ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 26

Երկրին մէջ սով եղաւ, առաջուան սովէն զատ, որ Աբրահամին օրերը եղեր էր։ Իսահակ Գերարա գնաց Փղշտացիներու Աբիմելէք թագաւորին։
2 Եւ Տէրը երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Եգիպտոս մի՛ իջներ, բնակէ այն երկրին մէջ որ քեզի պիտի ըսեմ։
3 Պանդուխտ եղիր այս երկրին մէջ ու ես քեզի հետ պիտի ըլլամ եւ քեզ պիտի օրհնեմ, վասն զի բոլոր այս երկիրները քեզի ու քու սերունդիդ պիտի տամ ու քու հօրդ Աբրահամին ըրած երդումս պիտի հաստատեմ
4 Եւ քու սերունդդ երկնքի աստղերուն չափ պիտի շատցնեմ եւ բոլոր այս երկիրները քու սերունդիդ պիտի տամ ու երկրի բոլոր ազգերը քու սերունդովդ պիտի օրհնուին.
5 Վասն զի Աբրահամ իմ ձայնիս ականջ դրաւ եւ իմ հրամաններս ու պատուիրանքներս, իմ կանոններս ու օրէնքներս պահեց»։
6 Իսահակ բնակեցաւ Գերարայի մէջ։
7 Ու այն տեղին մարդիկը հարցուցին անոր իր կնոջ համար եւ անիկա ըսաւ. «Իմ քոյրս է», քանզի «Իմ կինս է» ըսելու վախցաւ։ «Չըլլայ որ, ըսաւ, այս տեղին մարդիկ զիս մեռցնեն Ռեբեկային համար». վասն զի անիկա տեսքով գեղեցիկ էր։
8 Ու եղաւ որ երբ հոն շատ ատեն կեցաւ, Փղշտացիներու թագաւորը՝ Աբիմելէք՝ պատուհանէն նայեցաւ ու տեսաւ եւ ահա Իսահակ իր կնոջ Ռեբեկայի հետ կը խաղար։
9 Աբիմելէք կանչեց Իսահակը ու ըսաւ. «Ահա իրաւցընէ անիկա քու կինդ է եւ ի՞նչպէս ‘Անիկա իմ քոյրս է’, ըսիր»։ Ու Իսահակ ըսաւ անոր. «Քանզի ըսի թէ՝ ‘Չըլլայ որ անոր պատճառաւ մեռնիմ’»։
10 Եւ Աբիմելէք ըսաւ. «Ի՞նչ է այս քու մեզի ըրածդ. քիչ մնաց որ ժողովուրդէն մէկը քու կնոջդ հետ պառկէր ու մեր վրայ յանցանք պիտի բերէիր»։
11 Աբիմելէք իր բոլոր ժողովուրդին պատուիրեց՝ ըսելով. «Ով որ այս մարդուն կամ անոր կնոջ դպչելու ըլլայ՝ անշուշտ պիտի սպաննուի»։
12 Իսահակ այն երկրին մէջ ցանեց ու այդ տարին հարիւրապատիկ արդիւնք քաղեց, քանզի Տէրը օրհնեց զանիկա։
13 Մարդը բարձրացաւ ու երթալով մեծցաւ. այնպէս որ խիստ մեծ եղաւ։
14 Ունեցաւ ոչխարներ ու արջառներ եւ շատ ծառաներ ու Փղշտացիները նախանձեցան անոր։
15 Իր հօրը Աբրահամին օրերը իր հօրը ծառաներուն փորած բոլոր ջրհորները Փղշտացիները գոցեցին հող լեցնելով։
16 Աբիմելէք ըսաւ Իսահակին. «Գնա՛ մեր քովէն, վասն զի մեզմէ շատ աւելի զօրաւոր եղար»։
17 Իսահակ գնաց անկէ ու իր վրանները Գերարայի ձորին մէջ բացաւ ու հոն բնակեցաւ։
18 Իսահակ նորէն փորեց այն ջրհորները, որոնք իր հօրը Աբրահամին օրերը փորուեր էին, բայց Աբրահամին մեռնելէն ետքը Փղշտացիները գոցեր էին եւ իր հօրը դրած անուններուն պէս անոնց անուններ դրաւ։
19 Իսահակին ծառաները այն ձորին մէջ փորեցին ու հոն վազուն ջուրի հոր գտան։
20 Եւ Գերարայի հովիւները Իսահակին հովիւներուն հետ կը կռուէին՝ ըսելով. «Ջուրը մերն է», անոր համար այն հորին անունը Էսէք դրաւ. քանզի անոր համար կռուեցան։
21 Ուրիշ հոր մը փորեցին։ Անոր համար ալ կռուեցան եւ անոր անունը Սիդնա դրաւ։
22 Ապա անկէ չուեց եւ ուրիշ հոր մը փորեց, որուն համար չկռուեցան։ Անոր անունը Ռոբովդ դրաւ՝ ըսելով. «Քանզի հիմա Տէրը մեզ ընդարձակեց ու երկրի մէջ պտղաբեր պիտի ըլլանք»։
23 Անկէ Բերսաբէէ ելաւ։
24 Այն գիշերը Տէրը երեւցաւ անոր ու ըսաւ. «Ես քու հօրդ Աբրահամին Աստուածն եմ. մի՛ վախնար, վասն զի ես քեզի հետ եմ եւ իմ ծառայիս Աբրահամին համար քեզ պիտի օրհնեմ ու քու սերունդդ պիտի շատցնեմ»։
25 Իսահակ հոն սեղան մը շինեց ու Տէրոջը անունը կանչեց եւ հոն իր վրանը բացաւ։ Իր ծառաները հոն ալ հոր մը փորեցին։
26 Աբիմելէք եւ իր բարեկամը Ոքոզաթ ու իր սպարապետը Փիքօղ Գերարայէն անոր գացին։
27 Իսահակ ըսաւ անոնց. «Ի՞նչ պատճառաւ ինծի եկաք, մինչդեռ զիս ատեցիք ու զիս ձեզմէ վռնտեցիք»։
28 Անոնք ըսին. «Ստուգիւ տեսանք որ Տէրը քեզի հետ է, ուստի ըսինք՝ ‘Հիմա մեր մէջ, այսինքն մեր ու քու մեջտէղ, երդում մը ըլլայ եւ քեզի հետ ուխտ ընենք,
29 Որպէս զի մեզի գէշութիւն չընես, ինչպէս մենք քեզի բան մը չըրինք, միայն թէ քեզի աղէկութիւն ըրինք ու քեզ խաղաղութեամբ ճամբեցուցինք’։ Դուն Տէրոջը օրհնեալն ես»։
30 Եւ ինք անոնց խնճոյք ըրաւ։ Անոնք կերան ու խմեցին
31 Եւ առտուն կանուխ ելան ու իրարու երդում ըրին եւ Իսահակ ճամբեցուց զանոնք։ Անոնք խաղաղութեամբ իրմէ գացին։
32 Նոյն օրը Իսահակի ծառաները եկան եւ անոր պատմեցին իրենց փորած հորին համար ու անոր ըսին. «Ջուր գտանք»։
33 Ինք անոր անունը Սաբէէ դրաւ. անոր համար մինչեւ այսօր այն քաղաքին անունը Բերսաբէէ է։
34 Եսաւ քառասուն տարեկան էր, երբ իրեն կին առաւ Քետացի Բէերիի աղջիկը Յուդիկը ու Քետացի Ելօնի աղջիկը Բասեմաթը։
35 Ասոնք Իսահակին ու Ռեբեկային սրտի ցաւ եղան։.