ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 36
Ասոնք են Եսաւին ծնունդները որ է Եդովմ։
2 Եսաւ իրեն կիներ առաւ Քանանի աղջիկներէն, Քետացի Ելօնին աղջիկը՝ Ադդան ու Խեւացի Սեբեգօնին աղջկանը Անային աղջիկը՝ Ողիբաման
3 Եւ Իսմայէլին աղջիկը՝ Նաբէօթին քոյրը՝ Բասեմաթը։
4 Եւ Ադդա ծնաւ Եսաւին՝ Եղիփազը ու Բասեմաթ ծնաւ Ռագուէլը։
5 Եւ Ողիբամա ծնաւ Յեուսը ու Յեղգոմը եւ Կորխը։ Ասոնք են Եսաւին որդիները, որոնք ծնան իրեն Քանանի երկրին մէջ։
6 Եսաւ առաւ իր կիներն ու տղաքները եւ աղջիկները ու իր տանը բոլոր մարդիկը եւ իր հօտերը ու իր բոլոր անասունները եւ իր բոլոր ստացուածքը, որ Քանանի երկրին մէջ ստացաւ եւ իր եղբօրը Յակոբին երեսէն ուրիշ երկիր մը գնաց,
7 Քանզի իրենց ստացուածքին շատ ըլլալուն համար չէին կրնար մէկտեղ բնակիլ եւ իրենց հօտերուն պատճառաւ իրենց պանդխտութեամբ բնակած երկիրը բաւական չէր իրենց։
8 Եսաւ Սէիր լեռը բնակեցաւ։ Եսաւ Եդովմն է։
9 Սէիր լեռը եղող Եդովմայեցիներու հօր Եսաւին ծնունդները ասոնք են։
10 Եսաւին որդիներուն անունները ասոնք են. Եսաւին կնոջ Ադդային որդին Եղիփազ ու Եսաւին կնոջ Բասեմաթին որդին Ռագուէլ։
11 Եղիփազի որդիները Թեման, Օմար, Սեփով եւ Գոթամ ու Կենէզ էին։
12 Թամնա Եսաւին որդիին Եղիփազի հարճն էր, որ Եղիփազին Ամաղէկը ծնաւ, Եսաւին կնոջ Ադդային որդիները ասոնք էին։
13 Ռագուէլին որդիներն էին՝ Նահաթ, Զարա, Սամմա ու Մէզա։ Ասոնք էին Եսաւին կնոջ Բասեմաթին որդիները։
14 Եսաւին կնոջ Սեբեգօնի աղջկանը Անային աղջկանը Ողիմաբայի որդիները ասոնք են եւ Եսաւին ծնաւ՝ Յեուսը ու Յեգղոմը եւ Կորխը։
15 Եսաւին որդիներէն եղող իշխանները ասոնք են. Եսաւին անդրանիկին Եղիփազին որդիները՝ Թեման իշխան, Օմար իշխան, Սեփով իշխան, Կենէզ իշխան,
16 Կորխ իշխան, Գոթամ իշխան, Ամաղէկ իշխան։ Եդովմի երկրին մէջ Եղիփազէն եղող իշխանները ասոնք են. ասոնք Ադդային որդիներն էին։
17 Եսաւի որդիին Ռագուէլին որդիները ասոնք են։ Նահաթ իշխան, Զարա իշխան, Սամմա իշխան, Մէզա իշխան։ Եդովմի երկրին մէջ Ռագուէլէն եղող իշխանները ասոնք են։ Եսաւին կնոջ Բասեմաթին որդիները ասոնք էին։
18 Եսաւին կնոջ Ողիմաբային որդիները ասոնք են՝ Յեուս իշխան, Յեղգոմ իշխան, Կորխ իշխան։ Եսաւին կնոջմէն Անային աղջիկը եղող Ողիմաբայէն ծնած իշխանները ասոնք էին։
19 Ասոնք են Եսաւին, այսինքն Եդովմին որդիները։ Ասոնք են անոնց իշխանները։
20 Ան երկրին մէջ բնակող Քոռեցի Սէիրի որդիները ասոնք են՝ Ղոտան եւ Սոբաղ ու Սեբեգօն եւ Անա
21 Ու Դիսօն ու Եսեր եւ Դիսան։ Ասոնք էին Քոռեցիներու իշխանները, Սէիրի որդիները, Եդովմի երկրին մէջ։
22 Ղոտանի որդիները Քոռի ու Հեմամ էին ու Ղոտանի քոյրը Թամնա։
23 Սոբաղի որդիները ասոնք են՝ Գաղուան ու Մանաքաթ եւ Գեբաղ, Սեփով ու Օնամ։
24 Սեբեգօնի որդիները ասոնք են՝ Այիա ու Անա։ Աս այն Անան է, որ իր հօրը Սեբեգօնի էշերը արածած ատեն անապատին մէջ ջերմուկներ գտաւ։
25 Անայի որդիները ասոնք են՝ Դիսօն ու Անային աղջիկը Ողիբամա։
26 Դիսօնին որդիները ասոնք են. Ամադան ու Եսբան եւ Յեթրան ու Քառան։
27 Եսերին որդիները ասոնք են՝ Բաղղան ու Զաաւան եւ Ական։
28 Դիսանին որդիները ասոնք են՝ Հուս ու Առան։
29 Քոռեցիներուն իշխանները ասոնք են՝ Ղոտան իշխան, Սոբաղ իշխան, Սեբեգօն իշխան, Անա իշխան,
30 Դիսօն իշխան, Եսեր իշխան, Դիսան իշխան. ասոնք են Քոռեցիներու իշխանները Սէիրի երկրին մէջ՝ իրենց իշխանութեան գաւառներուն համեմատ։
31 Ասոնք են այն թագաւորները, որ Եդովմի երկրին մէջ թագաւորեցին, Իսրայէլի որդիներուն վրայ թագաւոր մը թագաւորելէն առաջ։
32 Բէովրին որդին Բաղա թագաւորեց Եդովմի մէջ ու անոր քաղաքին անունը Դեննաբա էր։
33 Բաղա մեռաւ ու անոր տեղ Բօսրացի Զարայի որդին Յոբաբ թագաւորեց։
34 Յոբաբ մեռաւ ու անոր տեղ Թեմանացիներու երկրէն Հուսամ թագաւորեց։
35 Հուսամ մեռաւ ու անոր տեղ Բադադին որդին Ադադ թագաւորեց, որ Մովաբի դաշտին մէջ Մադիանացիները կոտորեց։ Անոր քաղաքին անունը Աւիթ էր։
36 Ադադ մեռաւ ու անոր տեղ Մասրեկացի Սամաղան թագաւորեց։
37 Սամաղան մեռաւ ու անոր տեղ Գետին քով Ռոբովաթէն եղող Սաւուղը թագաւորեց։
38 Սաւուղ մեռաւ ու անոր տեղ Աքոբորի որդին Բաղաանան թագաւորեց։
39 Աքոբորի որդին Բաղաանան մեռաւ ու անոր տեղ Ադադ թագաւորեց։ Անոր քաղաքին անունը Փոգով էր ու անոր կնոջ անունը Մետաբեէլ էր, որ Մէզաաբի աղջկանը Մատրեթին աղջիկն էր։
40 Եւ իրենց տոհմերուն ու իրենց տեղերուն համեմատ իրենց անուններովը՝ Եսաւէն եղած իշխաններուն անունները ասոնք են՝ Թամնա իշխան, Գաղուա իշխան, Յեթա իշխան, Ողիմաբա իշխան,
41 Էլա իշխան, Փինօն իշխան, Կենէզ իշխան, Թեման իշխան,
42 Մաբզար իշխան, Մագեդիէլ իշխան, Իրամ իշխան։
43 Ասոնք են Եդովմի իշխանները իրենց բնակութեանը համեմատ՝ իրենց ստացուածքի երկրին մէջ. այս է Եսաւ Եդովմայեցիներուն հայրը։