ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 7
Տէրը ըսաւ Նոյին. «Դուն քու բոլոր տունովդ տապանը մտիր, վասն զի այս դարուն մարդոց մէջ քեզ իմ առջեւս արդար տեսայ։
2 Մաքուր անասուններէն քեզի եօթնական հատ առ, արու եւ էգ. իսկ անմաքուր անասուններէն երկերկու հատ՝ արու եւ էգ։
3 Երկնքի թռչուններէն ալ եօթնական հատ առ, արու եւ էգ, բոլոր երկրի վրայ անոնց սերունդը ողջ պահելու համար։
4 Վասն զի եօթը օրէն ետքը երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ պիտի բերեմ եւ ամէն էակ որ ըրի, երկրի վրայէն պիտի ջնջեմ»։
5 Նոյ ըրաւ Տէրոջը բոլոր իրեն պատուիրածին պէս։
6 Ջրհեղեղին երկրի վրայ եկած ատենը Նոյ վեց հարիւր տարեկան էր։
7 Նոյ ու իր որդիները եւ իր կինը ու իր որդիներուն կիները իրեն հետ՝ ջրհեղեղին ջուրերուն պատճառաւ տապանը մտան։
8 Մաքուր անասուններէն ու անմաքուր անասուններէն եւ թռչուններէն ու երկրի վրայ ամէն սողացողներէն՝
9 Զոյգ զոյգ արու եւ էգ տապանը Նոյին գացին, ինչպէս Աստուած Նոյին պատուիրած էր։
10 Եւ եղաւ որ եօթը օրէն ետքը ջրհեղեղին ջուրերը երկրի վրայ եկան։
11 Նոյի կեանքին վեցհարիւրերորդ տարին, երկրորդ ամիսը, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, նոյն օրը մեծ անդունդին բոլոր աղբիւրները ճեղքուեցան ու երկնքի պատուհանները բացուեցան
12 Ու երկրի վրայ քառասուն օր ու քառասուն գիշեր անձրեւ եկաւ։
13 Ճիշդ նոյն օրը Նոյ եւ իր որդիները՝ Սէմ ու Քամ եւ Յաբեթ եւ Նոյին կինը ու իր որդիներուն երեք կիները իրենց հետ տապանը մտան։
14 Անոնք ու բոլոր գազանները իրենց տեսակին պէս եւ բոլոր ընտանի անասունները իրենց տեսակին պէս ու երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները իրենց տեսակին պէս եւ բոլոր թռչունները իրենց տեսակին պէս, ամէն տեսակ թեւաւոր թռչուն.
15 Կենդանութեան շունչ ունեցող ամէն մարմինէ երկերկու հատ տապանը մտան։
16 Եւ տապանը մտնողները արու եւ էգ մտան, ինչպէս Աստուած անոր պատուիրեր էր եւ Տէրը անոր ետեւէն տապանը գոցեց։
17 Ու երկրի վրայ քառասուն օր ջրհեղեղ եղաւ եւ ջուրերը շատցան ու տապանը վերցուցին եւ անիկա երկրէն բարձրացաւ։
18 Եւ ջուրերը զօրացան ու խիստ շատցան երկրին վրայ ու տապանը ջուրերուն երեսին վրայ կը պտըտէր։
19 Եւ ջուրերը երկրին վրայ խիստ շատ զօրացան ու բոլոր երկնքի տակ եղող բոլոր բարձր լեռները ծածկեցին։
20 Ջուրերը տասնըհինգ կանգուն վեր բարձրացան եւ լեռները ծածկեցին։
21 Ու երկրի վրայ շարժող ամէն մարմին, թէ՛ թռչուն, թէ՛ անասուն, թէ՛ գազան եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող ամէն սողուն եւ ամէն մարդ մեռան։
22 Ցամաքի վրա եղողներէն անոնք՝ որ ռնգունքներուն մէջ կենդանութեան շունչ ունէին, ամէնքն ալ մեռան։
23 Ու երկրի երեսին վրայ եղող ամէն էակ ջնջուեցաւ, մարդէն մինչեւ անասունը, սողունէն մինչեւ երկնքի թռչունը. անոնք երկրէն ջնջուեցան ու միայն Նոյ մնաց եւ իրեն հետ տապանին մէջ եղողները։
24 Եւ ջուրերը երկրի վրայ հարիւր յիսուն օր բարձրացած մնացին։