վրայ վերակացու ըրաւ զանիկա եւ իր բոլոր ունեցածը անոր ձեռքը յանձնեց։
5 Այն օրէն, երբ Յովսէփը իր տանը ու իր բոլոր ունեցածին վրայ վերակացու եղաւ, Տէրը Եգիպտացիին տունը օրհնեց Յովսէփին համար։ Թէ՛ տանը մէջ եւ թէ՛ դաշտին մէջ անոր բոլոր ունեցածին վրայ Տէրոջը օրհնութիւնը եղաւ։
6 Պետափրէս իր բոլոր ունեցածը Յովսէփին ձեռքը թողուց ու ինչ որ կար անոր քով՝ չէր գիտեր՝ իր կերած հացէն զատ։ Յովսէփ գեղեցիկ էր դէմքով ու գեղեցիկ՝ տեսքով։
7 Ժամանակ մը յետոյ՝ անոր տիրոջը կինը աչք տնկեց Յովսէփին վրայ ու ըսաւ. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։
8 Բայց Յովսէփ չհաճեցաւ։ Իր տիրոջը կնոջը ըսաւ. «Ահա իմ տէրս տանը մէջ իմ քովս ինչ որ կայ՝ չի գիտեր եւ իր բոլոր ունեցածը իմ ձեռքս յանձնեց.
9 Այս տանը մէջ ինծմէ մեծը չկայ ու բա՛ն մը ինծմէ չարգիլեց՝ քեզմէ զատ, վասն զի դուն անոր կինն ես. ուրեմն ես ի՜նչպէս այս մեծ չարութիւնը ընեմ ու Աստուծոյ դէմ մեղանչեմ»։
10 Թէեւ կինը օրէ օր Յովսէփին կ’ըսէր, բայց անիկա մտիկ չէր ըներ անոր՝ որ հետը պառկի կամ հետը ըլլայ։
11 Օր մը Յովսէփ գործի համար տուն եկաւ եւ հոն տանը մէջ տանը մարդոցմէն մէ՛կը չկար։
12 Տիկինը բռնեց անոր հանդերձէն՝ ըսելով. «Պառկէ՛ ինծի հետ»։ Յովսէփ իր հանդերձը անոր ձեռքը թողուց ու փախաւ, դուրս ելաւ։
13 Երբ կինը տեսաւ որ Յովսէփ հանդերձը իր ձեռքը թողուց ու դուրս փախաւ,
14 Իր տանը մարդիկը կանչեց եւ անոնց ըսաւ. «Նայեցէ՛ք, տէրս մեզի Եբրայեցի մը բերաւ մեզ խայտառակ ընելու համար։ Անիկա ինծի եկաւ՝ ինծի հետ պառկելու համար, բայց ես բարձր ձայնով պոռացի։
15 Ու երբ լսեց իմ բարձր ձայնով պոռալս, իր հանդերձը քովս թողուց եւ փախաւ դուրս ելաւ»։
16 Ու մինչեւ որ անոր տէրը տուն եկաւ, անոր հանդերձը իր քով պահեց։
17 Ապա խօսեցաւ անոր այս խօսքերը՝ ըսելով. «Այն Եբրայեցի ծառան, որ դուն մեզի բերիր, զիս խայտառակ ընելու համար եկաւ ինծի։
18 Ու երբ իմ ձայնս վերցուցի ու պոռացի, իր հանդերձը քովս թողուց ու դուրս փախաւ»։
19 Երբ անոր տէրը լսեց իր կնոջ խօսքերը, որոնք խօսեցաւ իրեն՝ ըսելով. «Քու ծառադ ինծի այսպէս ըրաւ», իր բարկութիւնը բորբոքեցաւ։
20 Յովսէփին տէրը առաւ զանիկա ու բանտը դրաւ, այն տեղը, ուր թագաւորին բանտարկեալները կապուած էին։ Հոն բանտին մէջ մնաց։
21 Բայց Տէրը Յովսէփին հետ էր ու ողորմութիւն ցուցուց անոր եւ բանտապետին առջեւ շնորհք գտնել տուաւ անոր։
22 Բանտապետը Յովսէփին ձեռքը յանձնեց բանտին մէջ եղած բոլոր բանտարկեալները։ Հոն ամէն գործ տեսնողը ան էր։
23 Բանտապետը անոր ձեռքը եղած մէ՛կ բանին չէր նայեր. վասն զի Տէրը անոր հետ էր եւ անոր բոլոր ըրածները Տէրը կը յաջողցնէր։