ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 45
Յովսէփ չկրցաւ զսպել ինքզինք բոլոր իր քով կայնողներուն առջեւ ու պոռաց. «Քովէս դո՛ւրս հանեցէք բոլոր մարդիկը»։ Երբ Յովսէփ ինքզինք իր եղբայրներուն ճանչցուց, քովը մարդ մը չկեցաւ։
2 Ձայնը բարձրացնելով լացաւ։ Եգիպտացիք լսեցին ու Փարաւոնին տունն ալ լսեց։
3 Յովսէփ ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ես Յովսէփն եմ. իմ հայրս տակաւին ո՞ղջ է»։ Եղբայրները չէին կրնար պատասխան տալ անոր, վասն զի անոր առջեւ ապշած մնացին։
4 Յովսէփ ըսաւ իր եղբայրներուն. «Ինծի մօտ եկէք»։ Անոնք ալ մօտ եկան եւ ըսաւ. «Ես ձեր եղբայրը Յովսէփն եմ, որ Եգիպտոս տարուելու ծախեցիք։
5 Ուստի զիս հոս ծախելնուդ համար մի՛ վշտանաք ու ձեզի ծանր չերեւնայ, վասն զի Աստուած ղրկեց զիս ձեր առջեւէն՝ կեանք պահելու համար։
6 Քանզի երկրիս վրայ սովին երկրորդ տարին է այս եւ տակաւին հինգ տարի կայ՝ որ ո՛չ վարուցան, ո՛չ ալ հունձք պիտի ըլլայ։
7 Աստուած զիս ձեր առջեւէն ղրկեց՝ որպէս զի երկրի վրայ ձեզի սերունդ պահէ եւ մեծ ազատութիւնով ձեզ ապրեցնէ։
8 Արդ՝ զիս հոս ղրկողը դուք չէք, հապա Աստուած է ու զիս Փարաւոնին հայր եւ իր բոլոր տանը տէր ու Եգիպտոսին իշխան դրաւ։
9 Շուտով իմ հօրս ելէք ու ըսէք անոր՝ այսպէս կ’ըսէ քու Յովսէփ որդիդ. ‘Աստուած բոլոր Եգիպտոսի տէր ըրաւ զիս. մի՛ ուշանար, ինծի իջիր
10 Եւ Գեսեմի երկրին մէջ բնակէ, որպէս զի իմ մօտ ըլլաս, դուն ու քու որդիներդ եւ քու որդիներուդ որդիները եւ հօտերդ ու արջառներդ եւ քու բոլոր ունեցածդ։
11 Հոն քեզ պիտի սնուցանեմ. վասն զի տակաւին հինգ տարի սով կայ. չըլլայ որ դուն ու քու տունդ եւ քու բոլոր ունեցածդ չքաւորութիւն քաշէք’։
12 Ահա ձեր աչքերը ու իմ եղբօրս Բենիամինին աչքերը կը տեսնեն, որ ձեզի խօսողը իմ բերանս է։
13 Եգիպտոսի մէջ իմ ունեցած բոլոր փառքս ու ձեր բոլոր տեսածը պատմեցէք իմ հօրս եւ շուտով իմ հայրս հոս իջեցուցէք»։
14 Եւ իր եղբօրը Բենիամինին պարանոցին վրայ ինկաւ ու լացաւ։ Բենիամինն ալ անոր պարանոցին վրայ լացաւ։
15 Իր բոլոր եղբայրները համբուրեց ու անոնց վրայ լացաւ եւ անկէ ետքը միայն իր եղբայրները իրեն խօսեցան։
16 Այս լուրը Փարաւոնին տանը մէջ լսուեցաւ թէ Յովսէփին եղբայրները եկեր են։ Փարաւոնին ու անոր ծառաներուն հաճելի եղաւ։
17 Փարաւոն ըսաւ Յովսէփին. «Քու եղբայրներուդ ըսէ՝ ‘Ձեր անասունները բեռցուցէք ու Քանանի երկիրը գացէք
18 Եւ ձեր հայրն ու ձեր ընտանիքները առէք ու ինծի եկէք եւ Եգիպտոսի ամենէն աղէկ տեղը ձեզի պիտի տամ ու երկրին պարարտութենէն պիտի ուտէք։
19 Եւ քեզի հրաման եղաւ, որ ձեր տղաքներուն համար ու ձեր կիներուն համար Եգիպտոսի երկրէն կառքեր առնէք ձեզի եւ ձեր հայրը բերէք։
20 Ձարե կարասիներուն մի՛ նայիք՝ ՝. վասն զի բոլոր Եգիպտոսի բարիքը ձերն է’»։
21 Իսրայէլի որդիները այնպէս ըրին։ Յովսէփ անոնց կառքեր տուաւ Փարաւնին խօսքին պէս ու ճամբու համար պաշար տուաւ անոնց։
22 Անոնց ամէն մէկուն զատ զատ փոխելու հանդերձներ տուաւ, բայց Բենիամինին երեք հարիւր կտոր արծաթ ու հինգ ձեռք փոխելու հանդերձ տուաւ
23 Եւ իր հօրը հետեւեալ բաները ղրկեց՝ տասը էշ Եգիպտոսի բարիքներով բեռցուած եւ տասը էգ էշ ցորենով ու հացով եւ ուտելիքներով բեռցուած, իր հօրը ճամբորդութեանը համար։
24 Այսպէս իր եղբայրները ղրկեց ու գացին եւ ըսաւ անոնց. «Ճամբուն մէջ չխռովիք»։
25 Անոնք Եգիպտոսէն ելան ու դէպի Քանանի երկիրը՝ իրենց հօրը Յակոբին՝ գացին
26 Եւ անոր պատմեցին՝ ըսելով. «Յովսէփ տակաւին ողջ է ու Եգիպտոսի բոլոր երկրին իշխանը անիկա է»։ Յակոբին սիրտը մարեցաւ, քանզի անոնց չհաւատաց։
27 Անոր պատմեցին Յովսէփին բոլոր խօսքերը, որոնք իրենց ըսեր էր։ Երբ տեսաւ Յովսէփին ղրկած կառքերը զինք տանելու համար, անոնց հօրը Յակոբին հոգին ողջնցաւ։
28 Եւ Իսրայէլ ըսաւ. «Բաւական է. իմ որդիս Յովսէփ տակաւին ողջ է. երթամ ու մեռնելէս առաջ տեսնեմ զանիկա»։