ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 27

Երբ Իսահակ ծերացաւ ու իր աչքերուն տեսողութիւնը տկարացաւ, իր մեծ որդին Եսաւը կանչեց ու ըսաւ անոր. «Որդեա՛կ իմ»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ»։
2 Եւ Իսահակ ըսաւ. «Ահա ես ծերացեր եմ ու մեռնելուս օրը չեմ գիտեր։
3 Հիմա զէնքերդ՝ կապարճդ ու աղեղդ ա՛ռ եւ դաշտը ելիր ու ինծի որս մը որսայ
4 Եւ իմ սիրածիս պէս ինծի խորտիկներ պատրաստէ ու ինծի բեր որ ուտեմ, որպէս զի մեռնելէս առաջ իմ հոգիս քեզ օրհնէ»։
5 Ռեբեկա լսեց, երբ Իսահակ իր որդիին՝ Եսաւին հետ կը խօսէր։ Եսաւ դաշտը գնաց որս մը որսալու եւ բերելու։
6 Ռեբեկա իր որդիին Յակոբին ըսաւ. «Ահա ես լսեցի, երբ քու հայրդ քու եղբօրդ Եսաւին խօսեցաւ ու ըսաւ.
7 ‘Ինծի որս բեր ու ինծի խորտիկներ պատրաստէ, որպէս զի ուտեմ ու մեռնելէս առաջ քեզ Տէրոջը առջեւ օրհնեմ’։
8 Հիմա, որդեակ իմ, ինչ որ ես քեզի պատուիրեմ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ։
9 Հիմա դէպի հօտը գնա ու անկէ ինծի երկու աղէկ ուլ բեր այծերէն եւ անոնցմէ քու հօրդ համար խորտիկներ պատրաստեմ իր սիրածին պէս
10 Ու հօրդ տար, որ ուտէ եւ իր մեռնելէն առաջ քեզ օրհնէ»։
11 Յակոբ ըսաւ իր մօրը Ռեբեկային. «Ահա իմ եղբայրս Եսաւ մազոտ մարդ մըն է ու ես լերկ մարդ մըն եմ,
12 Գուցէ հայրս զիս շօշափէ ու ես իր աչքին խաբողի մը պէս երեւնամ եւ իմ վրաս անէծք բերեմ ու ոչ թէ օրհնութիւն»։
13 Եւ իր մայրը ըսաւ անոր. «Որդեակ իմ, քեզի գալու անէծքը թող իմ վրաս ըլլայ, միայն թէ դուն իմ խօսքս մտիկ ըրէ ու գնա ինծի բեր զանոնք»։
14 Յակոբ գնաց ու առաւ եւ իր մօրը բերաւ։ Մայրը անոր հօրը սիրածին պէս խորտիկներ պատրաստեց։
15 Ռեբեկա իր մեծ որդիին Եսաւին ազնիւ հանդերձները առաւ, որոնք տանը մէջ իր քով էին ու իր պզտիկ որդիին Յակոբին հագցուց։
16 Եւ այծի ուլերուն մորթերը անոր ձեռքերուն ու անոր լերկ պարանոցին վրա դրաւ.
17 Եւ իր ըրած խորտիկները ու հացը իր որդիին Յակոբին ձեռքը տուաւ։
18 Յակոբ իր հօրը գնաց ու ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ահա հոս եմ. ո՞վ ես դուն, որդեակ իմ»։
19 Ու Յակոբ իր հօրը ըսաւ. «Ես քու անդրանիկ որդիդ Եսաւն եմ, ինծի ըսածիդ պէս ըրի։ Շնորհք ըրէ՛, ելի՛ր, նստէ՛ եւ իմ որսէս կեր, որպէս զի քու հոգիդ զիս օրհնէ»։
20 Իսահակ ըսաւ իր որդիին. «Ի՞նչպէս այդչափ շուտով գտար, որդեակ իմ»։ Յակոբ ըսաւ. «Քանզի Տէրը՝ քու Աստուածդ՝ իմ առջեւս բերաւ»։
21 Իսահակ ըսաւ Յակոբին. «Մօտ եկուր որպէս զի քեզ շօշափեմ, որդեա՜կ իմ, թէ արդեօք դուն իմ որդիս Եսա՞ւն ես, թէ ոչ»։
22 Յակոբ իր հօրը Իսահակին մօտեցաւ, որ շօշափեց զանիկա ու ըսաւ. «Ձայնը Յակոբին ձայնն է, բայց ձեռքերը Եսաւին ձեռքերն են»։
23 Այսպէս չճանչցաւ զանիկա, քանզի անոր ձեռքերը իր եղբօրը Եսաւի ձեռքերուն պէս մազոտ էին եւ օրհնեց զանիկա
24 Ու ըսաւ. «Դո՞ւն ես իմ որդիս Եսաւը»։
25 Անիկա ըսաւ. «Ես եմ»։ Հայրը ըսաւ. «Մօտ բեր ինծի ու իմ որդիիս որսէն ուտեմ, որպէս զի իմ հոգիս քեզ օրհնէ»։ Յակոբ մօտեցուց անոր, ան ալ կերաւ։ Յակոբ գինի բերաւ հօրը, որ խմեց։
26 Անոր հայրը՝ Իսահակ՝ ըսաւ անոր. «Հիմա մօտեցիր ու զիս համբուրէ, որդեակ իմ»։
27 Անիկա մօտեցաւ ու համբուրեց զանիկա եւ Իսահակ հանդերձին հոտը հոտուըտաց ու օրհնեց զանիկա եւ ըսաւ. «Ահա իմ որդիիս հոտը Տէրոջը օրհնած արտին հոտին պէս է։
28 Ուստի Աստուած տայ քեզի երկնքի ցօղէն ու երկրի պարարտութենէն եւ ցորենի ու գինիի առատութիւն.
29 Թող ժողովուրդներ քեզի ծառայեն եւ ազգեր քեզի խոնարհութիւն ընեն. քու եղբայրներուդ տէրը եղիր եւ քու մօրդ որդիները քեզի խոնարհութիւն ընեն. քեզ անիծողը անիծեալ ըլլայ ու քեզ օրհնողը՝ օրհնեալ»։
30 Երբ Իսահակ դադարեցաւ Յակոբը օրհնելէ ու հազիւ թէ Յակոբ իր հօրը Իսահակին առջեւէն ելեր էր, անոր եղբայրը Եսաւ որսէն եկաւ։
31 Ան ալ խորտիկներ պատրաստեց ու իր հօրը բերաւ եւ իր հօրը ըսաւ. «Թող իմ հայրս ելլէ ու իր որդիին որսէն ուտէ, որպէս զի քու հոգիդ զիս օրհնէ»։
32 Անոր հայրը Իսահակ ըսաւ անոր. «Դուն ո՞վ ես»։ Եւ անիկա ըսաւ. «Ես քու որդիդ, քու անդրանիկդ, Եսաւն եմ»։
33 Իսահակ խիստ շատ սարսափեցաւ ու ըսաւ. «Այն որսը բռնողն ու ինծի բերողը ո՞վ էր, որ ես քու գալէդ առաջ ամենէն կերայ եւ օրհնեցի զանիկա։ Ա՛լ անշուշտ անիկա օրհնեալ պիտի ըլլայ»։
34 Երբ Եսաւ իր հօրը խօսքերը լսեց, խիստ մեծ ու դառն աղաղակով լացաւ եւ իր հօրը ըսաւ. «Զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՜վ հայր իմ»։
35 Անիկա ըսաւ. «Քու եղբայրդ եկաւ նենգութեամբ ու քու օրհնութիւնդ առաւ»։
36 Եսաւ ըսաւ. «Անոր անունը Յակոբ կոչուելո՞ւն համար է, որ երկու անգամ զիս խաբեց. իմ անդրանկութեան իրաւունքս առաւ եւ ահա հիմա օրհնութիւնս ալ առաւ»։ Նաեւ ըսաւ. «Ինծի համար օրհնութիւն մը չթողուցի՞ր»։
37 Եւ Իսահակ պատասխան տուաւ ու ըսաւ Եսաւին. «Ահա զանիկա քեզի տէր ըրի եւ անոր բոլոր եղբայրները իրեն ծառաներ ըլլալու տուի ու զանիկա ցորենով ու գինիով հաստատեցի. ալ հիմա քեզի ի՞նչ ընեմ, որդեակ իմ»։
38 Եւ Եսաւ իր հօրը ըսաւ. «Ո՛վ հայր իմ, քու օրհնութիւնդ միայն մէ՞կ է. զի՛ս, զի՛ս ալ օրհնէ, ո՛վ հայր իմ»։ Ու Եսաւ իր ձայնը վերցուց ու լացաւ։
39 Եւ իր հայրը Իսահակ պատասխան տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա քու բնակութիւնդ երկրի պարարտութենէն ու վերէն՝ երկնքի ցօղէն ըլլայ։
40 Քու սուրովդ ապրիս ու եղբօրդ ծառայութիւն ընես եւ եթէ անոր դէմ ապստամբիս՝ անոր լուծը քու պարանոցէդ կոտրես»։
41 Եւ Եսաւ ատեց Յակոբը այն օրհնութեան համար, որով իր հայրը օրհնեց զանիկա ու Եսաւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Իմ հօրս սուգին օրերը մօտ են, յետոյ իմ եղբայրս Յակոբը պիտի մեռցնեմ»։
42 Ռեբեկային պատմուեցան իր մեծ որդիին Եսաւին խօսքերը, ուստի իր պզտիկ որդին Յակոբը կանչել տուաւ ու ըսաւ անոր. «Ահա քու եղբայրդ Եսաւ քեզ մեռցնել խորհելով՝ քու վրայովդ ինքզինք կը մխիթարէ։
43 Հիմա, որդեա՛կ իմ, իմ խօսքս մտիկ ըրէ ու ելի՛ր դէպի Խառան իմ Լաբան եղբօրս քով փախիր
44 Եւ անոր քով կեցիր ատեն մը, մինչեւ եղբօրդ բարկութիւնը անցնի
45 Ու քու անոր ըրածդ մոռնայ. ետքը քեզ անկէ բերել կու տամ. ինչո՞ւ ձեր երկուքէն ալ մէկ օրուան մէջ զրկուիմ»։
46 Եւ Ռեբեկա ըսաւ Իսահակին. «Քետի աղջիկներուն պատճառաւ հոգիէս զզուեր եմ. եթէ Յակոբ այս երկրին աղջիկներէն, ասոնց պէս Քետի աղջիկներէն, կին առնէ, ալ այս կեանքս ի՞նչ պէտք է ինծի»։