ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 18
Տէրը երեւցաւ Աբրահամին Մամբրէի կաղնիներուն մէջ, երբ անիկա օրուան տաք ատենը վրանին դուռը նստեր էր
2 Եւ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ, ահա երեք մարդիկ կայներ էին իրեն մօտ ու երբ տեսաւ զանոնք, վրանին դռնէն վազեց զանոնք դիմաւորելու ու մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ
3 Եւ ըսաւ. «Տէ՛ր իմ, հիմա եթէ շնորհք գտայ քու առջեւդ, կ’աղաչեմ քեզի, քու ծառայիդ բնակարանէն մի՛ անցնիր.
4 Կ’աղաչեմ ձեզի, քիչ մը ջուր բերուի ու ոտքերնիդ լուացէք ու ծառին տակ հանգստացէ՛ք.
5 Եւ պատառ մը հաց բերեմ ու սրտերնիդ զօրացուցէք, ետքը անցէք. քանզի ասոր համար ձեր ծառային քով եկաք»։ Անոնք ըսին. «Ինչպէս ըսիր, այնպէս ըրէ»։
6 Աբրահամ արտորալով դէպի վրանը Սառայի գնաց ու ըսաւ. «Շուտով երեք գրիւ բարակ ալիւր շաղէ ու շօթեր շինէ»։
7 Եւ Աբրահամ վազեց արջառներուն ու մատղաշ ու աղէկ հորթ մը առաւ ու պատանիի մը տուաւ. ան ալ շուտով պատրաստեց զանիկա։
8 Եւ կոգի ու կաթ ու իր պատրաստած հորթը առաւ եւ անոնց առջեւ դրաւ ու ինք ծառին տակ անոնց քով կայնեցաւ։ Անոնք կերան
9 Եւ ըսին իրեն. «Ո՞ւր է քու Սառա կինդ» ու ինք ըսաւ. «Ահա վրանին մէջ է»։
10 Տէրը ըսաւ. «Գալ տարի՝ ՝ անշուշտ քեզի պիտի դառնամ եւ ահա քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ունենայ»։ Սառա մտիկ կ’ընէր վրանին դրանը մէջ՝ որ անոր ետեւն էր.
11 Աբրահամ ու Սառա ծերացած էին ու օրերնին անցուցած եւ Սառայէն պակսած էր կանանց օրէնքին մէջ ըլլալը։
12 Սառա իր մտքին մէջ խնդաց՝ ըսելով. «Ես պառաւնալէս ետքը զուարճութի՞ւն պիտի ունենամ, արդէն տէրս ալ ծերացած է»։
13 Եւ Տէրը ըսաւ Աբրահամին. «Սառան ինչո՞ւ խնդաց՝ ըսելով. ‘Միթէ ես իրաւցընէ՞ պիտի ծնանիմ, որ պառաւցեր եմ’։
14 Տէրոջը առջեւ դժուարին բան կա՞յ արդեօք։ Սահմանուած ժամանակին, գալ տարի, քեզի պիտի դառնամ ու Սառան որդի մը պիտի ունենայ»։
15 Բայց Սառա ուրացաւ ու ըսաւ. «Չխնդացի». քանզի վախցաւ։ Եւ Տէրը ըսաւ. «Ո՛չ, խնդացիր»։
16 Մարդիկը ելան անկէ ու երեսնին դէպի Սոդոմ շտկեցին։ Աբրահամ զանոնք ճամբեցնելու համար անոնց հետ գնաց։
17 Եւ Տէրը ըսաւ. «Միթէ Աբրահամէն պիտի պահե՞մ ինչ որ պիտի ընեմ.
18 Որովհետեւ Աբրահամ անշուշտ մեծ ու զօրաւոր ազգ մը պիտի ըլլայ ու երկրի բոլոր ազգերը անով պիտի օրհնուին։
19 Քանզի գիտեմ զանիկա, որ իր որդիներուն ու իրմէ ետքը իր տանը պիտի պատուիրէ եւ անոնք արդարութիւն ու իրաւունք ընելու համար՝ Տէրոջը ճամբան պիտի պահեն. որպէս զի Տէրը Աբրահամին վրայ բերէ, ինչ որ խօսեցաւ»։
20 Եւ Տէրը ըսաւ. «Որովհետեւ Սոդոմի ու Գոմորի աղաղակը շատցաւ եւ անոնց մեղքը խիստ ծանրացաւ,
21 Հիմա պիտի իջնեմ տեսնելու՝ թէ բոլորովին ինծի եկած աղաղակին պէս ըրի՞ն եւ եթէ ոչ՝ գիտնամ»։
22 Այն մարդիկը անկէ ելան ու դէպի Սոդոմ գացին։ Աբրահամ տակաւին Տէրոջը առջեւ կայներ էր։
23 Եւ Աբրահամ մօտեցաւ ու ըսաւ. «Արդեօք ամբարիշտին հետ արդա՞րն ալ պիտի կորսնցնես.
24 Թերեւս այն քաղաքին մէջ յիսուն արդար ըլլան. արդեօք անոր մէջ եղած յիսուն արդարին համար չխնայելով պիտի կորսնցնե՞ս այն տեղը։
25 Քա՛ւ լիցի որ այսպիսի բան մը կատարես, որ արդարը ամբարշտին հետ մեռցնես ու արդարը ամբարշտի պէս ըլլայ։ Քա՛ւ լիցի, միթէ բոլոր երկրի Դատաւորը արդարութիւն պիտի չընէ՞»։
26 Եւ Տէրը ըսաւ. «Եթէ Սոդոմի մէջ յիսուն արդար գտնեմ, անոնց համար բոլորին պիտի խնայեմ»։
27 Աբրահամ պատասխան տուաւ ու ըսաւ. «Ահա հիմա, ես որ հող ու մոխիր եմ, Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ.
28 Թերեւս յիսուն արդարէն հինգ պակաս ըլլայ, այն հինգին համար բոլոր քաղաքը պիտի կորսնցնե՞ս»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն քառասունըհինգ տեսնեմ, չեմ կորսնցներ»։
29 Դարձեալ խօսեցաւ Աբրահամ ու ըսաւ. «Թերեւս հոն քառասուն գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Քառասունին համար ալ պիտի չընեմ»։
30 Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու խօսիմ. Թերեւս հոն երեսուն գտնուի»։ Տէրը ըսաւ. «Եթէ հոն երեսուն գտնուի, պիտի չընեմ»։
31 Եւ ինք ըսաւ. «Ահա իմ Տէրոջը հետ խօսելու սկսայ. Թերեւս հոն քսան գտնուի»։ Անիկա ըսաւ. «Քսանին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։
32 Եւ ինք ըսաւ. «Ո՜հ, Տէրը չբարկանայ ու միայն այս անգամ ալ խօսիմ. Թերեւս հոն տասը գտնուի»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Տասին համար ալ պիտի չկորսնցնեմ»։
33 Եւ Տէրը Աբրահամին հետ խօսիլը լմնցուցածին պէս՝ գնաց։ Աբրահամ ալ իր տեղը դարձաւ։