ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 11
Եւ բոլոր երկրին լեզուն ու խօսուածքը մէկ էր։
2 Երբ արեւելքէն կը չուէին, Սենաար երկրին մէջ դաշտ մը գտան ու հոն բնակեցան։
3 Եւ իրարու ըսին. «Եկէք աղիւսներ շինենք ու զանոնք կրակով թրծենք»։ Աղիւսները անոնց քարի տեղ ու ձիւթը անոնց ցեխի տեղ եղան։
4 Այն ատեն ըսին. «Եկէք մեզի քաղաք մը ու աշտարակ մը շինենք, որուն գլուխը մինչեւ երկինք հասնի եւ մեզի անուն շինենք, որ չըլլայ թէ բոլոր երկրի վրայ ցրուինք»։
5 Տէրը մարդոց որդիներուն շինած քաղաքն ու աշտարակը տեսնելու իջաւ։
6 Տէրը ըսաւ. «Ահա ասոնք մէկ ժողովուրդ են ու ամենուն լեզուն մէկ է եւ ասիկա շինելու սկսան ու հիմա ինչ որ շինել կը խորհին, բան մը չկայ որ արգիլէ։
7 Եկէ՛ք, իջնենք եւ անոնց լեզուն հոն խառնակենք, որպէս զի ոեւէ մէկը իր ընկերին լեզուն չհասկնայ»։
8 Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք ու քաղաքը շինելէ դադարեցան։
9 Անոր համար անոր անունը Բաբելոն կոչուեցաւ, քանզի Տէրը հոն բոլոր երկրի լեզուն խառնակեց եւ Տէրը անկէ բոլոր երկրի երեսը ցրուեց զանոնք։
10 Սէմին ծնունդները ասոնք են. Սէմ հարիւր տարեկան էր, երբ ծնաւ Արփաքսադը ջրհեղեղէն երկու տարի ետքը։
11 Սէմ Արփաքսադը ծնանելէն ետքը հինգ հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
12 Արփաքսադ երեսունըհինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Սաղան։
13 Արփաքսադ Սաղան ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ, տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
14 Սաղա երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Եբերը։
15 Սաղա Եբերը ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեք տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
16 Եբեր երեսունըչորս տարի ապրեցաւ եւ ծնաւ Փաղէկը։
17 Եբեր Փաղէկը ծնանելէն ետքը չորս հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
18 Փաղէկ երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ռագաւը։
19 Փաղէկ Ռագաւը ծնանելէն ետքը հարիւր ինը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ունեցաւ։
20 Ռագաւ երեսունըերկու տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Սերուգը։
21 Ռագաւ Սերուգը ծնանելէն ետքը երկու հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
22 Սերուգ երեսուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Նաքովրը։
23 Սերուգ Նաքովրը ծնանելէն ետքը երկու հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
24 Նաքովր քսանըինը տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Թարան։
25 Նաքովր Թարան ծնանելէն ետքը հարիւր տասնըինը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
26 Թարա եօթանասուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը եւ Առանը։
27 Թարային ծնունդները ասոնք են։ Թարա ծնաւ Աբրամը, Նաքովրը ու Առանը. Առան ծնաւ Ղովտը։
28 Առան մեռաւ իր հօրը Թարային առջեւ, իր ծննդեան երկրին՝ Քաղդէացիներու Ուր քաղաքին մէջ։
29 Աբրամ ու Նաքովր իրենց կիները առին։ Աբրամին կնոջ անունը Սարա էր, իսկ Նաքովրին կնոջ անունը՝ Մեղքա, աղջիկը Առանի, որ Մեղքայի ու Յեսքայի հայրն էր։
30 Սարա ամուլ էր ու չէր ծնաներ։
31 Թարան իր որդին Աբրամը ու իր թոռը Առանի որդին Ղովտը եւ իր որդիին Աբրամին կինը, իր հարսը Սարան առաւ ու անոնց հետ Քաղդէացիներու Ուր քաղաքէն ելաւ դէպի Քանանի երկիրը երթալու համար։ Գացին մինչեւ Խառան եւ հոն բնակեցան։
32 Թարային օրերը երկու հարիւր հինգ տարի եղան։ Թարա Խառանի մէջ մեռաւ։