ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 23

Սառա հարիւր քսանըեօթը տարի ապրեցաւ. այսքան եղան Սառային կեանքին տարիները։
2 Սառա մեռաւ Կարիաթ Արբայի մէջ, որ է Քեբրոն, Քանանի երկրին մէջ։ Աբրահամ Սառային համար սուգ ընելու ու ողբալու եկաւ։
3 Աբրահամ իր մեռելին քովէն ելաւ ու Քետի որդիներուն հետ խօսեցաւ՝ ըսելով.
4 «Ես ձեր մէջ օտարական ու պանդուխտ եմ. ձեր մէջ ինծի գերեզմանի համար կալուած մը տուէք, որպէս զի իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ»։
5 Եւ Քետի որդիները պատասխան տուին Աբրահամին ու անոր ըսին.
6 «Տէ՛ր իմ, մտիկ ըրէ մեզի, դուն մեր մէջ Աստուծոյ իշխանն ես։ Մեր ամենէն ընտիր գերեզմանին մէջ թաղէ քու մեռելդ։ Քու մեռելդ թաղելու համար՝ մեզմէ մէ՛կը չի խնայեր իր գերեզմանը քեզի»։
7 Աբրահամ ելաւ ու խոնարհութիւն ըրաւ այն երկրին ժողովուրդին, Քետի որդիներուն
8 Եւ անոնց ըսաւ. «Եթէ կը հաճիք, որ ես իմ երեսիս առջեւէն մեռելս թաղեմ, ինծի մտիկ ըրէք եւ ինծի համար Սահառի որդիին Եփրոնին հետ խօսեցէք,
9 Որ իր արտին ծայրը եղած Մաքփելայի այրը ինծի տայ։ Անիկա ձեր մէջ ինծի գերեզմանի կալուած ըլլալու համար թող լման գնով տայ»։
10 Եփրոն՝ Քետի որդիներուն մէջ կը նստէր։ Քետացի Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամին, երբ իր քաղաքին դուռը մտնող բոլոր Քետի որդիները կը լսէին ու ըսաւ.
11 «Ո՛չ, տէր իմ, ինծի մտիկ ըրէ։ Արտը քեզի կու տամ եւ հոն եղած այրն ալ քեզի կու տամ։ Իմ ժողովուրդիս որդիներուն առջեւ զայն քեզի տուի, թաղէ՛ քու մեռելդ»։
12 Աբրահամ այն երկրին ժողովուրդին առջեւ խոնարհութիւն ըրաւ
13 Ու Եփրոնին խօսեցաւ, երբ այն երկրին ժողովուրդը կը լսէին ու ըսաւ. «Բայց եթէ զայն ինծի պիտի տաս, կ’աղաչեմ քեզի, ինծի մտիկ ըրէ. ես արտին ստակը տամ. առ ինծմէ որ ես իմ մեռելս հոն թաղեմ»։
14 Եւ Եփրոն պատասխան տուաւ Աբրահամին ու ըսաւ.
15 «Տէ՛ր իմ, լսէ՛ ինծի. գետինը չորս հարիւր սիկղ արծաթ կ’արժէ. իմ ու քու մէջտեղ այն ի՞նչ արժէք ունի. ուրեմն թաղէ՛ քու մեռելդ»։
16 Աբրահամ Եփրոնին մտիկ ըրաւ ու կշռեց արծաթը ու տուաւ Եփրոնին, ինչպէս անիկա Քետի որդիներուն առջեւ խօսեր էր, այսինքն չորս հարիւր սիկղ արծաթ՝ վաճառականներուն մէջ անցած գնով։
17 Եփրոնին արտը, որ Մաքփելայի մէջ Մամբրէի առջեւ է ու հոն եղած այրը ու անոր բոլորտիքի սահմաններուն մէջ եղած արտին մէջի բոլոր ծառերը
18 Իբր Աբրահամին կալուած հաստատուեցան՝ քաղաքին դռնէն մտնող բոլոր Քետի որդիներուն առջեւ։
19 Անկէ ետքը Աբրահամ իր կինը Սառան թաղեց Մամբրէի դիմաց եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ է Քեբրոն՝ Քանանի երկրին մէջ։
20 Արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն Աբրահամին իբր գերեզմանի կալուած հաստատուեցան։