ԾՆՆԴՈՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31 32 33 34 35 36 37 38 39 40 41 42 43 44 45 46 47 48 49 50


Գլուխ 20

Աբրահամ անկէ դէպի հարաւային երկիրը չուեց եւ Կադէսի ու Սուրի մէջտեղ բնակեցաւ ու Գերարայի մէջ պանդուխտ եղաւ։
2 Աբրահամ իր կնոջ Սառային համար՝ «Ասիկա իմ քոյրս է», ըսաւ եւ Գերարայի թագաւորն Աբիմելէք մարդ ղրկեց ու առաւ Սառան։
3 Աստուած գիշերը երազի մէջ եկաւ Աբիմելէքին ու ըսաւ անոր. «Ահա այդ կնոջ համար, որ դուն առիր, պիտի մեռնիս. քանզի անիկա այր ունի»։
4 Բայց Աբիմելէք անոր մօտեցած չէր եւ ըսաւ. «Ո՛վ Տէր, արդար ա՞զգ մը պիտի մեռցնես։
5 Ինք ինծի ‘Անիկա իմ քոյրս է’ չըսա՞ւ եւ աս ալ՝ ‘Անիկա իմ եղբայրս է’, ըսաւ. ես այս բանը ուղիղ սրտով ու մաքուր ձեռքերով ըրի»։
6 Եւ Աստուած անոր ըսաւ երազի մէջ. «Ես ալ գիտցայ որ այս բանը ուղիղ սրտով ըրիր, նաեւ քեզ ինծի դէմ մեղք գործելէ ետ պահեցի. անոր համար քեզ չթողուցի որ անոր մօտենաս։
7 Բայց հիմա կինը իր էրկանը դարձուր. քանզի անիկա մարգարէ է եւ քեզի համար աղօթք թող ընէ, որ ապրիս եւ եթէ դուն զանիկա ետ չի տաս, գիտցիր թէ անշուշտ պիտի մեռնիք՝ դուն եւ բոլոր քուկիններդ»։
8 Ուստի առտուն կանուխ Աբիմելէք ելաւ ու կանչեց իր բոլոր ծառաները եւ բոլոր այս բաները անոնց պատմեց ու մարդիկը շատ վախցան։
9 Եւ Աբիմելէք կանչեց Աբրահամը ու ըսաւ անոր. «Մեզի ի՞նչ ըրիր. ես քեզի դէմ ի՞նչ յանցանք ըրի, որ իմ վրաս ու թագաւորութեանս վրայ մեծ մեղք մը բերիր. չգործուելու գործեր ընել տուիր ինծի»։
10 Եւ Աբիմելէք ըսաւ Աբրահամին. «Ի՞նչ տեսար որ այս բանը ըրիր»։
11 Եւ Աբրահամ ըսաւ. «Ես կարծեցի թէ իրաւցընէ այս տեղ Աստուծոյ վախը չկայ ու կնոջս համար զիս պիտի մեռցնեն։
12 Եւ ասկէ զատ իրաւցընէ իմ քոյրս է. հօրս աղջիկն է, բայց մօրս աղջիկը չըլլալուն՝ իմ կինս եղաւ։
13 Եւ երբ Աստուած զիս իմ հօրս տունէն օտարութեան հանեց, ըսի ատոր. ‘Ինծի ընելու շնորհքդ այս ըլլայ, ուր որ երթալու ըլլանք, հոն ինծի համար ըսէ թէ «Իմ եղբայրս է»’։
14 Եւ Աբիմելէք ոչխարներ ու արջառներ եւ ծառաներ ու աղախիններ առաւ եւ Աբրահամին տուաւ. անոր կինը Սառան ալ անոր դարձուց։
15 Եւ Աբիմելէք ըսաւ. «Ահա իմ երկիրս քու առջեւդ է, ուր որ կ’ուզես բնակէ»։
16 Եւ Սառային ըսաւ. «Ահա եղբօրդ հազար կտոր արծաթ տուի։ Ահա այն քեզի չքմեղանքի միջոց ըլլայ բոլոր քեզի հետ եղողներուն եւ ամենուն առջեւ»։ Այսպէս անիկա յանդիմանուեցաւ։
17 Աբրահամ աղօթք ըրաւ Աստուծոյ եւ Աստուած բժշկեց Աբիմելէքը ու անոր կինը եւ անոր աղախինները սկսան ծնանիլ,
18 Քանզի Տէրը Աբրահամին կնոջ Սառային համար՝ Աբիմելէքի ընտանիքին բոլոր արգանդները գլխովին գոցեր էր։