ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 5

Այս է Ադամին ազգաբանութեան գիրքը։ Այն օրը որ Աստուած մարդը ստեղծեց, Աստուծոյ պատկերովն ըրաւ զանիկա.
2 Արու եւ էգ ստեղծեց զանոնք եւ օրհնեց զանոնք ու անոնց ստեղծման օրը անոնց անունը Ադամ դրաւ։
3 Ադամ հարիւր երեսուն տարի ապրեցաւ եւ իր նմանութիւնովը՝ իր պատկերին պէս որդի մը ծնաւ եւ անոր անունը Սէթ դրաւ։
4 Ադամին օրերը Սէթը ծնանելէն ետքը ութ հարիւր տարի եղան եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
5 Ադամին կեանքին բոլոր օրերը ինը հարիւր երեսուն տարի եղան ու մեռաւ։
6 Սէթ հարիւր հինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ենովսը։
7 Սէթ Ենովսը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր եօթը տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
8 Սէթին բոլոր օրերը ինը հարիւր տասներկու տարի եղան ու մեռաւ։
9 Ենովս իննիսուն տարի ապրեցաւ եւ Կայնանը ծնաւ։
10 Ենովս Կայնանը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տասնըհինգ տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
11 Ենովսին բոլոր օրերը ինը հարիւր հինգ տարի եղան ու մեռաւ։
12 Կայնան եօթանասուն տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Մաղաղիէլը։
13 Կայնան Մաղաղիէլը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր քառասուն տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
14 Կայնանին բոլոր օրերը ինը հարիւր տասը տարի եղան ու մեռաւ։
15 Մաղաղիէլ վաթսունըհինգ տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Յարեդը։
16 Եւ Մաղաղիէլ Յարեդը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
17 Մաղաղիէլին բոլոր օրերը ութը հարիւր իննիսուըհինգ տարի եղան ու մեռաւ։
18 Յարեդ հարիւր վաթսունըերկու տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ենովքը։
19 Յարեդ Ենովքը ծնանելէն ետքը ութը հարիւր տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
20 Յարեդին բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունըերկու տարի եղան ու մեռաւ։
21 Ենովք վաթսունըհինգ տարի ապրեցաւ եւ ծնաւ Մաթուսաղան։
22 Ենովք Մաթուսաղան ծնանելէն ետքը երեք հարիւր տարի Աստուծոյ հետ քալեց եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
23 Ենովքին բոլոր օրերը երեք հարիւր վաթսունըհինգ եղան։
24 Ենովք Աստուծոյ հետ քալեց եւ չէր գտնուեր, քանզի Աստուած առաւ զանիկա։
25 Մաթուսաղա հարիւր ութսունըեօթը տարի ապրեցաւ ու ծնաւ Ղամէքը։
26 Մաթուսաղա Ղամէքը ծնանելէն ետքը եօթը հարիւր ութսունըերկու տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
27 Մաթուսաղային բոլոր օրերը ինը հարիւր վաթսունըինը տարի եղան ու մեռաւ։
28 Ղամէք հարիւր ութսունըերկու տարի ապրեցաւ ու որդի մը ծնաւ
29 Եւ անոր անունը Նոյ դրաւ՝ ըսելով. «Ասիկա մեզ պիտի հանգստացնէ մեր գործերէն ու մեր ձեռքերուն աշխատութենէն, որ Տէրոջը անիծած երկրին պատճառով կը կրենք»։
30 Ղամէք Նոյը ծնանելէն ետքը հինգ հարիւր իննիսունըհինգ տարի ապրեցաւ եւ տղաքներ ու աղջիկներ ծնաւ։
31 Ղամէքին բոլոր օրերը եօթը հարիւր եօթանասունըեօթը տարի եղան ու մեռաւ։
32 Նոյ հինգ հարիւր տարեկան եղաւ եւ Նոյ ծնաւ Սէմը, Քամը ու Յաբեթը։