ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 8

Եւ Աստուած յիշեց Նոյը ու անոր հետ տապանին մէջ եղած բոլոր գազանները ու բոլոր անասունները։ Աստուած երկրի վրայ հով մը բերաւ ու ջուրերը նուազեցան։
2 Նաեւ անդունդին աղբիւրները ու երկնքի պատուհանները գոցուեցան եւ երկնքի անձրեւը կտրեցաւ։
3 Ու երթալով ջուրերը երկրի վրայէն քաշուեցան ու հարիւր յիսուն օրէն ետքը ջուրերը քիչցան։
4 Եօթներորդ ամսուն, ամսուան տասնըեօթներորդ օրը, տապանը Արարատ լեռներուն վրայ նստաւ։
5 Ջուրերը երթալով քիչցան մինչեւ տասներորդ ամիսը եւ տասներորդ ամսուան առաջին օրը լեռներուն գլուխները երեւցան։
6 Քառասուն օր ետքը Նոյ իր շինած տապանին պատուհանը բացաւ
7 Եւ ագռաւ մը արձակեց, որ ելաւ ու ասդին անդին կը պտըտէր՝ մինչեւ երկրի վրայէն ջուրերուն ցամքիլը։
8 Աղաւնի մըն ալ քովէն արձակեց, որպէս զի տեսնէ թէ արդեօք երկրին վրայէն ջուրերը քիչցա՞ծ են։
9 Բայց աղաւնին իր ոտքը դնելու տեղ չգտաւ ու տապանը դարձաւ. վասն զի բոլոր երկրին երեսը ջուրեր կային։ Այն ատեն Նոյ իր ձեռքը երկնցուց ու առաւ զանիկա եւ իր քով տապանին մէջ բերաւ։
10 Եօթը օր ալ սպասեց եւ նորէն աղաւնի մը տապանէն արձակեց։
11 Ու իրիկուան դէմ աղաւնին անոր եկաւ եւ ահա իր բերանը ձիթենիի նոր փրցուած տերեւ մը կար, ուստի Նոյ գիտցաւ թէ ջուրերը երկրի վրայէն քիչցած են։
12 Եւ եօթը օր ալ սպասեց ու նորէն աղաւնի մը արձակեց, որ ա՛լ անոր չդարձաւ։
13 Նոյի կեանքին վեց հարիւրմէկերորդ տարուան առաջին ամսուան առաջին օրը, ջուրերը երկրին վրայէն ցամքեցան։ Նոյ տապանին ծածկոցը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա երկրին երեսը ցամքեր էր։
14 Ու երկրորդ ամսուն՝ ամսուան քսանըեօթներորդ օրը երկիրը չորցաւ։
15 Եւ Աստուած խօսեցաւ Նոյին ու ըսաւ.
16 «Տապանէն դուրս ելիր դուն ու քու կինդ եւ քու որդիներդ եւ քու որդիներուդ կիները քեզի հետ։
17 Քեզի հետ եղող ամէն կենդանի ամէն մարմինէ՝ թէ՛ թռչունները, թէ՛ անասունները եւ թէ՛ երկրի վրայ սողացող բոլոր սողունները քեզի հետ հանէ, որպէս զի երկրի վրայ բազմանան ու երկրի վրայ աճին ու շատնան»։
18 Նոյ ու իր որդիները եւ իր կինը եւ իր որդիներուն կիները իրեն հետ ելան.
19 Ամէն անասուն, ամէն սողուն ու ամէն թռչուն, երկրին վրայ ամէն շարժողները իրենց տեսակին պէս տապանէն ելան։
20 Եւ Նոյ սեղան մը շինեց Տէրոջը ու ամէն մաքուր անասունէ եւ ամէն մաքուր թռչունէ հատ մը առաւ ու սեղանին վրայ ողջակէզներ մատուցանեց։
21 Տէրը անոյշ հոտը հոտուըտաց եւ իր սրտին մէջ ըսաւ. «Ա՛լ ասկէ յետոյ մարդուն համար նորէն երկիրը պիտի չանիծեմ, քանզի մարդուն սրտին խորհուրդը իր մանկութենէն չար է, ո՛չ ալ նորէն պիտի ջարդեմ ամէն կենդանի մարմին, ինչպէս ըրի։
22 Որչափ որ երկիրը կը մնայ, սերմ ու հունձք, ցուրտ ու տաքութիւն, ամառ ու ձմեռ եւ ցորեկ ու գիշեր պիտի չդադարին»։