ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 17
Երբ Աբրամ իննիսունըինը տարեկան էր, Տէրը Աբրամին երեւցաւ ու ըսաւ անոր. «Ես եմ ամենակարող Աստուածը. իմ առջեւս քալէ՛ ու կատարեալ եղի՛ր։
2 Եւ իմ ու քու մէջտեղ ուխտ պիտի ընեմ ու խիստ պիտի շատցնեմ քեզ»։
3 Աբրամ իր երեսին վրայ ինկաւ ու Աստուած անոր խօսեցաւ՝ ըսելով.
4 Ահա իմ ուխտս քեզի հետ է։ Ազգերու բազմութեան հայր պիտի ըլլաս
5 Ու այսուհետեւ քու անունդ Աբրամ չըսուի, հապա քու անունդ Աբրահամ թող ըլլայ. վասն զի քեզ ազգերու բազմութեան հայր ըրի։
6 Քեզ խիստ պիտի աճեցնեմ ու քեզ ազգեր պիտի ընեմ ու քեզմէ թագաւորներ պիտի ելլեն։
7 Իմ ու քու մէջտեղ ու քու սերունդիդ մէջտեղ եւ իրենց ազգերուն մէջտեղ ուխտս պիտի հաստատեմ։ Յաւիտենական ուխտ մը, որ քեզի ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ Աստուած պիտի ըլլամ։
8 Եւ պիտի տամ քեզի ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ իբր յաւիտենական ժառանգութիւն այն երկիրը, ուր պանդուխտ եղար՝ բոլոր Քանանի երկիրը ու անոնց Աստուած պիտի ըլլամ»։
9 Եւ Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Ուստի դուն ու քեզմէ ետքը քու սերունդդ իրենց ազգերուն մէջ՝ պահեցէք իմ ուխտս։
10 Այս է իմ ու ձեր մէջտեղ եւ քեզմէ ետքը քու սերունդիդ մէջտեղ եղած իմ ուխտս՝ որ պիտի պահէք.
11 Ձեզմէ ամէն արուն պէտք է թլփատուի. Ձեր անթլփատութեան մարմինը թլփատէք ու ասիկա իմ ու ձեր մէջտեղ եղած ուխտին նշանը թող ըլլայ։
12 Ձեր ազգերուն մէջ ամէն ութ օրուան արու զաւակ, կամ տունը ծնածը, կամ քու սերունդէդ չեղող բոլոր օտարականներէն ստակով ծախու առնուածը՝ պէտք է թլփատուի։
13 Քու տունդ ծնածը եւ ստակովդ ծախու առնուածը անշուշտ պիտի թլփատուի եւ իմ ուխտս ձեր մարմինին մէջ յաւիտենական ուխտ մը ըլլայ։
14 Եւ անթլփատ արուն՝ որուն անթլփատութեան մարմինը թլփատուած չէ, այն անձը իր ժողովուրդէն պիտի կորսուի. անիկա իմ ուխտս անարգած կ’ըլլայ»։
15 Աստուած ըսաւ Աբրահամին. «Քու կնոջդ Սարային անունը՝ Սարա մի՛ կանչեր, հապա անոր անունը Սառա թող ըլլայ։
16 Զանիկա պիտի օրհնեմ, նաեւ անկէ որդի մը պիտի տամ քեզի ու պիտի օրհնեմ զանիկա ու ազգերու մայր պիտի ըլլայ եւ ժողովուրդներու թագաւորներ պիտի ելլեն անկէ»։
17 Աբրահամ երեսի վրայ ինկաւ ու խնդաց եւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Հարիւր տարեկան մարդուն զաւակ պիտի ըլլա՞յ արդեօք եւ Սառա, որ իննիսուն տարեկան է, պիտի ծնանի՞»։
18 Եւ Աբրահամ ըսաւ Աստուծոյ. «Թող Իսմայէլ ապրի քու առջեւդ»։
19 Եւ Աստուած ըսաւ. «Այո՛, քու կինդ Սառա որդի մը պիտի ծնանի քեզի ու անոր անունը Իսահակ պիտի դնես։ Անոր հետ ու անկէ ետքը անոր սերունդին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ, յաւիտենական ուխտ մը։
20 Եւ Իսմայէլի համար ալ լսեցի քեզի։ Ահա օրհնեցի զանիկա ու պիտի աճեցնեմ զանիկա ու խիստ պիտի շատցնեմ։ Անիկա տասներկու իշխան պիտի ծնանի եւ մեծ ազգ մը պիտի ընեմ զանիկա։
21 Բայց գալ տարի այս ատեն Սառայի քեզի ծնանելու Իսահակին հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ»։
22 Տէրը անոր հետ խօսիլը լմնցուց ու Աստուած Աբրահամին քովէն վեր ելաւ։
23 Աբրահամ առաւ իր որդին Իսմայէլը եւ բոլոր իր տունը ծնածները եւ բոլոր ստակով ծախու առնուածները, իր ընտանիքին մէջ գտնուած ամէն արու ու նոյն օրը անոնց անթլփատութեան մարմինը թլփատեց, ինչպէս Աստուած անոր ըսեր էր։
24 Աբրահամ իննիսունըինը տարեկան էր երբ իր անթլփատութեան մարմինը թլփատուեցաւ։
25 Եւ իր որդին Իսմայէլ տասներեք տարեկան էր, երբ իր անթլփատութեան մարմինը թլփատուեցաւ։
26 Նոյն օրը թլփատուեցան Աբրահամ ու իր որդին Իսմայէլ։
27 Եւ իր տանը բոլոր մարդիկը, թէ՛ իր տունը ծնած եւ թէ օտարականներէն ստակով առնուած, իրեն հետ թլփատուեցան։