ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 33
Յակոբ իր աչքերը վերցուց ու նայեցաւ եւ ահա Եսաւ կու գար ու անոր հետ չորս հարիւր մարդ, ուստի իր զաւակները Լիային, Ռաքէլին ու երկու աղախիններուն բաժնեց։
2 Աղախինները իրենց զաւակներովը առջեւը դրաւ եւ Լիան իր զաւակներովը ետեւը եւ Ռաքէլը ու Յովսէփը ամենէն ետեւը։
3 Իսկ ինք անոնց առջեւ անցաւ ու մինչեւ իր եղբօրը մօտենալը, գետնին հաւասար եօթը անգամ խոնարհութիւն ըրաւ։
4 Եսաւ զանիկա դիմաւորելու վազեց ու գրկեց զանիկա եւ անոր պարանոցին վրայ ինկաւ ու համբուրեց զանիկա եւ լացին։
5 Եսաւ իր աչքերը վերցուց ու տեսաւ կիները ու զաւակները եւ ըսաւ. «Ասոնք քու ի՞նչդ են»։ Անիկա ըսաւ. «Աստուծոյ քու ծառայիդ պարգեւած զաւակներն են»։
6 Այն ատեն աղախինները ու անոնց զաւակները մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին
7 Եւ Լիա ալ ու իր զաւակները մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին եւ ետքը Յովսէփ ու Ռաքէլ մօտեցան ու խոնարհութիւն ըրին։
8 Ու Եսաւ ըսաւ. «Այս քու միւս խումբդ ի՞նչ պիտի ըլլայ, որուն ես հանդիպեցայ». Յակոբ ըսաւ. «Իմ տիրոջս առջեւ շնորհք գտնելու համար է»։
9 Եսաւ ըսաւ. «Ես շատ ունիմ, եղբայր իմ, քուկդ քեզի ըլլայ»։
10 Եւ Յակոբ ըսաւ. «Ո՛չ, կ’աղաչեմ քեզի, եթէ հիմա քու առջեւդ շնորհք գտայ, իմ ձեռքէս ընծաս ընդունէ. քանզի քու երեսդ Աստուծոյ երեսը տեսնելու պէս տեսայ եւ ինծի հաճեցար։
11 Շնորհք ըրէ՛, քեզի բերուած ընծաս ա՛ռ. քանզի Աստուած ողորմեցաւ ինծի եւ քանզի ես ամէն բան ունիմ»։
12 Ստիպեց, մինչեւ որ ան ալ ընդունեց։ Անիկա ըսաւ. «Ելլենք երթանք ու ես քու առջեւէդ կ’երթամ»։
13 Յակոբ ըսաւ անոր. «Իմ տէրս գիտէ որ զաւակները մատղաշ են ու ինծի հետ եղած հօտերն ու արջառները ձագերով են, եթէ մէկ օր բռնութեամբ վարեն զանոնք, բոլոր հօտերը պիտի մեռնին։
14 Ուստի թող իմ տէրս իր ծառային առջեւ անցնի ու ես կամաց կամաց առջեւս եղած անասուններուն ոտքովը ու տղաքներուն ոտքովը քալեմ, մինչեւ իմ տիրոջս Սէիր հասնիմ»։
15 Եսաւ ըսաւ. «Արդ ինծի հետ եղող ժողովուրդէն մաս մը քու քովդ ձգեմ»։ Անիկա ըսաւ. «Ի՞նչ պէտք է. թող իմ տիրոջս առջեւ շնորհք գտնեմ»։
16 Այսպէս Եսաւ այն օրը իր ճամբան դարձաւ դէպի Սէիր։
17 Եւ Յակոբ Սոկքովթ չուեց ու իրեն տուն մը շինեց եւ իր հօտերուն փարախներ շինեց. անոր համար այն տեղին անունը Սոկքովթ կոչուեցաւ։
18 Յակոբ Միջագետքէն դարձած ատենը Սիւքեմացիներուն Սաղէմ քաղաքը հասաւ, որ Քանանի երկրին մէջ է եւ քաղաքին առջեւ բանակեցաւ։
19 Եւ իր վրանը կանգնած արտին մէկ մասը Սիւքէմին հօրը Եմովրի որդիներէն ծախու առաւ հարիւր կտոր ստակի՝ ՝։
20 Եւ հոն սեղան մը շինեց ու անունը Էլէլօհէ-Իսրայէլ՝ ՝ դրաւ։