ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 31
Յակոբ լսեց Լաբանի որդիներուն խօսածները, որոնք կ’ըսէին. «Յակոբ մեր հօրը բոլոր ունեցածը առաւ ու բոլոր այս հարստութիւնը մեր հօրը ստացուածքէն ստացաւ»։
2 Յակոբ Լաբանին երեսը տեսաւ եւ ահա իրեն երէկուան ու միւս օրուան պէս չէր։
3 Տէրը ըսաւ Յակոբին. «Քու հայրերուդ երկիրը ու քու ազգականներուդ դարձիր ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ»։
4 Յակոբ մէկը ղրկեց ու Ռաքէլը եւ Լիան դաշտը իր հօտերուն քով կանչել տուաւ
5 Ու ըսաւ անոնց. «Ես ձեր հօրը երեսը կը տեսնեմ, որ ինծի երէկուան ու միւս օրուան պէս չէ. բայց իմ հօրս Աստուածը ինծի հետ եղաւ։
6 Եւ դուք գիտէք, որ ես իմ բոլոր զօրութիւնովս ձեր հօրը ծառայեցի.
7 Իսկ ձեր հայրը զիս խաբեց ու իմ վարձքս տասը անգամ փոխեց. բայց Աստուած չթողուց զանիկա, որ ինծի վնաս մը հասցնէ։
8 Վասն զի եթէ անիկա այսպէս ըսէր՝ ‘Քու վարձքդ պիսակները ըլլան’, այն ատեն բոլոր ոչխարները պիսակ պիտի ծնանէին եւ եթէ այսպէս ըսէր՝ ‘Քու վարձքդ բոլորախայտները ըլլան’, այն ատեն բոլոր ոչխարները բոլորախայտ պիտի ծնանէին։
9 Այսպէս Աստուած ձեր հօրը հօտերը առաւ ու ինծի տուաւ։
10 Եւ եղաւ որ հօտերուն ջերմացած ատենը, աչքերս վերցուցի ու երազի մէջ տեսայ եւ ահա հօտերուն հետ զուգաւորող նոխազները ու խոյերը ամէնքն ալ խայտախարիւ, պիսակ եւ գորշախայտ էին։
11 Եւ Աստուծոյ հրեշտակը ըսաւ ինծի երազի մէջ. ‘Ո՛վ Յակոբ’ ու ես ըսի՝ ‘Ահա հոս եմ’։
12 Եւ ըսաւ. ‘Հիմա աչքերդ վեր վերցուր ու հօտերուն հետ զուգաւորող նոխազներուն նայէ. քանզի Լաբանին բոլոր քեզի ըրածները տեսայ։
13 Ես եմ Բեթէլի Աստուածը, ուր արձան օծեցիր եւ հոն ինծի ուխտ ըրիր։ Հիմա ելի՛ր գնա այս երկրէն ու քու ծննդեանդ երկիրը դարձիր’»։
14 Ռաքէլ ու Լիա պատասխան տուին ու ըսին. «Տակաւին մեր հօրը տունը մեզի համար բաժին ու ժառանգութիւն կա՞յ։
15 Մենք օտարականներ չսեպուեցա՞նք անոր, քանզի մեզ ծախեց ու մեր ստակն ալ բոլորովին կերաւ։
16 Վասն զի բոլոր հարստութիւնը որ Աստուած մեր հօրմէն վերցուց, մերն է ու մեր զաւակներունն է եւ հիմա ինչ որ Աստուած քեզի ըսաւ, ըրէ՛»։
17 Ուստի Յակոբ ելաւ ու իր որդիները ու կիները ուղտերու վրայ հեծցուց
18 Եւ իր բոլոր անասունները ու իր բոլոր ստացուածքը որ ինք ստացաւ, իր ստացած անասունները, որոնք Միջագետքի մէջ ստացաւ, ճամբայ հանեց Քանանի երկիրը՝ դէպի իր Իսահակ հայրը երթալու։
19 Լաբան իր խաշինքը ասրակտուր ընելու գացեր էր ու Ռաքէլ իր հօրը կուռքերը գողցաւ։
20 Յակոբ Ասորի Լաբանէն գաղտուկ փախաւ՝ ՝, քանզի իր փախչիլը չգիտցուց անոր։
21 Այսպէս անիկա իր բոլոր ունեցածովը փախաւ ու ելաւ ու Գետէն անցաւ եւ իր երեսը դէպի Գաղաադ լեռը շտկեց։
22 Երրորդ օրը Յակոբին փախչիլը Լաբանին պատմուեցաւ։
23 Անիկա իր եղբայրները հետը առնելով, անոր ետեւէն եօթը օրուայ ճամբայ գնաց ու անոր հասաւ Գաղաադ լեռը։
24 Աստուած գիշերը երազի մէջ Ասորի Լաբանին եկաւ ու ըսաւ. «Զգո՛յշ կեցիր որ Յակոբին աղէկ կամ գէշ չխօսիս»։
25 Երբ Լաբան հասաւ Յակոբին, ան իր վրանը լեռը կանգնեցուցեր էր։ Լաբան իր եղբայրներուն հետ Գաղաադ լեռը ելաւ։
26 Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Ի՞նչ է այս քու ըրածդ, որ ինծմէ գաղտուկ փախար եւ իմ աղջիկներս սուրով առնուած գերիներու պէս վարեցիր։
27 Ինչո՞ւ փախչիլդ գաղտուկ պահեցիր եւ ինծմէ փախար ու ինծի չիմացուցիր, որ ես քեզ ուրախութեամբ ու երգերով, թմբուկներով ու քնարներով ղրկէի։
28 Եւ չթողուցիր, որ իմ որդիներս ու աղջիկներս համբուրէի. հիմա այս բանը անմտութեամբ ըրիր։
29 Ձեզի չարիք ընելու զօրութիւնը ունիմ, բայց ձեր հօրը Աստուածը երէկ գիշեր ինծի խօսեցաւ ու ըսաւ. ‘Զգո՛յշ կեցիր, որ Յակոբին աղէկ կամ գէշ չխօսիս’։
30 Եւ հիմա՝ թէպէտեւ քու հօրդ տունը կարօտցած ըլլալուդ համար գացիր, բայց ինչո՞ւ իմ աստուածներս գողցար»։
31 Եւ Յակոբ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Լաբանին. «Գաղտուկ երթալուս պատճառը այն էր, որ վախցայ, քանզի ըսի. ‘Չըլլայ որ քու աղջիկներդ բռնութեամբ ինծմէ առնես’.
32 Բայց քու աստուածներդ որու քով որ գտնես, թող անիկա չապրի։ Մեր եղբայրներուն առջեւ քննէ ու նայէ՛, եթէ իմ քովս քու մէկ բանդ գտնես՝ ա՛ռ». քանզի Յակոբ չէր գիտեր թէ Ռաքէլ գողցեր էր զանոնք։
33 Լաբան Յակոբին վրանը ու Լիային վրանը եւ երկու աղախիններուն վրանը մտաւ, բայց չգտաւ. ետքը Լիային վրանէն ելաւ ու Ռաքէլին վրանը մտաւ։
34 Ռաքէլ առաւ կուռքերը ու զանոնք ուղտի պատատին մէջ դրաւ ու վրան նստաւ. Լաբան բոլոր վրանը փնտռեց, բայց չգտաւ։
35 Եւ անիկա իր հօրը ըսաւ. «Իմ տիրոջս աչքերուն ծանր չերեւնայ, որ քու առջեւդ չեմ կրնար ոտքի ելլել. քանզի կանանց սովորութեանը մէջ եմ»։ Այսպէս փնտռեց, բայց կուռքերը չգտաւ։
36 Յակոբ բարկացաւ ու Լաբանին հետ կը վիճէր։ Յակոբ պատասխան տուաւ ու Լաբանին ըսաւ. «Ի՞նչ է իմ յանցանքս, ի՞նչ է իմ մեղքս, որ տաքութիւնով ետեւէս ինկար։
37 Քանի որ իմ բոլոր կարասիներս խառնեցիր, քու տանդ ամէն կարասիքէն ինչ որ գտար, իմ եղբայրներուս ու քու եղբայրներուդ առջեւ դիր, որպէս զի երկուքիս մէջտեղ դատաստան կտրեն։
38 Լման քսան տարի է, որ քեզի հետ եմ. ոչխարներդ ու այծերդ չվիժեցան եւ քու հոտիդ խոյերը չկերայ։
39 Գազաններէն գիշատուածը չբերի քեզի, վնասը ես կը քաշէի. ցորեկը գողցուածը ու գիշերը գողցուածը իմ ձեռքէս կը պահանջէիր։
40 Այսպէս էի. ցորեկը տաքը ու գիշերը ցուրտը կը մաշէր զիս եւ աչքերէս քունս կը փախչէր։
41 Այսպէս եղայ քսան տարի քու տանդ մէջ. քու երկու աղջիկներուդ համար տասնըչորս տարի ծառայեցի քեզի եւ հօտերուդ համար վեց տարի ծառայեցի եւ իմ վարձքս տասը անգամ փոխեցիր։
42 Եթէ իմ հօրս Աստուածը, Աբրահամին Աստուածը եւ Իսահակին Երկիւղը ինծի հետ չըլլային, իրաւցընէ զիս հիմա դատարկ կը ղրկէիր։ Աստուած իմ տառապանքս ու իմ ձեռքիս աշխատութիւնը տեսաւ ու երէկ գիշեր քեզ յանդիմանեց»։
43 Լաբան պատասխան տուաւ ու ըսաւ Յակոբին. «Այս աղջիկները իմ աղջիկներս են եւ այս որդիները իմ որդիներս են եւ այս հօտերը իմ հօտերս են եւ ինչ որ կը տեսնես, իմս են։ Ի՞նչ ընեմ այսօր այս իմ աղջիկներուս կամ իրենց ծնած զաւակներուն։
44 Ուստի հիմա եկուր, ես ու դուն ուխտ ընենք, որ իմ ու քու մէջտեղ վկայութեան համար ըլլայ»։
45 Յակոբ քար մը առաւ ու իբր արձան կանգնեցուց։
46 Յակոբ իր ազգականներուն ըսաւ. «Քարեր հաւաքեցէ՛ք»։ Անոնք քարեր առին ու դիզեցին եւ հոն դէզին վրայ հաց կերան։
47 Լաբան անոր անունը Եկար Սահատութա դրաւ, բայց Յակոբ անոր անունը Գաղաադ դրաւ։
48 Լաբան ըսաւ. «Այս դէզը իմ ու քու մէջտեղ վկայ մըն է այսօր». անոր համար անոր անունը Գաղաադ ըսուեցաւ։
49 Եւ Մասփա ալ ըսուեցաւ. քանզի ըսաւ. «Մեր՝ իրարմէ զատուած ատենը՝ իմ ու քու մէջտեղ Տէրը դիտէ։
50 Եթէ իմ աղջիկներս վշտացնես եւ կամ եթէ իմ աղջիկներուս վրայ ուրիշ կիներ առնես, մեզի հետ մէկը չկայ. ահա իմ ու քու մէջտեղ վկայ Աստուած է»։
51 Եւ Լաբան ըսաւ Յակոբին. «Ահա այս դէզը եւ ահա մեր մէջտեղ իմ կանգնեցուցած արձանս։
52 Այս դէզը վկայ ու այս արձանը վկայ ըլլան, որ այս դէզէն չանցնիմ քեզի գալու եւ դուն այս դէզէն ու այս արձանէն չանցնիս ինծի գալու, չարիք ընելու համար։
53 Աբրահամին Աստուածը եւ Նաքովրին Աստուածը, անոնց հայրերուն Աստուածը մեր մէջ դատաւոր ըլլայ». Յակոբ իր հօրը Իսահակին Երկիւղովը երդում ըրաւ։
54 Յակոբ զոհեր մատուցանեց լերանը վրայ ու իր ազգականները հաց ուտելու հրաւիրեց եւ հաց կերան ու գիշերը լեռը մնացին։
55 Եւ Լաբան առտուն կանուխ ելաւ ու իր որդիները ու իր աղջիկները համբուրեց ու օրհնեց զանոնք։ Ապա Լաբան գնաց ու իր տեղը դարձաւ։