ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 42

Երբ Յակոբ իմացաւ Եգիպտոսի մէջ պաշար ըլլալը, ըսաւ իր որդիներուն. «Ինչո՞ւ իրարու կը նայիք»։
2 Եւ ըսաւ. «Ահա լսեցի թէ Եգիպտոսի մէջ պաշար կայ. հոն իջէք ու անկէ մեզի համար ծախու առէք, որպէս զի ողջ մնանք ու չմեռնինք»։
3 Յովսէփին տասը եղբայրները իջան՝ Եգիպտոսէն ցորեն ծախու առնելու։
4 Բայց Յակոբ Յովսէփին եղբայրը՝ Բենիամինը՝ անոր եղբայրներուն հետ չղրկեց, քանզի ըսաւ. «Չըլլայ որ փորձանք մը պատահի անոր»։
5 Իսրայէլի որդիները հոն գացողներուն հետ պաշար ծախու առնելու եկան, քանզի Քանանի երկրին մէջ ալ սով կար։
6 Յովսէփ երկրին իշխանն էր եւ ինք երկրին բոլոր ժողովուրդին պաշար կը ծախէր։ Յովսէփին եղբայրները եկան ու իրենց երեսները մինչեւ գետինը ծռելով խոնարհութիւն ըրին անոր։
7 Յովսէփ իր եղբայրները տեսածին պէս ճանչցաւ զանոնք, բայց ինքզինք անոնց չճանչցուց ու անոնց հետ խստութեամբ խօսեցաւ եւ անոնց ըսաւ. «Ուրկէ՞ եկաք»։ Անոնք ըսին. «Քանանի երկրէն կերակուր ծախու առնելու եկանք»։
8 Յովսէփ իր եղբայրները ճանչցաւ, բայց անոնք զինք չճանչցան։
9 Յովսէփ անոնց վրայով իր տեսած երազները միտքը բերաւ ու ըսաւ անոնց. «Դուք լրտեսներ էք. երկրին տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։
10 Անոնք ըսին անոր. «Ո՛չ, տէ՛ր իմ, հապա քու ծառաներդ կերակուր ծախու առնելու եկանք։
11 Մենք ամէնքս մէկ մարդու որդիներ ենք, մենք շիտակ մարդիկ ենք. ծառաներդ լրտեսներ չեն»։
12 Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ, հապա երկրին տկարութիւնը տեսնելու եկած էք»։
13 Անոնք ըսին. «Մենք քու ծառաներդ Քանանի երկրին մէջ մէկ մարդու որդիներն ըլլալով՝ տասներկու եղբայրներ էինք։ Ահա ամենէն պզտիկը այսօր մեր հօրը քով է, իսկ միւսը չկայ»։
14 Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Իմ ձեզի ըսածիս պէս է, դուք լրտեսներ էք։
15 Ասով պիտի փորձուիք։ Փարաւոնին կեանքին համար՝ դուք ասկէ պիտի չելլէք, եթէ ձեր պզտիկ եղբայրը հոս չգայ։
16 Ձեզմէ մէկը ձեր եղբայրը բերելու ղրկեցէք, իսկ մնացեալներդ բանտը պիտի դրուիք, որպէս զի ձեր խօսքերը փորձուին, թէ արդեօք ձեր մէջ ճշմարտութիւն կա՞յ եւ եթէ ոչ՝ Փարաւոնին կեանքին համար՝ դուք լրտեսներ էք»։
17 Երեք օր բանտը դրաւ զանոնք։
18 Երրորդ օրը Յովսէփ ըսաւ անոնց. «Այսպէս ըրէք որպէս զի ողջ մնաք. վասն զի ես Աստուծմէ կը վախնամ։
19 Եթէ դուք շիտակ մարդիկ էք, ձեր եղբայրներէն մէկը ձեր բանտարկուած տանը մէջ թող մնայ եւ դուք գացէք, ձեր տանը անօթութեանը համար պաշար տարէք,
20 Բայց ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի բերէք, որպէս զի ձեր խօսքերը հաստատուին ու չմեռնիք»։ Այդպէս ըրին։
21 Ու իրարու ըսին. «Իրաւցընէ մեր եղբօրը հանդէպ յանցաւոր ենք. վասն զի մենք տեսանք անոր հոգիին նեղութիւնը՝ երբ ինք մեզի աղաչեց, բայց մտիկ չըրինք՝ ատոր համար այս նեղութիւնը մեր վրայ եկաւ»։
22 Ռուբէն պատասխան տուաւ անոնց՝ ըսելով. «Ես ձեզի չխօսեցա՞յ ըսելով. ‘Տղուն դէմ մեղք մի՛ գործէք’, բայց դուք մտիկ չըրիք եւ ահա հիմա անոր արիւնը մեզմէ կը պահանջուի»։
23 Անոնք չէին գիտեր թէ Յովսէփ կը հասկնար, վասն զի թարգմանով կը խօսէր իրենց հետ։
24 Յովսէփ անոնցմէ զատուեցաւ ու լացաւ։ Ապա նորէն անոնց դարձաւ ու խօսեցաւ անոնց հետ եւ անոնցմէ Շմաւոնը առաւ ու անոնց աչքին առջեւ կապեց զանիկա։
25 Ետքը Յովսէփ հրաման ըրաւ, որ անոնց ամանները ցորենով լեցնեն ու ամէն մէկուն ստակը իր քուրձին մէջ դնեն եւ անոնց ճամբու պաշար տան։
26 Այսպէս ըրաւ անոնց։ Անոնք իրենց էշերուն վրայ բեռցուցին ցորեննին ու անկէ գացին։
27 Անոնցմէ մէկը իջեւանին մէջ իր իշուն կեր տալու համար իր քուրձը բացած ատեն՝ իր ստակը տեսաւ, որ ահա իր քուրձին բերանն էր։
28 Իր եղբայրներուն ըսաւ. «Ստակս ետ տրուած է, ահա հոս իմ քուրձիս մէջ է»։ Անոնց սիրտը խռովեցաւ ու վախնալով իրարու ըսին. «Ի՞նչ է այս, որ Աստուած մեզի ըրաւ»։
29 Երբ եկան Քանանի երկիրը՝ իրենց հօրը Յակոբին՝ բոլոր իրենց գլուխը եկածները պատմեցին անոր՝ ըսելով.
30 «Այն երկրին տէրը եղող մարդը մեզի խստութեամբ խօսեցաւ ու մեզ երկիրը լրտեսողներու տեղ դրաւ։
31 Եւ ըսինք անոր. ‘Մենք շիտակ մարդիկ ենք, լրտեսներ չենք,
32 Մենք, մեր հօրը որդիքը, տասներկու եղբայրներ ենք, մէկը չկայ եւ ամենէն պզտիկը Քանանի երկրին մէջ մեր հօրը քով է այսօր’։
33 Այն երկրին տէրը ըսաւ մեզի. ‘Ձեր շիտակ մարդիկ ըլլալը այս ձեւով պիտի գիտնամ. ձեր եղբայրներէն մէկը իմ քովս ձգեցէք եւ ձեր ընտանիքին անօթութեանը համար պաշար առէք ու գացէք
34 Եւ ձեր պզտիկ եղբայրը ինծի բերէք, որպէս զի գիտնամ թէ դուք լրտեսներ չէք, հապա շիտակ մարդիկ էք. այսպէս ձեր եղբայրը ձեզի կու տամ ու այս երկրին մէջ առուտուր կ’ընէք’»։
35 Բայց իրենց քուրձերը պարպած ատեննին, ահա ամէն մէկուն ստակին ծրարը իր քուրձին մէջ էր եւ իրենք ու իրենց հայրն ալ ստակին ծրարները տեսածնուն պէս վախցան։
36 Եւ անոնց հայրը Յակոբ ըսաւ անոնց. «Զիս անորդի թողուցիք։ Յովսէփը չկայ, Շմաւոնը չկայ, Բենիամինն ալ պիտի առնէք։ Այս ամէնը իմ գլխուս եկաւ»։
37 Ռուբէն խօսեցաւ իր հօրը ու ըսաւ. «Եթէ ես զանիկա քեզի չբերեմ, իմ երկու որդիներս մեռցուր։ Բենիամինը իմ ձեռքս յանձնէ ու ես քեզի ետ պիտի բերեմ զանիկա»։
38 Բայց Յակոբ ըսաւ. «Իմ որդիս ձեզի հետ պիտի չիջնէ. վասն զի անոր եղբայրը մեռած է ու անիկա մինակ մնացած է։ Եթէ ձեր երթալու ճամբուն մէջ անոր փորձանք մը պատահելու ըլլայ, իմ ճերմակ մազերս տրտմութիւնով գերեզման պիտի իջեցնէք»։