ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 30

Երբ Ռաքէլ տեսաւ, որ ինք Յակոբին զաւակներ չծնաւ, իր քրոջ նախանձեցաւ ու Յակոբին ըսաւ. «Ինծի զաւակներ տուր, եթէ ոչ՝ կը մեռնիմ»։
2 Յակոբին բարկութիւնը բորբոքեցաւ Ռաքէլին դէմ ու ըսաւ. «Միթէ ես Աստուծոյ տե՞ղն եմ, որ արգանդի պտուղը քեզմէ արգիլեց»։
3 Ռաքէլ ըսաւ. «Ահա իմ աղախինս Բաղղա, անոր մտիր ու անիկա իմ ծունկերուս վրայ ծնանի եւ ես ալ անկէ որդիներ ստանամ»։
4 Իր Բաղղա աղախինը անոր կին ըլլալու տուաւ։ Յակոբ անոր մտաւ։
5 Բաղղա յղացաւ ու Յակոբին որդի մը ծնաւ։
6 Ռաքէլ ըսաւ. «Աստուած ինծի դատաստան ըրաւ ու իմ ձայնս ալ լսեց եւ ինծի որդի մը տուաւ»։ Անոր համար անոր անունը Դան դրաւ։
7 Ռաքէլի աղախինը Բաղղա դարձեալ յղացաւ ու Յակոբին երկրորդ որդի մը ծնաւ։
8 Եւ Ռաքէլ ըսաւ. «Իմ քրոջս հետ մեծ ըմբշամարտութիւնով մարտնչեցայ եւ յաղթեցի»։ Ու անոր անունը Նեփթաղիմ դրաւ։
9 Երբ Լիա տեսաւ, որ ինք ծնանելէ դադարեցաւ, իր աղախինը Զեփղան առաւ ու Յակոբին կին ըլլալու տուաւ զանիկա։
10 Լիային աղախինը Զեփղա Յակոբին որդի մը ծնաւ։
11 Լիա ըսաւ. «Բաղդս յաջողեցաւ»։ Ու անոր անունը Գադ դրաւ։
12 Լիային աղախինը Զեփղա երկրորդ որդի մը ծնաւ Յակոբին։
13 Լիա ըսաւ. «Երանելի եմ ես. քանզի աղջիկները ինծի երանի՜ պիտի ըսեն»։ Ու անոր անունը Ասեր դրաւ։
14 Ռուբէն գնաց ցորենի հունձքի օրերը ու արտին մէջ մանրագորներ գտաւ ու իր մօրը Լիային բերաւ։ Ռաքէլ ըսաւ Լիային. «Կ’աղաչեմ, տո՛ւր ինծի որդիիդ մանրագորներէն»։
15 Անիկա ըսաւ անոր. «Իմ այրս առնելդ քի՞չ եկաւ, որ իմ որդիիս մանրագորներն ալ պիտի առնես»։ Ռաքէլ ըսաւ. «Ուստի քու որդիիդ մանրագորներուն համար այս գիշեր քեզի հետ թող պառկի»։
16 Իրիկունը երբ Յակոբ դաշտէն կու գար, Լիա զանիկա դիմաւորելու ելաւ ու ըսաւ. «Ինծի պիտի մտնես, քանզի իրաւցընէ վարձքով առի քեզ իմ որդիիս մանրագորներովը»։ Այն գիշեր անոր հետ պառկեցաւ։
17 Եւ Աստուած լսեց Լիային ձայնը ու յղացաւ ու Յակոբին հինգերորդ որդի մը ծնաւ։
18 Եւ Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի վարձք տուաւ, որովհետեւ աղախինս իմ էրկանս տուի»։ Անոր անունը Իսաքար դրաւ։
19 Լիա նորէն յղացաւ ու Յակոբին վեցերորդ որդի մը ծնաւ։
20 Եւ Լիա ըսաւ. «Աստուած ինծի բարի պարգեւ մը պարգեւեց. այս անգամ այրս ինծի հետ պիտի բնակի, որովհետեւ իրեն վեց որդի ծնայ»։ Անոր անունը Զաբուղոն դրաւ։
21 Անկէ յետոյ աղջիկ մը ծնաւ ու անոր անունը Դինա դրաւ։
22 Եւ Աստուած յիշեց Ռաքէլը ու Աստուած լսեց անոր աղօթքը եւ անոր արգանդը բացաւ
23 Ու յղացաւ ու որդի մը ծնաւ եւ ըսաւ. «Աստուած իմ նախատինքս վերցուց»
24 Եւ անոր անունը Յովսէփ դրաւ ու ըսաւ. «Տէրը ինծի ուրիշ որդի մըն ալ պիտի աւելցնէ»։
25 Երբ Ռաքէլ Յովսէփը ծնաւ, Յակոբ ըսաւ Լաբանին. «Թող տուր որ իմ տեղս ու իմ երկիրս երթամ.
26 Իմ կիներս ու տղաքներս, որոնց համար քեզի ծառայեցի, տո՛ւր ինծի որ երթամ. քանզի քեզի ըրած ծառայութիւնս դուն գիտես»։
27 Լաբան ըսաւ անոր. «Եթէ քու առջեւդ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ քեզի, կեցի՛ր. քանզի փորձով գիտցայ՝ ՝ որ Տէրը քեզի համար զիս օրհնեց»
28 Եւ ըսաւ. «Քու վարձքդ ինծի իմացուր ու պիտի վճարեմ»։
29 Յակոբ ըսաւ անոր. «Դուն գիտես թէ ես ի՛նչպէս ծառայեցի քեզի, քու անասուններդ ի՛նչպէս էին իմ քովս.
30 Վասն զի իմ գալէս առաջ քիչ էր քու ունեցածդ եւ խիստ շատցաւ ու Տէրը քեզ օրհնեց իմ գալովս եւ հիմա ես ալ իմ տանս համար ե՞րբ պիտի աշխատիմ»։
31 Անիկա ըսաւ. «Քեզի ի՞նչ տամ»։ Յակոբ ըսաւ. «Ինծի բան մը մի՛ տար. եթէ այս բանը ինծի ընես, նորէն քու հօտերդ կ’արածեմ ու կը պահեմ։
32 Այսօր քու բոլոր հօտերուդ մէջէն անցնիմ, անկէ ամէն պիսակ ու խայտախարիւ ոչխարը եւ ամէն սեւ ոչխարը ու խայտախարիւ եւ պիսակ այծերը զատեմ ու իմ վարձքս անոնք ըլլան։
33 Եւ ասկէ ետեւ՝ իմ արդարութիւնս քու առջեւդ պիտի յայտնուի, երբ իմ վարձքիս հոգ տանիս։ Իմ քովս գտնուած ամէն պիսակ ու խայտախարիւ չեղած այծ ու սեւ չեղած ոչխար գողցուած սեպուի»։
34 Եւ Լաբան ըսաւ. «Թող քու ըսածիդ պէս ըլլայ»։
35 Այն օրը զատեց բոլորախայտ ու խայտախարիւ նոխազները եւ բոլոր պիսակ ու խայտախարիւ էգ այծերը եւ ամէն ճերմակ ունեցողը ու բոլոր սեւ ոչխարները եւ իր որդիներուն ձեռքը տուաւ։
36 Եւ իր ու Յակոբին մէջտեղ երեք օրուան ճամբայի միջոց մը դրաւ։ Յակոբ Լաբանին մնացած հօտերը կ’արածէր։
37 Յակոբ իրեն դալար կաղամախի եւ նուշի ու սօսիի գաւազաններ առաւ եւ անոնց կեղեւները տեղ տեղ հանեց, այնպէս որ գաւազաններուն մէջ եղած ճերմակը կ’երեւնար։
38 Եւ իր կեղուած գաւազանները ջուր խմցնելու աւազաններուն մէջ դրաւ, որպէս զի երբ հօտերը ջուր խմելու գան, այն գաւազանները ոչխարներուն առջեւ ըլլան եւ անոնք՝ խմելու եկած ատենին տաքնան։
39 Ու ոչխարները գաւազաններուն առջեւ տաքնալով՝ բոլորախայտ, պիսակ եւ խայտախարիւ գառներ կը ծնանէին։
40 Եւ Յակոբ կը զատէր գառները ու հօտերուն երեսը Լաբանի հօտերուն մէջ եղած բոլորախայտ ու ամէն սեւ ոչխարներուն կը դարձնէր եւ իր հօտերը զատ դրաւ ու զանոնք Լաբանի հօտերուն քով չդրաւ։
41 Երբ զօրաւոր ոչխարները կը տաքնային, Յակոբ այն գաւազանները ոչխարներուն աչքին առջեւ՝ աւազաններուն մէջ կը դնէր, որպէս զի գաւազաններուն առջեւ տաքնան։
42 Բայց տկար ոչխարներուն չէր դներ. այսպէս տկարները Լաբանին ու զօրաւորները՝ Յակոբին կ’ըլլային։
43 Եւ Յակոբ խիստ հարստացաւ եւ շատ հօտեր եւ աղախիններ ու ծառաներ եւ ուղտեր ու էշեր ունեցաւ։