ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 19
Այն երկու հրեշտակները իրիկուան դէմ Սոդոմ գացին։ Ղովտ Սոդոմի դուռը նստեր էր։ Ղովտ տեսնելով՝ զանոնք դիմաւորելու ելաւ ու իր երեսը մինչեւ գետին ծռելով խոնարհութիւն ըրաւ
2 Ու ըսաւ. «Աղէ՜, իմ տէրերս, կ’աղաչեմ, ձեր ծառային տունը մտէք եւ գիշերը հոն կեցէք ու ոտքերնիդ լուացէք ու առտուն կանուխ ելէք ու ձեր ճամբան գացէք»։ Անոնք ըսին. «Ո՛չ, գիշերը փողոցը կը կենանք»։
3 Ղովտ շատ բռնադատեց զանոնք ու անոր դարձան եւ անոր տունը մտան ու անոնց խնճոյք ըրաւ եւ բաղարջ եփեց ու կերան։
4 Բայց անոնց պառկելէն առաջ քաղաքին մարդիկը, այսինքն Սոդոմացիները, երիտասարդներէն մինչեւ ծերերը, ամէն կողմէն բոլոր ժողովուրդը տունը շրջապատեցին
5 Եւ Ղովտը կանչեցին ու անոր ըսին. «Ո՞ւր են այն մարդիկը, որոնք այս գիշեր քեզի եկան. զանոնք դուրս հանէ մեզի, որ գիտնանք զանոնք»։
6 Եւ Ղովտ դռնէն դուրս ելաւ անոնց քով ու իր ետեւէն դուռը գոցեց
7 Եւ ըսաւ. «Եղբայրներս, կ’աղաչեմ ձեզի, չարութիւն մի՛ ընէք։
8 Ահա հիմա երկու աղջիկ ունիմ, որոնք այր մարդ չեն գիտեր. զանոնք հիմա ձեզի դուրս հանեմ ու ձեր աչքին առջեւ աղէկ եղածը ըրէք անոնց, բայց միայն այս մարդոցը բան մը մի՛ ընէք. քանզի անոնք իմ յարկիս շուքին տակ մտան»։
9 Անոնք ըսին. «Մէկդի՛ կեցիր» ու ըսին ալ. «Ասիկա պանդխտութեան եկաւ ու դատաստան ընել կ’ուզէ։ Հիմա քեզի անոնցմէ գէշը կ’ընենք»։ Սաստիկ բռնադատեցին մարդը, այսինքն Ղովտը ու դուռը կոտրելու մօտեցան։
10 Բայց այն մարդիկը ձեռքերնին երկնցուցին ու Ղովտը տանը մէջ քովերնին առին ու դուռը գոցեցին
11 Եւ դուռը կայնած մարդիկը կուրութեամբ զարկին՝ պզտիկէն մինչեւ մեծը՝ այնպէս որ դուռը փնտռելէն յոգնեցան։
12 Մարդիկը ըսին Ղովտին. «Հոս ուրիշ ո՞վ ունիս. փեսաներդ ու որդիներդ եւ աղջիկներդ ու քաղաքին մէջ ո՛վ որ ունիս այս տեղէն հանէ,
13 Վասն զի մենք այս տեղը պիտի կորսնցնենք. քանզի անոնց աղաղակը Տէրոջը առջեւ մեծ եղաւ ու Տէրը մեզ ղրկեց զանիկա կորսնցնելու»։
14 Ղովտ ելաւ ու իր աղջիկները առնող փեսաներուն խօսեցաւ ու ըսաւ. «Ելէ՛ք ու այս տեղէն գացէ՛ք, վասն զի Տէրը պիտի կորսնցնէ այս քաղաքը»։ Բայց իր փեսաներուն ծաղրելի մէկը երեւցաւ։
15 Առտու եղածին պէս՝ հրեշտակները արտորցուցին Ղովտը՝ ըսելով. «Ելի՛ր, կինդ ու հոս գտնուած երկու աղջիկդ առ, որպէս զի անօրէնութեանը մէջ չլորսուիս»։
16 Երբ անիկա կը տնտնար, այն մարդիկը բռնեցին անոր ձեռքէն ու անոր կնոջ ձեռքէն եւ անոր աղջիկներուն ձեռքէն, Տէրոջը անոր ողորմելովը ու հանեցին զանիկա եւ քաղաքին դուրսի դին դրին։
17 Ու երբ զանոնք դուրս հանեցին, մէկը ըսաւ. «Անձդ ազատելու համար փախիր. ետիդ մի՛ նայիր եւ բոլոր դաշտին մէջ մի՛ կայնիր. լեռը փախիր, չըլլայ որ կորսուիս»։
18 Եւ Ղովտ ըսաւ անոնց. «Ո՛չ, Տէր իմ, շնորհք ըրէ.
19 Ահա հիմա ծառադ քու առջեւդ շնորհք գտաւ ու իմ կեանքս ազատելով ինծի մեծ բարիք ըրիր եւ ես չեմ կրնար լեռը փախչիլ, չըլլայ որ չարիք հասնի ինծի ու մեռնիմ։
20 Ահա այս քաղաքը՝ որ հոն մօտ է ու պզտիկ է. շնորհք ըրէ, հոն փախչիմ, (չէ՞ որ անիկա պզտիկ է,) եւ իմ անձս ողջ մնայ»։
21 Ան ըսաւ իրեն. «Ահա այդ բանին մէջ ալ քու աղաչանքդ ընդունեցի, որ այդ քաղաքը չկորսնցնեմ՝ որուն համար խօսեցար։
22 Շո՛ւտ ըրէ, հո՛ն փախիր, քանզի դուն մինչեւ հոն չհասնիս, ես բան մը չեմ կրնար ընել»։ Անոր համար այն քաղաքին անունը Սեգովր դրաւ։
23 Արեւը երկրի վրայ կը ծագէր, երբ Ղովտ Սեգովր մտաւ։
24 Այն ատեն Սոդոմի ու Գոմորի վրայ ծծումբ ու կրակ տեղաց Տէրոջը կողմանէ՝ երկնքէն։
25 Այն քաղաքներուն բոլոր բնակիչները ու երկրի վրայ բուսածը կորսնցուց։
26 Բայց ետեւէն անոր կինը ետին նայեցաւ ու աղի արձան եղաւ։
27 Աբրահամ առտուն կանուխ ելլելով՝ Տէրոջը առջեւ կայնած տեղը եկաւ
28 Եւ Սոդոմի ու Գոմորի ու բոլոր դաշտի երկրին վրայ նայելով՝ տեսաւ որ ահա այն երկրէն հնոցի մուխի պէս մուխ կ’ելլէր։
29 Երբ Աստուած այն դաշտին քաղաքները պիտի կործանէր, Աբրահամը միտքը բերաւ ու երբ Ղովտին բնակած քաղաքները պիտի կորսնցնէր, այն կործանումէն Ղովտը ազատել ուզեց։
30 Ղովտ Սեգովրէ ելաւ ու լեռը բնակեցաւ եւ իր երկու աղջիկները իրեն հետ. քանզի Սեգովրի մէջ բնակելու կը վախնար ու այրի մը մէջ բնակեցան ինք ու իր երկու աղջիկները։
31 Մեծ աղջիկը պզտիկին ըսաւ. «Մեր հայրը ծեր է ու երկրի մէջ մէ՛կը չկայ, որ ամէն երկրի սովորութեանը պէս մեզի մտնէ։
32 Եկուր, մեր հօրը գինի խմցնենք ու իրեն հետ պառկինք ու մեր հօրմէն սերունդ պահենք»։
33 Այն գիշերը իրենց հօրը գինի խմցուցին ու մեծ աղջիկը մտաւ ու իր հօրը հետ պառկեցաւ եւ Ղովտ չիմացաւ անոր պառկիլը ու ելլելը։
34 Հետեւեալ օրը մեծ աղջիկը պզտիկին ըսաւ. «Ահա երէկ գիշեր հօրս հետ պառկեցայ. այս գիշեր ալ անոր գինի խմցնենք եւ մտիր ու իրեն հետ պառկէ ու մեր հօրմէն սերունդ պահենք»։
35 Այն գիշեր ալ իրենց հօրը գինի խմցուցին եւ պզտիկ աղջիկը ելաւ ու անոր հետ պառկեցաւ եւ Ղովտ չիմացաւ անոր պառկիլն ու ելլելը։
36 Այսպէս՝ Ղովտին երկու աղջիկները իրենց հօրմէն յղի մնացին։
37 Մեծը որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Մովաբ դրաւ։ Ասիկա Մովաբացիներու հայրն է մինչեւ այսօր։
38 Պզտիկն ալ որդի մը ծնաւ ու անոր անունը Բենամմի դրաւ։ Ասիկա Ամմոնացիներուն հայրն է մինչեւ այսօր։