ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 10

Եւ Նոյի որդիներուն՝ Սէմին, Քամին ու Յաբեթին ծնունդներն ասոնք են։ Ջրհեղեղէն ետքը անոնց որդիներ ծնան։
2 Յաբեթին որդիները Գոմերը, Մագոգ, Մադա, Յաւան, Թոբէլ, Մոսոք ու Թիրաս էին։
3 Գոմերին որդիները Ասքանազ, Րիփաթ ու Թորգոմա էին։
4 Յաւանին որդիները Եղիսա, Թարսիս, Կիտացիներն ու Դոդացիներն էին։
5 Ազգերուն կղզիները իրենց երկիրներովը, ամէն մէկը իր լեզուին պէս, ազգերուն մէջ իրենց տոհմերովը ասոնցմէ բաժնուեցան։
6 Քամին որդիները Քուշ, Մեստրեմ, Փութ ու Քանան էին։
7 Քուշին որդիները Սաբա, Եւիլա, Սաբաթա, Ռեգմա ու Սեբեթաքա էին։ Ռեգմային որդիները Սաբա ու Դեդան էին։
8 Քուշ ծնաւ Նեբրովթը։ Ասիկա սկսաւ երկրի վրայ զօրանալ։
9 Ասիկա Տէրոջը առջեւ զօրաւոր որսորդ մըն էր։ Անոր համար կ’ըսուի. ‘Տէրոջը առջեւ Նեբրովթի պէս զօրաւոր որսորդ’։
10 Իր թագաւորութեան սկիզբը Բաբելոն եւ Արեք եւ Աքադ եւ Քաղանէ էր Սենաար երկրին մէջ։
11 Այն երկրէն Ասորեստան գնաց ու Նինուէն եւ Ռոբովթ քաղաքը ու Քաղան շինեց։
12 Նինուէի ու Քաղայի մէջտեղ Ռէսէնն ալ շինեց, որ մեծ քաղաք մըն էր։
13 Եւ Մեստրեմ ծնաւ Ղուդացիները, Անամացիները, Ղաբացիները, Նեփթուքացիները,
14 Պաթուրեսացիները, Քասղուքացիները (ուրկէ Փղշտացիները ելան) ու Կափթորացիներն ալ։
15 Քանան ծնաւ իր անդրանիկը՝ Սիդոնը, նաեւ Քետը,
16 Յեբուսացին, Ամօրհացին, Գերգեսացին,
17 Խեւացին, Արուկեցին, Ասենացին,
18 Արուադացին, Սամարացին եւ Ամաթացին ու ետքը Քանանացիներու ցեղերը տարածուեցան։
19 Եւ Քանանացիներու սահմանը Սիդոնէ Գերարա անցնելով մինչեւ Գազա, Սոդոմ ու Գոմոր եւ Ադմա ու Սեբոյիմ, մինչեւ Ղասա է։
20 Քամին որդիները, իրենց տոհմերովը, իրենց լեզուներովը, իրենց երկիրներուն ու ազգերուն մէջ ասոնք են։
21 Յաբեթին մեծ եղբօրը՝ Սէմին ալ, որ Եբերի բոլոր որդիներուն հայրն էր, որդիներ ծնան։
22 Սէմին որդիները Եղամ, Ասուր, Արփաքսադ, Ղուդ ու Արամ էին։
23 Արամին որդիները Հուս, Հուլ, Գաթեր ու Մաշ էին։
24 Արփաքսադ ծնաւ Սաղան եւ Սաղա ծնաւ Եբերը։
25 Եբերին երկու որդիներ ծնան. մէկուն անունը Փաղէկ էր. քանզի երկիրը անոր օրերը բաժնուեցաւ եւ անոր եղբօրը անունը Յեկտան էր։
26 Յեկտան ծնաւ Եղմովդադը, Սաղափը, Ասարմօթը, Յարաքը,
27 Ադորամը, Ուզալը, Դեկղան,
28 Գեբաղը, Աբիմեէլը, Սափան,
29 Ոփիրը, Եւիլան ու Յոբաբը։ Ասոնք բոլորը Յեկտանին որդիներն էին։
30 Ասոնք բնակեցան Մեսայէն մինչեւ Սոփեր՝ արեւելեան լեռները։
31 Սէմին որդիները, իրենց տոհմերովը, իրենց լեզուներովը, իրենց երկիրներուն մէջ իրենց ազգերովը ասոնք են։
32 Նոյին որդիներուն տոհմերը, իրենց ծնունդներուն ու ազգերուն համեմատ, ասոնք են։ Ջրհեղեղէն ետքը ազգերը ասոնցմէ տարածուեցան երկրի վրայ։