ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 50

Յովսէփ իր հօրը երեսին վրայ ինկաւ ու լացաւ եւ համբուրեց զանիկա։
2 Յովսէփ իր բժիշկ ծառաներուն հրամայեց, որ իր հայրը զմռսեն։ Եւ բժիշկները զմռսեցին Իսրայէլը։
3 Եւ անոր քառասուն օրը լմնցաւ. վասն զի զմռսուածներուն օրերը այսպէս կը լմննային։ Եգիպտացիք անոր համար եօթանասուն օր սուգ ըրին։
4 Երբ անոր սուգին օրերը լմնցան, Յովսէփ խօսեցաւ Փարաւոնին տանը՝ ըսելով. «Եթէ հիմա ձեր առջեւ շնորհք գտայ, կ’աղաչեմ ձեզի, Փարաւոնին ականջին խօսեցէք եւ ըսէք.
5 ‘Իմ հայրս ինծի երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Ահա ես կը մեռնիմ. իմ գերեզմանիս մէջ, որ ես ինծի համար Քանանի երկրին մէջ փորեցի, զիս հոն թաղես»’ եւ հիմա շնորհք ըրէ, իմ հայրս թաղելու ելլեմ ու նորէն գամ»։
6 Փարաւոն ըսաւ. «Ելիր ու թաղէ քու հայրդ, ինչպէս անիկա քեզի երդում ընել տուաւ»։
7 Յովսէփ իր հայրը թաղելու ելաւ եւ Փարաւոնին բոլոր ծառաները, անոր տանը ծերերը ու Եգիպտոսի բոլոր ծերերը անոր հետ ելան։
8 Նաեւ Յովսէփին բոլոր տունը ու անոր եղբայրները եւ անոր հօրը տունը. միայն իրենց ընտանիքները ու իրենց հօտերը եւ իրենց արջառները Գեսեմի մէջ թողուցին։
9 Անոր հետ կառքեր ու ձիաւորներ ելան ու շատ մեծ բանակ մը եղաւ։
10 Եկան Ատադի կալը, որ Յորդանանի անդիի կողմն է. հոն մեծ ու խիստ սաստիկ լացով մը ողբացին եւ իր հօրը համար եօթը օր սուգ ըրաւ։
11 Այն երկրին մէջ բնակող Քանանացիները, երբ տեսան Ատադի կալին մէջ սուգին հանդէսը, ըսին. «Այս մեծ սուգ մը ըլլալու է Եգիպտացիներուն»։ Անոր համար անոր անունը Աբէլմիսրաիմ դրին, որ Յորդանանի անդիի կողմն է։
12 Յակոբին որդիները ըրին անոր՝ ինչպէս պատուիրեր էր։
13 Եւ անոր որդիները Քանանի երկիրը տարին զանիկա ու թաղեցին զանիկա Մամբրէի ծայրը եղող Մաքփելայի արտին այրին մէջ, որ Աբրահամ գերեզմանի կալուածքի համար ծախու առաւ արտին հետ մէկտեղ Քետացի Եփրոնէն։
14 Յովսէփ իր հայրը թաղելէն յետոյ Եգիպտոս դարձաւ, ինք ու իր եղբայրները եւ այն ամէնքը որ իրեն հետ իր հայրը թաղելու ելան։
15 Յովսէփին եղբայրները տեսնելով որ իրենց հայրը մեռաւ, ըսին իրենց մէջ. «Գուցէ Յովսէփ ոխ պահելով՝ պիտի հատուցանէ մեզի այն ամէն չարիքը որ ըրինք իրեն»։
16 Ուստի Յովսէփին պատգամաւոր ղրկեցին՝ ըսելով. «Քու հայրդ մեռնելէն առաջ պատուիրեց մեզի ու ըսաւ. «Յովսէփին այսպէս ըսէք.
17 ‘Հիմա շնորհք ըրէ, քու եղբայրներուդ յանցանքը ու անոնց մեղքը ներէ, վասն զի քեզի չարութիւն ըրին’ եւ հիմա կ’աղաչենք քեզի, քու հօրդ Աստուծոյն ծառաներուն յանցանքը ներէ»։ Եւ Յովսէփ լացաւ, երբ անոնք խօսեցան իրեն։
18 Անոր եղբայրներն ալ գացին եւ անոր առջեւ ինկան ու ըսին. «Ահա մենք քու ծառաներդ ենք»։
19 Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Մի՛ վախնաք, միթէ ես Աստուծոյ տեղն եմ
20 Եւ թէպէտ դուք ինծի դէմ չարութիւն խորհեցաք, բայց Աստուած զայն աղէկի դարձնել խորհեցաւ. այնպէս որ այս օրուան եղածին պէս՝ շատ ժողովուրդ ապրեցնէ։
21 Հիմա մի՛ վախնաք, ես ձեզ ու ձեր ընտանիքները պիտի կերակրեմ»։ Այսպէս մխիթարեց զանոնք քաղցրութեամբ խօսելով։
22 Յովսէփ Եգիպտոս բնակեցաւ, ինք եւ իր հօրը տունը։ Յովսէփ հարիւր տասը տարի ապրեցաւ։
23 Յովսէփ Եփրեմին որդիները մինչեւ երրորդ սերունդը տեսաւ եւ Մանասէին որդիին Մաքիրի որդիներն ալ Յովսէփին ծունկերուն վրայ ծնան։
24 Եւ Յովսէփ իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ահա ես կը մեռնիմ ու Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու ձեզ այս երկրէն պիտի հանէ դէպի այն երկիրը, որուն համար ինք երդում ըրաւ Աբրահամին, Իսահակին ու Յակոբին»։
25 Եւ Յովսէփ Իսրայէլի որդիներուն երդում ընել տուաւ՝ ըսելով. «Աստուած անշուշտ ձեզի այցելութիւն պիտի ընէ ու իմ ոսկորներս ալ ասկէ հանեցէք»։
26 Յովսէփ հարիւր տասը տարեկան ըլլալով մեռաւ ու զմռսեցին զանիկա եւ տապանի մը մէջ դրին Եգիպտոսի մէջ։