ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 49

Յակոբ կանչեց իր որդիները ու ըսաւ. «Հաւաքուեցէք, որպէս զի ձեր գլխուն գալիքը պատմեմ ձեզի։
2 Հաւաքուեցէք ու ականջ տուէք, ո՛վ Յակոբի որդիներ, Ու ձեր հօրը Իսրայէլին մտիկ ըրէք։
3 Ո՛վ Ռուբէն, իմ անդրանիկս, Իմ ոյժս ու իմ զօրութեանս սկիզբը, Յարգութեան կատարելութիւնը ու զօրութեան կատարելութիւնը դուն ես։
4 Ջուրի պէս եռացիր, առաջին պիտի չըլլաս. Վասն զի քու հօրդ անկողինը մտար. Այն ատեն պղծեցիր զանիկա։ (Իմ անկողի՜նս մտաւ։)
5 Շմաւոնն ու Ղեւին եղբայրներ են. Սուրերնին անիրաւութեան գործիքներ են։
6 Իմ հոգիս անոնց խորհուրդներուն մէջ թող չմտնէ, Իմ պատիւս անոնց ժողովին հետ թող չմիանայ. Վասն զի իրենց բարկութիւնով մարդ սպաննեցին Եւ իրենց կամապաշտութիւնով ցուլի ջիղ կտրեցին։
7 Անիծեա՛լ ըլլայ անոնց բարկութիւնը, վասն զի խիստ էր Ու անոնց սրտմտութիւնը, վասն զի սաստիկ էր. Զանոնք Յակոբին մէջ պիտի բաժնեմ Ու զանոնք Իսրայէլին մէջ պիտի ցրուեմ։
8 Ո՛վ Յուդա, քու եղբայրներդ քեզ պիտի գովեն. Քու ձեռքդ քու թշնամիներուդ պարանոցին վրայ թող ըլլայ. Քու հօրդ որդիները քեզի երկրպագութիւն թող ընեն։
9 Յուդա առիւծի ձագ է. Որդեա՛կ իմ, կողոպուտէն ելար։ Առիւծի պէս ծունկ կրկնեց, մատակ առիւծի պէս պառկեցաւ. Զանիկա ո՞վ պիտի արթնցնէ։
10 Իշխանութիւնը Յուդայէն պիտի չպակսի, Ո՛չ ալ անոր ոտքերուն մէջտեղէն՝ օրէնսդիրը, Մինչեւ որ Սելովը գայ Ու ժողովուրդները անոր հնազանդին.
11 Իր աւանակը որթատունկին պիտի կապէ, Ու իր էգ իշուն ձագը ամենէն աղէկ որթատունկին։ Իր պատմուճանը գինիով պիտի լուայ Ու իր հանդերձը խաղողի արիւնով։
12 Իր աչքերը գինիէն կարմիր Ու իր ակռաները կաթէն ճերմակ պիտի ըլլան։
13 Զաբուղոնը ծովուն եզերքը պիտի բնակի Ու անիկա նաւերուն հանգիստը պիտի ըլլայ Եւ անոր սահմանը մինչեւ Սիդոն պիտի հասնի։
14 Իսաքարը ուժեղ էշ մըն է, Որ գոմերուն մէջտեղ կը պառկի։
15 Տեսնելով որ հանգստութիւնը աղէկ էր Ու երկիրը՝ որ գեղեցիկ էր, Իր ուսը բեռցնելու խոնարհեցուց Ու հարկատու ծառայ եղաւ։
16 Դանը իր ժողովուրդը պիտի դատէ, Իսրայէլին ցեղերէն մէկուն պէս։
17 Դան ճամբու վրայ օձ մը պիտի ըլլայ Ու ճամբուն վրայ իժ մը, Որ ձիուն գարշապարը կը խածնէ, Այնպէս որ հեծեալը ետեւը կ’իյնայ։
18 Ո՛վ Տէր, քու փրկութեանդ սպասեցի։
19 Գադին՝ գունդ մը վրան պիտի յարձակի։ Բայց վերջապէս ինք պիտի յարձակի։
20 Ասերին հացը պարարտ պիտի ըլլայ. Եւ ինք թագաւորին համադամ կերակուրներ պիտի տայ։
21 Նեփթաղիմը գեղեցիկ խօսքեր տուող Ազատ թողուած եղջերու մըն է։
22 Յովսէփը պտղատու ոստ մըն է, Աղբիւրին քով տնկուած պտղաբեր ոստ մը, Որուն բողբոջները պատի վրայ կ’ելլեն.
23 Աղեղնաւորները վշտացուցին զանիկա Ու նետաձիգ եղան անոր ու ատեցին զանիկա.
24 Բայց անոր աղեղը զօրաւոր մնաց Եւ իր ձեռքերուն բազուկները ուժովցան, Յակոբին հզօր Աստուծոյն ձեռքերովը։ Իսրայէլին վէմը եղող հովիւը անկէ է։
25 Ասիկա քու հօրդ Աստուծմէն է. որ քեզի պիտի օգնէ Եւ Ամենակարողէն, որ քեզ պիտի օրհնէ, Վերէն երկնքի օրհնութիւններովը, Ծիծերուն ու արգանդին օրհնութիւններովը։
26 Քու հօրդ օրհնութիւնները իմ նախնիքներուս օրհնութիւններէն Մինչեւ յաւիտենական բլուրներուն գագաթը՝ ՝ զօրացան. Յովսէփին գլխուն վրայ պիտի ըլլան Եւ անոր գագաթին վրայ, որ իր եղբայրներէն գերազանց է։
27 Բենիամինը պատառող գայլ պիտի ըլլայ. Առտուն որսը պիտի ուտէ Եւ գիշերը կողոպուտը պիտի բաժնէ»։
28 Ասոնք ամէնքը Իսրայէլին տասներկու ցեղերն են եւ այս է՝ որ անոնց հայրը խօսեցաւ անոնց ու օրհնեց զանոնք։ Ամէն մէկուն օրհնութեանը պէս օրհնեց զանոնք
29 Եւ պատուիրեց անոնց ու ըսաւ. «Ես իմ ժողովուրդիս պիտի խառնուիմ. իմ հայրերուս հետ այն այրին մէջ թաղեցէք զիս, որ Քետացի Եփրոնին արտին մէջ է.
30 Այն այրին մէջ, որ Քանանի երկիրը՝ Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին մէջ է, որ Աբրահամ արտին հետ մէկտեղ գերեզմանի կալուածքի համար Քետացի Եփրոնէն ծախու առաւ։
31 Աբրահամն ու անոր կինը Սառան հոն թաղեցին։ Իսահակն ու անոր կինը Ռեբեկան հոն թաղեցին. ես ալ Լիան հոն թաղեցի։
32 Այն արտը ու հոն եղած այրը Քետի որդիներէն ծախու առնուեցան»։
33 Յակոբ, երբ լմնցուց իր որդիներուն պատուէր տալը, իր ոտքերը անկողնին մէջ հաւաքեց ու հոգին աւանդեց եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ։