ԱՌԱԿԱՑ

1 2 3 4 5 6 7 8 9 10 11 12 13 14 15 16 17 18 19 20 21 22 23 24 25 26 27 28 29 30 31


Գլուխ 31

Լեմուէլ թագաւորին խօսքերը, Այսինքն պատգամը, որ անոր մայրը իրեն սորվեցուց.
2 Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որդեակ իմ, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ որովայնիս որդին, Ի՞նչ ըսեմ, ո՛վ իմ ուխտերուս որդին։
3 Քու զօրութիւնդ կիներուն մի՛ տար, Ո՛չ ալ քու ճամբաներդ՝ թագաւորներ բնաջինջ ընողներուն։
4 Ո՛վ Լեմուէլ, թագաւորներուն չի վայլեր, Գինի խմել թագաւորներուն չի վայլեր Եւ օղի խմել իշխաններուն չի վայլեր.
5 Չըլլայ որ խմեն ու օրէնքը մոռնան Եւ տառապեալներէն մէկուն դատը ծռեն։
6 Օղին կորսուելու վրայ եղողին Ու գինին դառնահոգիներուն տուէք,
7 Որպէս զի անոնք խմեն ու իրենց աղքատութիւնը մոռնան Եւ իրենց նեղութիւնը անգամ մըն ալ չյիշեն։
8 Բաց քու բերանդ համր մարդուն համար Ու բոլոր անխնամ մնացածներուն դատին համար։
9 Բաց քու բերանդ եւ արդարութեամբ դատէ Եւ աղքատին ու տնանկին դատը տես։
10 Առաքինի կինը ո՞վ կրնայ գտնել։ Անոր գինը գոհարներէն շատ աւելի է։
11 Անոր էրկանը սիրտը անոր վրայ վստահ է Ու աւարի կարօտ չըլլար։
12 Անիկա իր կեանքին բոլոր օրերուն մէջ Անոր բարիք կը բերէ եւ ո՛չ թէ չարիք։
13 Բուրդ ու քթան կը փնտռէ Եւ ուզածը ձեռքովը կը գործէ։
14 Անիկա վաճառականի նաւերուն կը նմանի։ Իր հացը հեռու տեղէ կը բերէ։
15 Անիկա գիշերով կ’ելլէ ու տանը մարդոցը՝ կերակուր Եւ իր աղախիններուն գործ կու տայ։
16 Արտի մը վրայ կը խորհի ու զանիկա ծախու կ’առնէ։ Իր ձեռքերուն պտուղէն այգի կը տնկէ։
17 Իր մէջքը զօրութեամբ կը պնդէ Ու իր բազուկները կը զօրացնէ։
18 Իր վաստակին աղէկ ըլլալը կը հասկնայ։ Անոր ճրագը գիշերը չի մարիր։
19 Իր ձեռքերը իլիկին կ’երկնցնէ Ու ափովը րոքը կը բռնէ։
20 Ձեռքը աղքատին կը բանայ Ու ձեռքերը կարօտեալներուն կ’երկնցնէ։
21 Իր տանը մարդոցը համար ձիւնէն չի վախնար. Քանզի բոլոր ընտանիքը կրկին հանդերձ հագած են։
22 Իրեն ծածկոցներ կը շինէ։ Իր հանդերձը բեհեզ ու ծիրանի է։
23 Անոր այրը կը ճանչցուի դռներուն մէջ, Երբ երկրին ծերերուն հետ նստի։
24 Կտաւ կը գործէ ու կը ծախէ Եւ վաճառականներուն գօտիներ կու տայ։
25 Զօրութիւն ու փառք կը հագնի Ու վերջին օրերը պիտի ուրախանայ։
26 Իր բերանը իմաստութեամբ կը բանայ Եւ իր լեզուին վրայ քաղցրութեան օրէնք կայ։
27 Իր տանը ճամբաները կը քննէ Եւ ծուլութեան հացը չ’ուտեր։
28 Անոր տղաքը կ’ելլեն ու զանիկա երանելի կ’անուանեն։ Անոր այրն ալ զանիկա կը գովէ, ըսելով.
29 «Շատ աղջիկներ առաքինի եղան, Բայց դուն ամենէն գերազանցը եղար»։
30 Վայելչութիւնը սուտ է ու գեղեցկութիւնը ունայն է, Սակայն Տէրոջմէ վախցող կինը պիտի գովուի։
31 Տուէք անոր իր ձեռքին պտուղէն Ու անոր գործերը դռներու մէջ պիտի գովեն զանիկա։