ԱՌԱԿԱՑ
Գլուխ 8
Իմաստութիւնը կ’աղաղակէ Ու հանճարը կը ձայնակցի քեզի։
2 Անիկա բարձր տեղերու գլուխը Եւ շաւիղներու մէջ կը կենայ։
3 Անիկա դռներուն քով՝ քաղաքներուն բերանը կը կենայ Ու դռներուն մուտքը աղաղակելով՝ կ’ըսէ.
4 «Ո՛վ մարդիկ, ձեզի կը կանչեմ Եւ իմ ձայնս մարդոց որդիներուն է։
5 Ո՛վ տգէտներ, իմաստութիւն սորվեցէք, Ո՛վ անմիտներ, ուշադրութիւն ըրէ՛ք։
6 Լսեցէ՛ք, վասն զի ազնիւ բաներ պիտի խօսիմ Ու իմ շրթունքներս պիտի բանամ ուղիղ բաներ խօսելու համար։
7 Քանզի իմ քիմքս ճշմարտութիւն պիտի խօսի, Իմ շրթունքս ամբարշտութենէ կը զզուի։
8 Բերնիս բոլոր խօսքերը արդարութեամբ են Եւ անոնց մէջ խոտորնակ ու ծուռ բան չկայ։
9 Ամէնքն ալ հասկցողին ուղիղ են Ու գիտութիւն գտնողներուն շիտակ են։
10 Իմ խրատս առէ՛ք եւ ոչ թէ արծաթ։ Ու ընտիր ոսկիէն աւելի գիտութիւնը սիրեցէ՛ք։
11 Վասն զի իմաստութիւնը գոհարներէն աղէկ է Եւ բոլոր ցանկալի բաները չեն կրնար անոր հաւասարիլ։
12 Ես եմ իմաստութիւնը եւ խոհականութեան մէջ կը բնակիմ Եւ խոհեմութեան գիտութիւնը ունիմ։
13 Տէրոջը վախը չարութիւնը ատել կը նշանակէ, Հպարտութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, չար ընթացքը Ու նենգաւոր բերանը կ’ատեմ։
14 Խորհուրդը եւ խոհականութիւնը, Հանճարն ու զօրութիւնը իմս են։
15 Թագաւորները ինծմով կը թագաւորեն Ու նախարարները ինծմով արդարութեան կանոններ կը դնեն։
16 Ինծմով կ’իշխեն իշխանները, Ազնուականներն ու երկրին բոլոր դատաւորները։
17 Ես կը սիրեմ զիս սիրողները։ Զիս կանուխ փնտռողները զիս կը գտնեն։
18 Իմ քովս հարստութիւն ու փառք, Ընտիր ստացուածք եւ արդարութիւն կայ։
19 Իմ պտուղս ոսկիէն ու զուտ ոսկիէն Եւ իմ արդիւնքս ընտիր արծաթէն աղէկ է։
20 Ես արդարութեան ճամբուն մէջ, Իրաւունքի շաւիղներուն մէջ կը քալեմ,
21 Որպէս զի զիս սիրողներուն ստացուածք պարգեւեմ՝ ՝, Անոնց գանձարանը լեցնեմ։
22 Տէրը զիս ստեղծեց իր գործը սկսելու ատեն, Երկիրը ստեղծելէ առաջ, Իր գործին սկիզբը,
23 Դարեր առաջ շինուեցայ։ Սկիզբէն, երկիրը կազմուելէն առաջ։
24 Անդունդները չեղած, Առատ ջուրերուն աղբիւրները չեղած ես ծնած էի։
25 Լեռները չտեղաւորուած, Բլուրներէն առաջ ես ծնած էի։
26 Տակաւին երկիրն ու դաշտերը Եւ աշխարհիս հողերը չստեղծուած,
27 Երբ երկինքները կը պատրաստէր Ու անդունդներուն երեսին վրայ կամար կը ձգէր, ես հոն էի։
28 Երբ վերի ամպերը կ’ուժովցնէր Եւ անդունդներուն աղբիւրները կը հաստատէր,
29 Երբ ծովուն կանոն կը դնէր, Որպէս զի ջուրերը իր հրամանէն դուրս չելլեն Ու երբ երկրի հիմերը կը ձգէր,
30 Այն ատեն ես անոր քով ճարտարապետ էի Եւ ամէն օր անոր զուարճութիւնն էի Ու միշտ անոր առջեւ կ’ուրախանայի։
31 Ես աշխարհի մէջ ու բնակելի երկրի վրայ կ’ուրախանայի Ու իմ զուարճութիւնս մարդոց որդիներուն հետ էր։
32 Եւ հիմա, ո՛վ որդիներ, ինծի՛ մտիկ ըրէք, Վասն զի իմ ճամբաներս պահողները երջանիկ կ’ըլլան։
33 Խրատի մտիկ ըրէք ու իմաստուն եղէ՛ք Ու զանիկա մի՛ մերժէք։
34 Երանի՜ այն մարդուն, որ ինծի մտիկ կ’ընէ, Ամէն օր իմ դռներուս քով կը հսկէ Եւ իմ դրանդիքներս կը դիտէ։
35 Վասն զի զիս գտնողը կեանք կը գտնէ Ու Տէրոջմէ շնորհք կը ստանայ։
36 Բայց ինծի դէմ մեղանչողը իր հոգիին անիրաւութիւն կ’ընէ։ Բոլոր զիս ատողները մահը կը սիրեն։