ԾՆՆԴՈՑ
Գլուխ 35
Աստուած ըսաւ Յակոբին. «Ելի՛ր վեր, դէպի Բեթէլ գնա ու հոն բնակէ եւ հոն սեղան մը շինէ Աստուծոյ, որ քեզի երեւցաւ քու եղբօրդ Եսաւին երեսէն փախած ատենդ»։
2 Յակոբ իր ընտանիքին ու բոլոր իրեն հետ եղողներուն ըսաւ. «Ձեր մէջ եղող օտար աստուածները վերցուցէք ու մաքրուեցէք եւ հանդերձնիդ փոխեցէ՛ք
3 Ու ելլելով դէպի Բեթէլ երթանք ու հոն սեղան մը շինեմ Աստուծոյ, որ իմ նեղութեանս օրը ինծի լսեց ու իմ գացած ճամբուս մէջ ինծի հետ էր»։
4 Անոնք իրենց ձեռքը եղած բոլոր օտար աստուածները ու իրենց ականջները եղած օղերը Յակոբին տուին։ Յակոբ թաղեց զանոնք Սիւքէմի մօտ եղած բեւեկնիին տակ։
5 Ապա ճամբայ ելան։ Իրենց բոլորտիքը եղած քաղաքներուն վրայ Աստուծոյ վախը ինկաւ, որով Յակոբի որդիներուն ետեւէն չինկան։
6 Յակոբ Քանանի երկրին մէջ եղող Լուզ, այսինքն Բեթէլ եկաւ, ինք ու իրեն հետ եղող բոլոր ժողովուրդը։
7 Հոն սեղան մը շինեց ու այն տեղին անունը Էլ-Բեթէլ դրաւ, քանզի իր եղբօրը երեսէն փախած ատենը Աստուած հոն իրեն երեւցեր էր։
8 Ռեբեկային դայեակը՝ Դեբօրա մեռաւ ու Բեթէլի վարի կողմի կաղնիին տակ թաղուեցաւ։ Անոր անունը Ալօն Պախութ դրուեցաւ։
9 Աստուած նորէն երեւցաւ Յակոբին, երբ անիկա Միջագետքէն դարձեր էր եւ օրհնեց զանիկա։
10 Եւ Աստուած ըսաւ անոր. «Քու անունդ Յակոբ է. ա՛լ անգամ մըն ալ քու անունդ Յակոբ չըսուի, հապա Իսրայէլ ըլլայ քու անունդ» ու անոր անունը Իսրայէլ դրաւ։
11 Եւ Աստուած ըսաւ անոր. «Ես Ամենակարող Աստուածն եմ. աճիս ու շատնաս. քեզմէ ազգ ու ազգերու բազմութիւն թող ըլլայ եւ քու երանքէդ թագաւորներ ելլեն։
12 Այն երկիրը, որ Աբրահամին եւ Իսահակին տուի, քեզի պիտի տամ ու քեզմէ ետքը քու սերունդիդ պիտի տամ այն երկիրը»։
13 Աստուած այնտեղ, ուր անոր հետ խօսեցաւ, անոր քովէն վեր ելաւ։
14 Յակոբ քարէ արձան մը կանգնեցուց այն տեղ, ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ եւ անոր վրայ ըմպելի նուէր մատուցանեց ու անոր վրայ իւղ թափեց։
15 Յակոբ այն տեղին անունը, ուր Աստուած իրեն հետ խօսեցաւ, Բեթէլ դրաւ։
16 Ու Բեթէլէն ճամբայ ելան ու դեռ Եփրաթա չեկած քիչ մը ճամբայ մնալով՝ Ռաքէլ ծնաւ։
17 Ու երբ իր ծնանելուն շատ դժուարութիւն կը քաշէր, ծնուցիչը ըսաւ անոր. «Մի՛ վախնար, քանզի աս ալ քեզի որդի է»։
18 Երբ անոր հոգին կ’ելլէր, (քանզի մեռաւ,) անոր անունը Բենօնի դրաւ. բայց անոր հայրը Բենիամին կոչեց զանիկա։
19 Ռաքէլ մեռաւ ու թաղուեցաւ Եփրաթայի ճամբան, որ Բեթլէհէմ է։
20 Յակոբ անոր գերեզմանին վրայ արձան մը կանգնեցուց, որ մինչեւ այսօր Ռաքէլի գերեզմանին արձանն է։
21 Իսրայէլ ճամբայ ելաւ եւ իր վրանը Միկտալեդերի անդիի կողմը կանգնեցուց։
22 Իսրայէլ այն երկիրը կը բնակէր, Ռուբէն գնաց ու իր հօրը Բաղղա հարճին հետ պառկեցաւ։ Իսրայէլ լսեց ասիկա։ Արդ Յակոբին որդիները տասներկու էին.
23 Լիային որդիները՝ Յակոբին անդրանիկը Ռուբէն, Շմաւոն, Ղեւի, Յուդա, Իսաքար ու Զաբուղոն.
24 Ռաքէլին որդիները՝ Յովսէփ ու Բենիամին.
25 Եւ Ռաքէլին Բաղղա աղախինին որդիները՝ Դան ու Նեփթաղիմ։
26 Եւ Լիային Զեղփա աղախինին որդիները՝ Գադ ու Ասեր։ Ասոնք են Յակոբին որդիները, որոնք Միջագետքի մէջ ծնան անոր։
27 Յակոբ եկաւ իր հօրը Իսահակին՝ դէպի Մամբրէ, Արբայի քաղաքը, այսինքն Քեբրոն, ուր Աբրահամ ու Իսահակ պանդխտութեամբ բնակեցան։
28 Իսահակին օրերը հարիւր ութսուն տարի եղան։
29 Իսահակ ծերացած ու օրերը լեցուած՝ աւանդեց հոգին ու մեռաւ եւ իր ժողովուրդին խառնուեցաւ ու անոր որդիները Եսաւ ու Յակոբ թաղեցին զանիկա։