ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 32
Յակոբ իր ճամբան գնաց ու Աստուծոյ հրեշտակները անոր պատահեցան։
2 Յակոբ երբ տեսաւ զանոնք, ըսաւ. «Այս Աստուծոյ բանակն է» եւ այն տեղին անունը Մանայիմ դրաւ։
3 Յակոբ իր առջեւէն պատգամաւորներ ղրկեց իր եղբօրը Եսաւին՝ դէպի Սէիր երկիրը, Եդովմի գաւառը.
4 Եւ պատուիրեց անոնց՝ ըսելով. «Իմ տիրոջս Եսաւին այսպէս ըսէք. ‘Քու ծառադ Յակոբ այսպէս կ’ըսէ. Լաբանին քով պանդխտութիւն ըրի ու մինչեւ հիմա ուշացայ.
5 Ես ունիմ արջառներ ու էշեր, հօտեր ու ծառաներ եւ աղախիններ եւ ղրկեցի իմ տիրոջս իմացնելու, որպէս զի քու առջեւդ շնորհք գտնեմ’»։
6 Եւ պատգամաւորները դարձան Յակոբին ու ըսին. «Քու եղբօրդ Եսաւին գացինք ու անիկա ալ չորս հարիւր մարդով քեզ դիմաւորելու կու գայ»։
7 Յակոբ խիստ վախցաւ ու խռովեցաւ։ Իրեն հետ եղած ժողովուրդը ու հօտերը եւ արջառները եւ ուղտերը երկու խումբի բաժնեց
8 Ու ըսաւ. «Եթէ Եսաւ մէկ խումբին հասնի ու զայն զարնելու ըլլայ, միւս խումբը կ’ազատի»։
9 Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ո՛վ իմ հօրս Աբրահամին Աստուածը ու իմ հօրս Իսահակին Աստուածը, ո՛վ Տէր, որ ըսիր ինծի՝ ‘Քու երկիրդ ու քու հայրենիքդ դարձիր ու քեզի բարիք ընեմ’.
10 Արժանի չեմ այն ամէն ողորմութիւններուն եւ ամէն հաւատարմութեանը, որ դուն քու ծառայիդ ցուցուցիր, քանզի իմ գաւազանովս անցայ այս Յորդանանէն եւ հիմա երկու խումբի տէր եղայ։
11 Կ’աղաչեմ քեզի, ազատէ՛ զիս իմ եղբօրս Եսաւին ձեռքէն. որովհետեւ ես անկէ կը վախնամ, որ չըլլայ թէ գայ ու զարնէ զիս ու մայրը տղաքներովը։
12 Դուն ըսիր թէ՝ ‘Անշուշտ քեզի բարիք պիտի ընեմ ու քու սերունդդ ծովի աւազին չափ պիտի ընեմ, որ շատութենէն չհամրուիր’»։
13 Այն գիշերը հոն կեցաւ ու իր ձեռքը գտնուածէն իր եղբօրը Եսաւին համար ընծաներ պատրաստեց։
14 Երկու հարիւր այծ եւ քսան նոխազ, երկու հարիւր էգ ոչխար եւ քսան խոյ,
15 Երեսուն ծիծ տուող ուղտ իրենց ձագերովը, քառասուն կով ու տասը ցուլ, քսան էգ էշ եւ տասը աւանակ։
16 Ամէն մէկ հօտը զատ զատ իր ծառաներուն ձեռքը յանձնեց ու ըսաւ իր ծառաներուն. «Առջեւս անցէք ու հօտերը իրարմէ քիչ մը հեռու թողուցէք»։
17 Առջեւէն գացողին պատուիրեց՝ ըսելով. «Երբ իմ եղբայրս Եսաւ քեզի պատահի ու հարցնէ, ըսելով՝ ‘Դուն որո՞ւնն ես եւ ո՞ւր կ’երթաս եւ այս առջեւդ եղածները որո՞ւնն են’.
18 Այն ատեն ըսէ թէ քու ծառայիդ Յակոբինն է, իմ տիրոջս Եսաւին ղրկած ընծան է եւ ահա ինք ալ ետեւնիս է»։
19 Եւ այսպէս երկրորդին ու երրորդին եւ հօտերուն ետեւէն բոլոր գացողներուն պատուիրեց՝ ըսելով. «Այս խօսքին պէս ըսէք Եսաւին երբ որ զինք գտնէք,
20 Ահա քու ծառադ Յակոբ ալ ետեւնիս է»։ Քանզի ըսաւ. «Առջեւէս գացող ընծաներով անոր երեսը կը կակուղցնեմ եւ անկէ ետքը անոր երեսը կը տեսնեմ. թերեւս զիս ընդունի»։
21 Այսպէս ընծաները անոր առջեւէն գացին, իսկ ինք այն գիշերը հոն մնաց բանակին մէջ։
22 Նոյն գիշերը ելաւ ու իր երկու կիները եւ իր երկու աղախինները ու իր տասնըմէկ որդիները առաւ եւ Յաբոկի անցքէն անցաւ։
23 Առաւ զանոնք ու վտակէն անցուց եւ իր բոլոր ունեցածը անցուց։
24 Յակոբ մինակ մնաց ու մարդ մը կը գօտեմարտէր անոր հետ մինչեւ արշալոյս
25 Եւ երբ մարդը տեսաւ թէ անոր չյաղթեց, անոր զիստին ամոլաջիլին դպաւ եւ անոր հետ գօտեմարտած ատենը Յակոբին զստին ամոլաջիլը խախտեցաւ։
26 Եւ մարդը ըսաւ. «Թո՛ղ տուր զիս, քանզի արշալոյսը երեւցաւ»։ Յակոբ ըսաւ. «Չեմ թողուր քեզ, մինչեւ որ զիս չօրհնես»։
27 Անիկա ըսաւ իրեն. «Ի՞նչ է անունդ»։ Ան ալ ըսաւ. «Յակոբ է»։
28 Անիկա ըսաւ. «Ալ անգամ մըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ. վասն զի Աստուծոյ հետ ու մարդոց հետ մարտնչեցար եւ յաղթեցիր»։
29 Եւ Յակոբ հարցուց ու ըսաւ. «Շնորհք ըրէ, անունդ ըսէ ինծի»։ Անիկա ըսաւ. «Ինչո՞ւ իմ անունս կը հարցնես» եւ հոն օրհնեց զանիկա։
30 Յակոբ այն տեղին անունը Փանուէլ դրաւ. քանզի ըսաւ. «Աստուած դէմ առ դէմ տեսայ ու իմ անձս ողջ մնաց»։
31 Եւ Փանուէլէն անցածին պէս արեւը անոր վրայ ծագեցաւ ու իր զստին վրայ կը կաղար։
32 Անոր համար Իսրայէլի որդիները զստին վրայի թմրած ջիղը՝ ՝ չեն ուտեր մինչեւ այսօր, որովհետեւ Յակոբին զստին թմրած ջիղին՝ ՝ դպաւ։