ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 38

Պատահեցաւ որ Յուդա իր եղբայրներուն քովէն իջաւ ու Ոդողոմացի մէկուն քով գնաց, որուն անունը Իրաս էր։
2 Յուդա Շաւա անունով Քանանացիի մը աղջիկը տեսաւ ու առաւ զանիկա եւ մտաւ անոր։
3 Անիկա յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Էր դրաւ։
4 Ու նորէն յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Օնան դրաւ։
5 Եւ դարձեալ որդի մըն ալ ծնաւ ու անոր անունը Սելօմ դրաւ։ Երբ զանիկա ծնաւ՝ Յուդա Քեզիբի մէջ էր։
6 Յուդա իր անդրանիկ տղուն՝ Էրի՝ կին մը առաւ, որուն անունն էր Թամար։
7 Յուդայի անդրանիկ Էրը չար էր Տէրոջը առջեւ։ Ու Տէրը մեռցուց զանիկա։
8 Եւ Յուդա ըսաւ Օնանին. «Մտիր քու եղբօրդ կնոջ ու տագրութեան իրաւունքդ կատարէ անոր եւ քու եղբօրդ սերունդ հանէ»։
9 Օնան գիտցաւ որ սերունդը իրենը պիտի չըլլայ, անոր համար երբ իր եղբօրը կնոջ կը մտնէր, սերմը գետին կը թափէր, որպէս զի եղբօրը սերունդ չտայ։
10 Այս ըրած բանը Տէրոջը առջեւ գէշ երեւցաւ ու զանիկա ալ մեռցուց։
11 Յուդա իր Թամար հարսին ըսաւ. «Որբեւարի նստէ քու հօրդ տունը մինչեւ իմ Սելօմ որդիս մեծնայ». քանզի ըսաւ. «Չըլլայ որ աս ալ իր եղբայրներուն պէս մեռնի»։ Թամար գնաց ու իր հօրը տունը նստաւ։
12 Շատ օրեր յետոյ մեռաւ Շաւայի աղջիկը՝ Յուդային կինը։ Երբ Յուդա մխիթարուեցաւ, Թամնա գնաց իր հօտերը ասրակտուր ընողներուն քով՝ ինք ու իր բարեկամը Ոդողոմացի Իրաս։
13 Ըսուեցաւ Թամարին թէ՝ «Ահա քու կեսրայրդ դէպի Թամնա կ’ելլէ՝ իր ոչխարները ասրակտուր ընելու»։
14 Ան ալ իր որբեւարութեան հանդերձները հանեց իր վրայէն ու քօղով մը ծածկուեցաւ ու փաթթուեցաւ եւ Թամնայի ճամբուն մէջ եղող Ենայիմի մուտքը նստաւ, քանզի տեսաւ որ Սելօմ մեծցաւ ու ինք անոր կին ըլլալու չտրուեցաւ։
15 Երբ Յուդա տեսաւ զանիկա, բոզ կարծեց, քանզի իր երեսը ծածկեր էր։
16 Ճամբան անոր դարձաւ ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, քեզի մտնեմ», քանզի չէր գիտեր թէ անիկա իր հարսն է։ Անիկա ըսաւ. «Ինծի մտնելու համար ի՞նչ կու տաս ինծի»։
17 Յուդա ըսաւ. «Ես քեզի այծի ուլ մը կը ղրկեմ հօտերէն»։ Կինը ըսաւ. «Գրաւ մը կու տա՞ս մինչեւ ղրկելդ»։
18 Յուդա ըսաւ. «Ի՞նչ գրաւ տամ քեզի»։ Անիկա ըսաւ. «Քու կնիքդ ու ժապաւէնդ եւ ձեռքիդ գաւազանը տուր»։ Ան ալ տուաւ անոր ու մտաւ անոր։ Թամար անկէ յղի մնաց։
19 Ապա ելաւ ու գնաց ու իր վրայէն քօղը հանեց ու իր որբեւարութեան հանդերձները հագաւ։
20 Յուդա իր բարեկամին, Ոդողոմացիին ձեռքով այծին ուլը ղրկեց, որպէս զի կնոջ ձեռքէն գրաւը առնէ. բայց չգտաւ զանիկա։
21 Այն տեղի մարդոց հարցուց՝ ըսելով. «Ճամբուն վրայ Ենայիմի մէջ եղած բոզը ո՞ւր է»։ Անոնք ըսին. «Հոս բոզ չկայ»։
22 Բարեկամը դարձաւ Յուդային ու ըսաւ. «Չգտայ զանիկա եւ այն տեղի մարդիկն ալ ըսին թէ ‘Հոս բոզ չկայ’»։
23 Յուդա ըսաւ. «Իրեն թող ըլլայ, որպէս զի խայտառակ չըլլանք. ահա ես այս ուլը ղրկեցի ու դուն չգտար զանիկա»։
24 Երեք ամիս յետոյ Յուդային պատմուեցաւ՝ ըսելով. «Քու հարսդ Թամար պոռնկացաւ, նաեւ ահա պոռնկութենէն յղի մնաց»։ Յուդա ըսաւ. «Հանեցէք զանիկա, որ այրուի»։
25 Երբ զանիկա դուրս կը հանէին, գրաւները իր կեսրայրին ղրկեց՝ ըսելով. «Ես այս բաներուն տիրոջմէն յղի եմ»։ Նաեւ ըսաւ. «Շնորհք ըրէ՛, գիտցի՛ր թէ այս կնիքն ու ժապաւէնը եւ գաւազանը որո՞ւնն են»։
26 Յուդա ճանչցաւ ու ըսաւ. «Անիկա ինծմէ արդար է, վասն զի զանիկա իմ որդիիս Սելօմին չտուի»։ Անգամ մըն ալ չգիտցաւ զանիկա։
27 Երբ ծնանելու ատենը հասաւ՝ անոր արգանդին մէջ երկուորեակ էին։
28 Երբ կը ծնանէր, մէկը ձեռքը երկնցուց եւ մանկաբարձը առաւ ու անոր ձեռքին վրայ կարմիր դերձան կապեց՝ ըսելով. «Առաջ աս ելաւ»։
29 Անիկա իր ձեռքը ետ քաշածին պէս՝ անոր եղբայրը ելաւ։ Մանկաբարձը ըսաւ. «Ինչո՞ւ ցանկը պատռեցիր. այս պատառումը քու վրադ ըլլայ»։ Անոր համար անոր անունը Փարէս դրուեցաւ։
30 Ու ետքը ձեռքին վրայ կարմիր դերձան ունեցող եղբայրը ելաւ եւ անոր անունը Զարա դրուեցաւ։