ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 25

Աբրահամ նորէն կին մը առաւ, որուն անունը Քետուրա էր։
2 Անիկա Զեմրանը ու Յեկսանը եւ Մադանը ու Մադիանը եւ Յեսբոկը ու Սովէն ծնաւ անոր։
3 Յեկսան ծնաւ Սաբան ու Դեդանը. Դեդանին որդիները Ասուրիմ ու Լատուսիմ եւ Լովովմիմ էին։
4 Մադիանին որդիները Գեփա ու Ափէր եւ Ենովք ու Աբիդա եւ Ելդագա էին։ Ասոնք ամէնքը Քետուրային որդիներն էին։
5 Եւ Աբրահամ իր բոլոր ունեցածը Իսահակին տուաւ.
6 Բայց իր հարճերուն որդիներուն պարգեւներ տուաւ եւ իր կենդանութեան ատենը զանոնք իր որդիին Իսահակին քովէն դէպի արեւելք՝ արեւելեան երկիրը ղրկեց։
7 Աբրահամին կեանքին տարիներուն օրերը որ ինք ապրեցաւ, հարիւր եօթանասունըհինգ տարի էին։
8 Եւ Աբրահամ աղէկ ծերութեամբ ծերացած ու իր օրերը լեցուած՝ աւանդեց իր հոգին ու մեռաւ եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։
9 Եւ իր որդիները՝ Իսահակ ու Իսմայէլ, թաղեցին զանիկա Մաքփելայի այրին մէջ, որ Քետացի Սահառի որդիին Եփրոնին արտին մէջ, Մամբրէի դէմ է.
10 Այն արտը, որ Աբրահամ Քետի որդիներէն ծախու առած էր։ Հոն թաղուեցան Աբրահամ եւ իր կինը Սառան։
11 Աբրահամին մեռնելէն ետքը Աստուած օրհնեց անոր որդին Իսահակը եւ Իսահակ Լահայրոյի ջրհորին քով բնակեցաւ։
12 Ասոնք են Աբրահամին որդիին Իսմայէլին ծնունդները, որ Սառային Եգիպտացի աղախինը Հագար ծնաւ Աբրահամին։
13 Իսմայէլի որդիներուն անուններն են՝ իրենց անուններովը ու իրենց ծնունդներովը. Իսմայէլին անդրանիկը Նաբէօթ, ետքը Կեդար, Ադբեէլ, Մաբսամ,
14 Մասմա, Դումա, Մասսէ, Քոդադ,
15 Թեմա, Յետուր, Նափէս ու Կեդմա։
16 Ասոնք են Իսմայէլին որդիները։ Իրենց վրաններովն ու իրենց գիւղերովը իրենց անունները ասոնք են. իրենց ազգերուն համեմատ տասներկու իշխաններ էին։
17 Իսմայէլի կեանքին օրերը հարիւր երեսունըեօթը տարի եղան եւ իր հոգին աւանդելով մեռաւ ու իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։
18 Եւ Իսմայէլացիները բնակեցան Եւիլայէ մինչեւ Սուր, որ Եգիպտոսի դիմաց Ասորեստան երթալու ճամբուն վրայ է. բոլոր իր եղբայրներուն առջեւ բնակեցաւ։
19 Եւ Աբրահամի որդիին Իսահակին ծնունդները ասոնք են. Աբրահամ ծնաւ Իսահակը։
20 Իսահակ քառասուն տարեկան էր, երբ Միջագետքէն Ասորի Բաթուէլին աղջիկը, Ասորի Լաբանին քոյրը Ռեբեկան իրեն կին առաւ։
21 Իսահակ աղաչեց Տէրոջը իր կնոջ համար՝ ամուլ ըլլալուն պատճառով եւ Տէրը անոր աղաչանքը ընդունեց ու անոր կինը Ռեբեկան յղացաւ։
22 Եւ տղաքները անոր արգանդին մէջ կը կռուէին ու ըսաւ. «Եթէ այսպէս է, ինչո՞ւ եղաւ ինծի ասիկա» եւ Տէրոջը հարցնելու գնաց։
23 Ու Տէրը ըսաւ անոր. «Երկու ազգ կան արգանդիդ մէջ եւ քու որովայնէդ երկու ժողովուրդ պիտի զատուի ու ժողովուրդին մէկը միւսէն զօրաւոր պիտի ըլլայ եւ մեծը պիտի ծառայէ պզտիկին»։
24 Ու երբ անոր ծնանելու օրերը լեցուեցան, ահա երկուորեակ էին անոր արգանդին մէջ։
25 Առաջինը ելաւ կարմրագոյն, բոլոր մարմինը մազոտ վերարկուի պէս էր ու անոր անունը Եսաւ դրին։
26 Եւ անկէ ետքը անոր եղբայրը ելաւ ու անոր ձեռքը Եսաւի գարշապարէն բռներ էր եւ անոր անունը Յակոբ դրին ու անոնց ծնած ատենը Իսահակ վաթսուն տարեկան էր։
27 Եւ մանուկները մեծցան ու Եսաւ դաշտի մարդ՝ վարպետ որսորդ եղաւ. իսկ Յակոբ՝ հանդարտ բարքով մարդ էր ու վրաններու մէջ կը բնակէր։
28 Եւ Իսահակ կը սիրէր Եսաւը, վասն զի անոր որսէն կ’ուտէր, բայց Ռեբեկա Յակոբը կը սիրէր։
29 Օր մը երբ Յակոբ ապուր կ’եփէր, Եսաւ դաշտէն եկաւ եւ անօթութենէն կը մարէր։
30 Եսաւ Յակոբին ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, այդ շիկաթանէն տուր որ ուտեմ, քանզի կը մարիմ»։ Անոր համար անոր անունը Եդովմ կոչուեցաւ։
31 Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ծախէ՛ ինծի այսօր քու անդրանկութեանդ իրաւունքը»։
32 Եսաւ ըսաւ. «Ահա մեռնելու կը մօտենամ եւ անդրանկութենէն ինծի ի՞նչ օգուտ կայ»։
33 Եւ Յակոբ ըսաւ. «Այսօր ինծի երդում ըրէ»։ Անիկա երդում ըրաւ անոր ու իր անդրանկութեան իրաւունքը ծախեց Յակոբին։
34 Այն ատեն Յակոբ հաց ու ոսպէ ապուր տուաւ Եսաւին եւ անիկա կերաւ ու խմեց ու ելաւ գնաց։ Այսպէս Եսաւ իր անդրանկութիւնը անարգեց։