ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 3

Եւ Տէր Աստուծոյ ըրած դաշտի բոլոր գազաններէն աւելի խորամանկ էր օձը, որ կնոջ ըսաւ. «Իրա՞ւ Աստուած ըսաւ թէ ‘Պարտէզին ոեւէ ծառէն պիտի չուտէք’»։
2 Կինը օձին ըսաւ. «Պարտէզին ծառերուն պտուղէն կրնանք ուտել,
3 Բայց պարտէզին մէջտեղը եղած ծառին պտուղին համար՝ Աստուած ըսաւ. ‘Անկէ մի՛ ուտէք եւ անոր մի՛ դպչիք, որպէս զի չմեռնիք’»։
4 Օձը կնոջ ըսաւ. «Ո՛չ թէ անշուշտ պիտի մեռնիք.
5 Քանզի Աստուած գիտէ թէ այն օրը որ անկէ ուտէք, աչքերնիդ պիտի բացուին եւ աստուածներու պէս պիտի ըլլաք՝ բարին ու չարը գիտնալով»։
6 Կինը տեսնելով որ ծառը աղէկ էր կերակուրի համար եւ հաճելի՝ աչքերուն ու փափաքելի իմաստուն ընելու համար, առաւ անոր պտուղէն ու կերաւ եւ իր էրկանն ալ տուաւ եւ անիկա ալ կերաւ
7 Ու անոնց երկուքին աչքերը բացուեցան ու մերկ ըլլալնին գիտցան եւ թզենիի տերեւներ կարեցին ու իրենց ծածկոցներ ըրին։
8 Օրուան զով ատենը պարտէզին մէջ պտըտող Տէր Աստուծոյ ձայնը լսելով՝ Ադամ ու իր կինը Տէր Աստուծոյ երեսէն պարտէզին ծառերուն մէջ պահուեցան։
9 Տէր Աստուած Ադամը կանչեց ու ըսաւ անոր. «Ո՞ւր ես»։
10 Եւ անիկա ըսաւ. «Պարտէզին մէջ քու ձայնդ լսեցի ու վախցայ, վասն զի մերկ էի ու պահուեցայ»։
11 Եւ Աստուած ըսաւ. «Ո՞վ յայտնեց քեզի քու մերկ ըլլալդ. արդեօք կերա՞ր այն ծառէն՝ որուն համար քեզի պատուիրեցի, որ անկէ չուտես»։
12 Ադամ ըսաւ. «Այն կինը, որ ինծի հետ ըլլալու տուիր, ա՛ն ինծի տուաւ ծառէն ու ես կերայ»։
13 Տէր Աստուած ըսաւ կնոջ «Ի՞նչ է այս քու ըրածդ»։ Կինը ըսաւ. «Օձը զիս խաբեց ու ես կերայ»։
14 Եւ Տէր Աստուած օձին ըսաւ. «Աս ընելուդ համար՝ բոլոր անասուններէն եւ դաշտին բոլոր գազաններէն անիծեալ ըլլաս, փորիդ վրայ քալես ու կեանքիդ բոլոր օրերը հող ուտես։
15 Քու ու կնոջ մէջտեղ, քու սերունդիդ ու անոր սերունդին մէջտեղ թշնամութիւն պիտի դնեմ։ Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես»։
16 Եւ կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ»։
17 Եւ Ադամին ըսաւ. «Որովհետեւ դուն քու կնոջդ խօսքը մտիկ ըրիր եւ այն ծառէն կերար, որուն համար պատուիրեցի քեզի՝ ըսելով՝ ‘Չուտես անկէ’, երկիրը քու պատճառաւդ անիծեա՛լ ըլլայ, կեանքիդ բոլոր օրերուն մէջ նեղութիւնով ուտես անկէ
18 Եւ փուշ ու տատասկ բուսցնէ քեզի եւ դաշտին խոտը ուտես։
19 Երեսիդ քրտինքովը ուտես քու հացդ, մինչեւ գետինը դառնալդ, ուրկէ առնուեցար. քանզի հող էիր դուն ու հողի պիտի դառնաս»։
20 Ադամ իր կնոջ անունը Եւա դրաւ. վասն զի ամէն կենդանութիւն ունեցողներուն մայրը անիկա էր։
21 Եւ Տէր Աստուած Ադամին ու անոր կնոջ կաշիէ հանդերձներ շինեց ու անոնց հագցուց։
22 Եւ Տէր Աստուած ըսաւ. «Ահա Ադամ մեզմէ մէկուն պէս եղաւ՝ բարին ու չարը գիտնալով եւ հիմա պիտի չթուլատրեմ որ ձեռքը երկնցնէ ու կենաց ծառէն ալ առնէ եւ ուտէ ու յաւիտեան ապրի»
23 Ուստի Տէր Աստուած Եդեմի պարտէզէն դուրս ըրաւ զանիկա, որպէս զի երկիրը մշակէ, ուրկէ առնուեցաւ։
24 Այսպէս վռնտեց Ադամը ու Եդեմի պարտէզին արեւելեան կողմէն քերովբէներ ու ամէն կողմ դարձող բոցեղէն սուրը դրաւ, կենաց ծառին ճամբան պահելու համար։